Որոնել

1660480063004.jpg

Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեանի ցաւակցութիւնները Թաուատրոս Բ Պապին

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայրապետը ցաւակցութիւնները փոխանցեց նաեւ զոհուածներու ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն ու հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը Ղպտի եկեղեցւոյ զաւակներուն համար

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Մինասեան` ափսոսանք յայտնեց Եգիպտոսի մայրաքաղաքի արևմտեան շրջանի մէջ գտնուող Ըմպապա թաղամասի Նահատակ Ապու Սէյֆէյն եկեղեցւոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած զանգուածային հրդեհին ի տես, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր». Լուրը կը կարդանք Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ ուր նաեւ յիշուած է` որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հեռագիրի մը միջոցաւ իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ Պապին` յանուն նաեւ Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսին ու Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայրապետը ցաւակցութիւնները փոխանցեց նաեւ զոհուածներու ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն, հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը Ղպտի եկեղեցւոյ զաւակներուն համար, որպէսզի անոնց պարգեւէ ուժ, համբերութիւն եւ սփոփանք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2022, 20:00