Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատիրարքը, գերապայծառ Գէորգ Եպիս Ասատուրեան եւ  Հռոմի թեմական ատեանի անդամները Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատիրարքը, գերապայծառ Գէորգ Եպիս Ասատուրեան եւ Հռոմի թեմական ատեանի անդամները 

Սկիզբ առին Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեանի սրբադասման դատի վկաներու հարցաքննութիւնները։

Վկաներու հարցաքննութեան որպէս առաջին վայր ընտրուեցաւ Լիբանանը, որովհետեւ հոն կը գտնուի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը եւ ուր եղած է Կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեանի առաքելավայրը։
Ունկնդրէ լուրը

Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացումէն երեք ամիս ետք, 16 յունուար 2023-ին ընթացք առին վկաներու հարցաքննութիւնները, կատարուած Հռոմի թեմական ատեանի անդամներուն կողմէ, որոնց շարքին են Եպիսկոպոսական պատուիրակ՝ Գերապայծառ Ճուզէփփէ Տալոնսօ, դատապաշտպան՝ Հայր Ճորճօ Չուչչի եւ նոտար՝ Տոքթ Մարչելլօ Թեռամանի։

Վկաներու հարցաքննութեան աշխատանքներուն ներկայ գտնուեցաւ սրբադասման դատի պատմական յանձնաժողովի անդամներէն Տոքթ. Ալեսանտրա Սքոթթօ, փաստաթղթային ապացոյցներու որոնումի պաշտօնով։

Լիբանանի մէջ վկաներու հարցաքննութիւնները տեղի ունեցան համագործակցութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերպ. Գէորգ եպիս Ասատուրեանի, Հայր Արամ Աբրահամեանի եւ վկաներու թարգմանիչ՝ Հայր Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի։

Վկաներու հարցաքննութեան որպէս առաջին վայր ընտրուեցաւ Լիբանանը, որովհետեւ հոն կը գտնուի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը եւ ուր եղած է Կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեանի առաքելավայրը։

Յայտնենք, թէ Հռոմի թեմական ատեանի անդամները Լիբանանին մէջ առիթը ունեցան այցելելու զանազան վայրեր, ինչպէս՝ եկեղեցիներ, նորընծայարան, դպրոցներ եւ որբանոցներ՝ հիմնադրուած կարդինալ Աղաճանեանի կողմէ եւ կամ առընչուած անոր անուան հետ։

Կիրակի 22 յունուարին, վկաներու հարցաքննութեան աշխատանքի վերջին օրը աշխատակազմը մասնակցեցաւ Պքերքէի Մարոնիներու Պատրիարքութենէն ներս կայացած համամիութենական աղօթքին, ուր ներկայ էին Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքները։ 

«Կը մատուցուին աղօթքներ եւ կը կատարուի երկխօսութիւն երկրի մը մէջ, որ կ՝արտայայտէ եւ կ՝ընդգծէ համամիութենական ինքնութիւնը, ուր դժուարութիւններով հանդերձ միատեղ կ՝ապրին տարբեր դաւանանքներու պատկանող հաւատացեալներ»։ Նշուած է Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի պատմական յանձնախումբին այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2023, 07:30