Որոնել

2022.01.17 San Movses Khorentasi

ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ (410_490) - ՀԱՂՈՐԴԱՇԱՐ. "Հայ եկեղեցւոյ շարակնոցը հարստացնող հայրերը" (3)

Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններն ու կրօնական դպրութիւնը յունարէնով կը կատարուէր, իսկ արեւելեան Հայաստանի մէջ՝ ասորերէնով: Խուսափելու համար հայ եկեղեցիի ջլատումէն, հարկաւոր էր եկեղեցական-կրօնական արարողութիւնները ըլլային հայերէն լեզուով եւ ոչ օտար լեզուներով, որոնցմէ ժողովուրդը ոչինչ կը հասկնար: (Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան)

Մովսէս Խորենացի
(410_490)

Յունուար 30-ին, լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի անմահներէն՝ Մովսէս Խորենացի, ան քեռորդին էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին եւ փոքր տարիքէն՝ ցուցաբերած մտային եւ լեզուական յատկութիւններով՝ ուշադրութիւնը գրաւեց Մեսրոպին: Ան իր բանաստեղծական վարակիչ շունչով եւ իմացական-իմաստասիրական լայն հորիզոնով կը հանդիսանայ հայոց պատմահայրը եւ հայ ազգային հոգիին գաղափարախօսը:

Ունկնդրէ լուրը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տուաւ հայ ժողովուրդին ազգային եկեղեցի հայացնելով Քրիստոնէական հաւատքը:

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծեց հայոց գիրերը ու յաւերժութեան արժանացուց հայոց մայրենին:

Իսկ Մովսէս Խորենացի հանդիսացաւ հայ ժողովուրդին այն մեծ իմաստունը, որ ազգային պատմութիւն ջամբեց հայոց սերունդներուն՝ սեփական արմատներուն կառչած մնալու, մեր նախնիներու հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեամբ հպարտանալու եւ ժամանակներու փորձութիւնները հայօրէն դիմագրաւելու գաղափարական թեւ ու թռիչք տալով:

Բազմիցս ըսուած է Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» գիտական բնոյթ չունենալու հանգամանքին մասին, բայց պատմագիտականօրէն ամէնէ թերահաւատ ու խստապահանջ հեղինակներն ու քննադատներն անգամ անվարան խոնարհած են Հայոց Պատմահօր նուաճած անփոխարինելի աւանդին առջեւ, որովհետեւ Խորենացին միայն պատմութիւն չգրեց, այլեւ հայոց ազգային ոգին շնչաւորեց՝ զայն իբրեւ զէն ու զրահ կտակելով մեր ժողովուրդին:

Խորենացիին մասին պահպանուած կենսագրական տուեալները ժլատ են: Անոնց մեծ մասը կը պարտինք նոյնինքն Խորենացիին, որ իր «Հայոց Պատմութեան» էջերուն պատահականօրէն ակնարկած է իր կեանքի մանրամասնութեանց:

Հանրագիտական աղբիւրներուն մեծամասնութիւնը համաձայն է, որ Մովսէս Խորենացին ծնած է հինգերորդ դարասկիզբին 410-415 թուականներուն: Նոյնպէս ընդհանուր է այն ենթադրութիւնը, որ Խորենացի ծնած է Տարօն գաւառի Խորնի կամ Խորոն գիւղը: (Կայ նաեւ վարկած մը, ըստ որում Խորենացիի ծննդավայրը Սիւնիքի՝ Հաբանդ գաւառի Խորեա(ն) գիւղն է):

15-16 տարեկանին, մօտաւորապէս 427 թուականին, Խորենացին ուղարկուած է Վաղարշապատ՝ ուսում ստանալու համար: Վաղարշապատի դպրոցին մէջ ան եղած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս. Սահակ Պարթեւի կրտսեր աշակերտներէն մէկը: Ուսանած է 5-6 տարի՝ բացի հայերէնէն սորվելով նաեւ յունարէն եւ ասորերէն:

431 թուականէն ետք, հաւանաբար 434-435ին, ուսուցիչները Խորենացին այլ աշակերտներու հետ ուղարկած են Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը, որ կը նկատուէր այդ ժամանակաշրջանի աշխարհի հոգեմտաւոր կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, որպէսզի հայ ուսանողները իրենց պատրաստութիւնը ամբողջացնեն եւ «իսկական ճեմարանին մէջ կատարելագործուին»:

Աղեքսանդրիոյ մէջ Խորենացի կատարելագործեց ոչ միայն օտար լեզուներու, յատկապէս յունարէնի իր իմացութիւնը, այլեւ հմտացաւ փիլիսոփայութեան, քերթողական արուեստի, երաժշտութեան, ճարտասանութեան, աստուածաբանութեան եւ պատմութեան ճիւղերուն մէջ:

Շուրջ 5-6 տարուան ուսումէն ետք, Խորենացին եւ իր ընկերները հայրենիք վերադարձի ուղին բռնեցին, նաւով դէպի Յունաստան ուղեւորութեան ընթացքին, ծովային սաստիկ քամիները անոնց նաւուն ուղղութիւնը փոխելով նաւը յայտնուեցաւ Իտալիոյ ափերը: Օգտուելով առիթէն հայ երիտասարդ ուսանողները որոշեցին այցելել Հռոմի սրբավայրերը եւ մօտէն ծանօթանալ ատենի քաղաքակրթական այդ կարեւոր կեդրոնատեղիներուն: Այնուհետեւ խումբը շարունակեց իր ճամբան եւ հասաւ Աթէնք, ուր անցուց ամբողջ ձմեռ մը՝ շարունակելով ծանօթացման եւ ուսումնասիրութեան իր շփումները հելլեն մշակոյթին հետ:

Գարնան, վերադարձան Հայաստան: Բայց անոնք Վաղարշապատ հասան Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպի վախճանումէն՝ 440 թուի Փետրուարէն ետք: Այս առթիւ Խորենացի անկեղծ ու խոր յուզմունքով արտայայտած է իր ապրումները՝ գրելով, թէ՝ «Նոյնիսկ չհասայ տեսնելու անոնց աչքերուն փակուիլը, լսելու անոնց վերջին խօսքն ու օրհնութիւնը»: Հայաստան վերադարձին՝ մեծ յուսախաբութիւն կը տիրէ Խորենացիին, մանաւանդ երբ կը տեսնէ երկրին վիճակը. երկար տարիներ կ'ապրի թափառական, թշուառ եւ աղքատ վիճակին մէջ, մինչեւ որ կաթողիկոսական գահին կը բարձրանայ իր դասընկերը՝ Գիւտը, որ զինք կ'ազատէ այս իրավիճակէն եւ 461 թուականին Արշարունեաց շրջանի Բագրեւանդ գաւառի թեմակալ առաջնորդ կը կարգէ, ուր ան կը ծաւալէ մանկավարժական, գրական եւ թարգմանչական բեղուն գործունէութիւն՝ կը յօրինէ Տէրունական տօներու նուիրուած 44 հոգեւոր երգեր, որոնցմէ գեղարուեստականօրէն աւելի արժէքաւոր են՝ Աւետեաց, Ծննդեան կանոնի շարականները եւ յատկապէս՝ Մեծացուսցէները «Ուրախացիր Սրբուհի», «Այսօր Բանն ի Հօրէ», «Անեղանելի Բնութիւն», «Լոյս ի Լուսոյ», «Ուրախ լեր Մարիամ, Ս. Աստուածածին»... Խորենացիի ամենանշանաւոր շարականն է՝ «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի»ն: Ունի Տեառնընդառաջի եւ Վերափոխման տօներու շարականներ: Իսկ 470-ականնու վերջը, իշխան Սահակ Բագրատունիի պատուէրով, ան կը ձեռնարկէ իր «Պատմութիւն Հայոց» մատեանի ստեղծումը, որ կ'աւարտէ 482-ին մինչեւ Սահակ Բագրատունիի մահը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2023, 08:00