Որոնել

Քառասնորդաց, ժայռի վրայ մոմ Քառասնորդաց, ժայռի վրայ մոմ 

«Վերանորոգել Մեր Հաւատքը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Հաւատքը կը սկսի, երբ մենք կը գիտակցինք, թէ որու վրայ հիմնուած է մեր կեանքը: Եթէ Յիսուս Քրիստոսի վրայ հիմնուած մնանք կրնանք ըսել, որ փրկութիւնը մեզ կը սպասէ:

«Ի՛նչպէս վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ. վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար» ( Գործք. 20:20-21):

Քառասնորդաց ընթացքը առիթ մըն է հաւատացեալին համար, որպէսզի ան Աստուծոյ մօտենայ աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ: Մեծ պահոց այս ժամանակաշրջանին, եկեղեցին իր քարոզութիւնը կը կեդրոնացնէ ապաշխարութեան եւ հոգեւոր կեանքի վերանորոգման վրայ:

Հոգեւոր նորոգութիւն կը նշանակէ մեր հաւատքն ու վստահութիւն վերահաստատել Տէր Յիսուս Քրիստոսի վրայ: Հաւատալ, որ Յիսուս Մեսիան է՝ Ճշմարիտ Աստուծոյ Որդին, որ մարմնացաւ, խաչ բարձրացաւ, մեռաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ եւ ապա երկինք համբառցաւ Հօր աջ կողմը նստելու համար: Նման հաւատք մը մեզ կ'առաջնորդէ, որպէսզի առաւել եւս մեր կեանքերը հաստատենք մեր փրկութեան վէմին վրայ, ուրկէ պիտի ստանանք բազմաթիւ շնորհքներ եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու զօրութիւն:

Այս կատարելու համար շատ կարեւոր է մեզի համար խոստովանիլ մեր մեղքերը եւ թողութիւն ստանալով քրիստոնէական նորոգուած կեանք մը ապրիլ:

Պահ մը երեւակայենք, որ կանգնած ենք ժայռի մը վրայ. եւ մեր շուրջ կը պատէ ալեկոծ եւ փոթորկալի ծով մը: Որքան, որ գիտակցինք՝ թէ այն ժայռը որուն վրայ կանգնած ենք ունի խորունկ հիմք մը, այնքան կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեզ շրջապատող ալիքները մեր կեանքը չեն կրնար վտանգել:
Մեր շուրջը գտնուող ալիքներն ու փոթորիկները անպայմանօրէն կը մտահոգեն մեզ: Եւ կրնայ ըլլալ, որ անոնց երկար տեւելը մեզ յուսահատութեան մատնէ: Այս բոլորին մէջ անխախտ իրականութիւնը այն է, որ որքան ատեն որ հաստատ կը մնանք ժայռին վրայ, մենք պիտի ազատուինք:

Այդ ժայռը Տէր Յիսուս Քրիստոս ինքն է: Ան ըսաւ՝ «Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանեցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։ Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։ Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։ Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին եւ զարկին այն տանը ու փլաւ։ Մեծ էր անոր կործանումը» (Մտթ.7:24 27)։

Հաւատքը կը սկսի, երբ մենք կը գիտակցինք, թէ որու վրայ հիմնուած է մեր կեանքը: Եթէ Յիսուս Քրիստոսի վրայ հիմնուած մնանք կրնանք ըսել, որ փրկութիւնը մեզ կը սպասէ:

Հետեւաբար աղօթենք այն մարդուն հետ ՝«Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս» (Մրկ. 9:24):
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2023, 07:00