Որոնել

Sieger--Irgalmas-Atya.jpg

Եկեղեցական Գիտելիքներ Գ. Շաբաթ Քառասնորդաց ( 5_12 Մարտ 2023)

Քրիստոնէութեան Աստուածը հայր է նախ քան արարիչ կամ դատաւոր ըլլալը։ Ան ոչ միայն կը ներէ զղջացող մեղաւորին, այլ նոյնիսկ շատ աւելի մեծ ուրախութիւն ու վարձատրութիւն կը շնորհէ անոր քան իր հետ մնացող արդար մարդոց։
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց երրորդ շաբաթը անառակ որդիի շաբաթն է. Յիսուսի ամէնէն գեղեցիկ առակներէն մին է այս, ուր կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմութեան անհուն ուժգնութիւնը մեղաւոր մարդուս  նկատմամբ։ Նման մտահոգ հօր մը, որ չի հաներ իր սրտին մէջէն իր որդւոյն սէրը, նոյնիսկ երբ ան կը հեռանայ իրմէ եւ անառակութեամբ կը վատնէ իր հարստութեան կէսը, ան միշտ յոյս ունի անոր վերադարձին եւ կը սպասէ անձկագին  որ դառնայ իր կորսուած զաւակը։

Եթէ Աստուած դատապարտէր ամէն շեղում եւ որեւէ յոյս մը չթողուր մեղաւորին, պիտի ըլլար նման միւս ազգերուն պաշտած աստուածներուն, որոնք ծարաւի էին զոհերու եւ չէին յագենար երբեք, երբեմն նոյնիսկ մարդկային զոհեր պահանջելով։

Քրիստոնէութեան Աստուածը հայր է նախ քան արարիչ կամ դատաւոր ըլլալը։ Ան ոչ միայն կը ներէ զղջացող մեղաւորին, այլ նոյնիսկ շատ աւելի մեծ ուրախութիւն ու վարձատրութիւն կը շնորհէ անոր քան իր հետ մնացող արդար մարդոց։

Շաբաթ 11 Մարտին՝  տօնն է Ս. Յովհաննէս Երուսաղէմի հայրապետին, յաջորդը Կիւրեղին։ Ան նշանաւոր եղաւ իր սուրբ կեանքով եւ կրօնական գիտութեամբ։ Բարեկամ էր Յովհան Ոսկեբերանի, որուն հետ կը նամակցէր երբ այս վերջինը աքսորի մէջ էր։ Պայքար մղեց Պեղագեան հերձուածին հէմ. Մեռաւ խաղաղ մահով։

Կիրակի 12 Մարտը՝ Դ. կիրակին քառասնորդաց, «Տնտեսի» կիրակի է։  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2023, 08:53