Որոնել

2021.02.18 Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (18)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Վենետիկի Մխիթարեանց Միաբանութեան վանք այցելութեան:

ԺԸ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Վենետիկի Մխիթարեանց Միաբանութեան վանք այցելութեան:

 

15 Մարտ 1946-ին, Աղաճանեան Ծիրանաւոր Կարդինալը կ'այցելէ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան օրրան Ս. Ղազար վանքը, սփոփելու համար իր այնքան սիրելի Մխիթար Աբբահօր զաւակները և անոնց յարկին ներքեւ ապաստանած՝ հարիւրաւոր գաղթական հայորդիները: Մինչեւ այդ, 1937-ին, Աղաճանեան Կաթողիկոսական գահը հազիւ բարձրացած՝ իր առաջին նախաձեռնութիւններէն մէկը կ'ըլլայ պաշտօնական աղերսագիր մը ուղարկել առ Հռոմի Ս. Աթոռը, յանուն Պատրիարքութեան բոլոր եպիսկոպոսներուն, Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադիր՝ Մխիթար Աբբահօր երանացման ի խնդիր: Այս այցելութեան ընթացքին՝ ճեմարանիս նախագահ՝ Հ. Սրապիոն Վրդ. Ուլուհոճեանի և Հ. Կարապետ Վրդ. Ամատունիի նախաձեռնութեամբ՝ Հոգեւոր Տիրոջ Պատուոյ նախագահի տիտղոս կ'ընծայուի Ս. Ղազարու Մխիթարեանց կաճառին: Անտարակոյս, երկդարեան Միաբանութեան կողմէ այս արարքը յարգանքի և սիրոյ տուրք մըն էր Աղաճանեան Կարդինալին: Դիտելու է որ Կարդինալը խորապէս յուզուած այս անակնկալ պարգեւատրումէն՝ ներկաներուն հետեւեալ սրտի խօսքը կ'ուղղէ. «Այս մեծ դէպքերուն մէջ՝ ինքզինքս զգացած եմ Քրիստոսի Եկեղեցւոյն և իմ ազգիս սիրալիր և հաւատարիմ զաւակը: Աստուած խոնարհները, տկարները կ'ընտրէ, իբրեւ այդ պատրաստ եմ զոհաբերումի՝ որուն խորհրդանշանն է ծիրանին զոր կը կրեմ: Յանձն առած եմ նոյնիսկ արեանս հեղումը և ատկէ առաջ առօրեայ նեղութիւնները՝ որոնք յաճախ անարիւն մարտիրոսութիւններ են: Ամէնքն ալ յանձն առած եմ և իմ ազգիս ակնկալութիւններուն միշտ պատրաստ եմ: Խոնարհ անձս կը զօրանայ Աստուծմով և կը մխիթարուի թանկագին անձերու օժանդակութեամբ մեր մօտը և հեռուն. ունիմ ընտիր աջակիցներ, Պատրիարքական և Թեմական կղերը, մեր Միաբանութիւնները, յատկապէս Ս. Ղազարի Մխիթարեան Միաբանութիւնը, որ պանծացուց հայ ազգը աշխարհի դիմաց, որ միշտ պատրաստ է մեր ակնարկին՝ իրագործելու Մեծն Մխիթարի միութեան կտակը: Առաւել, կար ժամանակ՝ որ քրիստոնէական մատեանները միայն Մխիթարեան յարկէն կ'ելլէին լուսաւորելու համար բովանդակ հայութիւնը»: Իր խօսքի աւարտին կ'ըսէ. «Գերապայծառ Աբբահայր, ինչպէս միշտ մանաւանդ այժմ մեծ սիրով, մեծ ուրախութեամբ կը զեղու սիրտս Մխիթարեանց յարկին ներքեւ: Շնորհակալ եմ Ս. Ղազարի կաճառին Պատուոյ Նախագահութեան համար՝ զոր ինծի ընծայեցիք: Սրտիս ամենաջերմ մաղթանքն է որ Մխիթար օր մը խորաններու վրայ բարձրանայ և անոր զաւակները կարենան իրականացնել Հիմնադրին մեծ գաղափարականը, միշտ յարած Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ և Ազգին» (Աւետիք, 1946, էջ 60-61): Անմահ է Մեծն Մխիթար հաւասարապէս Ս. Եկեղեցւոյ և Ազգին տարեգիրքերուն մէջ. անմահ է ան իր զաւակներուն գործունէութեան մէջ, որ հնազանդ իրենց հօր և հիմնադրի կտակին՝ կը շարունակեն մեծ գործը զարթօնքի և տոհմային մշակոյթին: Օրհնեալ է անոր յիշատակը: Սիրով կը ձայնակցիմ Գերապայծառ Աբբահօր՝ թէ ամէնուս բաղձանքն է, մաղթանքն է՝ որ օր մը ոչ թէ գերեզմանին մէջ, այլ խորաններու վրայ բարձրացած տեսնենք Մխիթար Աբբահայրը, և անոր խորանին առջեւ կարենանք պատարագել. կը մաղթեմ որ ես ալ տեսնեմ... յիշենք այսօրուան Աւետարանին խօսքը. «Նա էր ճրագն որ լուցեալ էր և ծագէր» (Յովհ. Ե, 35): Մխիթար Աբբահայր Սուրբ Աստուածամօր «Եղիցի»ով լուցուած՝ վառուած ճրագն էր, կը ծագէր, պիտի շարունակէ ճառագայթել ձեր միջոցաւ, մեր միջոցաւ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2023, 08:11