Որոնել

targa.jpg

Զմմառու մէջ Աստուածամօր Անարատ սուրբ Սրտին Նուիրագործումին 70 ամեակը

Աստուածամօր Անարատ Սրտի նուիրման պատմական օրը յետագային նուիրականացաւ Յուշավէմով մը, զոր կանգուն է ցայսօր վանքի մուտքին, հայցելով Տիրամօր հզօր պաշտպանութիւնը մեր կղերին և ժողովուրդին և համօրէն Ազգիս Հայոց:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 31 Մայիս 1953 թուականը կը զուգադիպէր Զմմառու վանքի ուխտագնացութեան օրուան:

Այս տարի 70-ամեակն է պատմական այդ դէպքին:

Ծիրանաւոր Աղաճանեան Կաթողիկոս Կարդինալը, Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան և Մխիթարեան Ուխտի Հայրերը, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը, Զմմառու վանքի ընծայարանի սաները, ինչպէս նաեւ Պէյրութէն և շրջակայ գիւղերէն ուխտաւոր հաւատացեալներ 70 տարիներ առաջ, Կիրակի 31 Մայիս 1953-ին, կը ժամանեն Զմմառու վանք:

Արարողութիւնը կը սկսի թափօրով՝ Զմմառու վանքի մուտքէն, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հ. Կ. Սկաուտները և շեփորախումբը:

Զմմառու վանքի Ուխտի օրուան Սուրբ և Անմահ Պատարագը կը մատուցանէ Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը մեծ շուքով, իսկ Պատարագի երգեցողութիւնը կը կատարէ Հ. Կ. Պատրիարքարանի Կիլիկիա երգչախումբը:

Ս. Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Հոգեւոր Տէրը իր հայրական պատգամը կը փոխանցէ ներկաներուն, որուն հիմնական մասերը կը մէջբերենք. «Այսօր, Զմմառու վանքին մէջ, յիշատակելի օր մը կ'ապրի մեր հասարակութիւնը:

Հաւաքուած են մեր Նուիրապետութեան վիճակաւորները, մեր Միաբանութեանց Աբբահայրերը, մերձաւոր և հեռաւոր առաքելութեանց Մեծաւորները. Հաւաքուած էք և դուք՝ հաւատացեալներդ, նուիրման համար՝ մեր հասարակութեան, և անոր ընդմէջէն՝ ամբողջ Ազգին, Ս. Աստուածամօր Անարատ Սրտին:

Դարերը հռչակեցին Ս. Աստուածամօր սիրտը՝ խորհրդանիշ, յայտարար, և սրբարա՛ն մարդկային զգացումներուն և սիրոյն:

Սէր մը՝ անսահմա՛ն, աննմա՛ն:

Այսօր, Տիրամօր Անարատ Սրտին կը նուիրենք մեր հասարակութիւնը և մեր Ազգը:

Արդարեւ, մեր վերանորոգ Պատրիարքութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ՝ դրուած է Ս. Աստուածամօր հովանիին ներքեւ:

Մեր զոյգ Մխիթարեան Միաբանութիւններուն անդամները եւս որդեգիր զաւակներն են Ս. Կոյսին՝ Մխիթար Աբբահօր կտակով:

Անարատ Յղութեան Քոյրերու Միաբանութիւնը իր կարգին նուիրուած է Աստուածամօր Անարատ Սրտին:

Մեր Նուիրապետութիւնը, մեր ամբողջ հասարակութիւնը, ուրեմն, շո՛ղ մըն է Աստուածամօր Անարատ Սրտէն բխած:

Առաջին համաշխարհային Պատերազմի վաղորդայնին, Աստուածամայրը Ֆաթիմայի մէջ ի Փորթուկալ, երեւնալով երեք անմեղունակ հոգիներու (հովիւներու), անոնց միջոցով յանձնարարեց որ մարդիկ ջերմեռանդութիւն տածեն իր Անարատ Սրտին հանդէպ:

Այդ ջերմեռանդութիւնը ցոյց տրուեցաւ մեծ նախանձախնդրութեամբ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ. Համայն Կաթողիկէ համայնքները ընծայելով Աստուածամօր Անարատ Սրտին:

Այսօր, մենք եւս ընծայելով մեր համայնքը Աստուածամօր Անարատ Սուրբ Սրտին՝ այդ ջերմեռանդութեան մասնակից կ'ըլլանք:

Ֆաթիմայի Տիրամայրը կը մատնանշէր մեծ երկիր մը, Ռուսիան՝ Խորհրդային միութիւնը, ուր կը խմորուէր վարդապետութիւն մը կրօնամերժ. Ան կը պահանջէր որ իր Անարատ Սրտին նուիրուի նաեւ ա՛յդ երկիրը, որուն դարձով - հետեւաբար Տիրամօր Սրտին յաղթանակով- պիտի փրկուի խաղաղութիւնը:

Տարիներ անց, 1991-ին, Խորհրդային միութիւնը կը փլուզուի:

Ֆաթիմայի երեւումներու 25-ամեակին, 31 Հոկտեմբեր 1942-ին, Պիոս ԺԲ. Հռոմի խաղաղասէր Սրբազան Քահանայապետը (1938-1958), Տիրամօր խնդրանքին ընդառաջելով՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն տառապած աշխարհը նուիրեց Մարիամի Անարատ Սրտին:

Նոյն Քահանայապետը՝ 7 Յուլիս 1952-ին, Աստուածամօր Անարատ Սրտին նուիրեց ամբողջ Ռուսաստանը. այդ նուիրման մասնակի՛ց եղանք նաեւ մենք, քանի որ քաղաքական տեսակէտով Հայաստանը կցուած է Ռուսիոյ:

Տա՜յր Աստուած որ այս նուիրումը զոր կը կատարենք այստեղ, ունենալով մեր սրտին մէջ մեր բովանդակ Ազգը, կատարէինք օր մը, Հայրենիքին մէջ: Մինչ այդ՝ ջանանք ունենալ կեանք մը արժանաւոր և Աստուածահաճոյ»:

Կիրակի 31 Մայիս 1953-ին, Զմմառու վանքին մէջ Աղաճանեան Կարդինալ Կաթողիոսին Աստուածամօր Սուրբ Սրտին հայ ազգին նուիրագործումը՝ պատմական նշանակութիւն ունեցաւ:

Աստուածամօր Անարատ Սրտի նուիրման պատմական օրը յետագային  նուիրականացաւ Յուշավէմով մը, զոր կանգուն է ցայսօր վանքի մուտքին, հայցելով Տիրամօր հզօր պաշտպանութիւնը մեր կղերին և ժողովուրդին և համօրէն Ազգիս Հայոց:

70 տարիներէ ի վեր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութիւնը ամէն տարի հաւատարմօրէն կը տօնախմբէ Երէց Կարդինալին թողած աւանդը:

Կարդինալի Աղաճանեանի կողմէ Հ. Կ. Նուիրապետութեան և հասարակութեան  Աստուածամօր սուրբ Սրտին նուիրումէն 70 տարիներ ետք, 28 Մայիս 2023-ին, Զմմառու վանքի Ուխտի օրը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս 21 Կաթողիկոս Պատրիարքը, Սուրբ և Անմահ Պատարագի ընթացքին, հայրապետական պատգամի պահուն՝ նորոգեց  հայազգի մեծ Կարդինալին կատարած ուխտը:

Այս դժուարին օրերուն կրկին անգամ յանձնելով Հ. Կ. Նուիրապետութիւնը և համայն հայութիւնը ի Հայաստան, յԱրցախ և ի Սփիւռս Տիրամօր Սուրբ Սրտի հովանաւորութեան և պաշտպանութեան:

Տիրամօր Անարատ Սրտի նուիրագործման 70-ամեակի յիշատակութեան առթիւ՝ աղօթենք առ Ամենաբարի՛ն Աստուած, որ Տիրամօր բարեխօսութեամբ օրհնէ՛ հայ ժողովուրդը և բոլոր քրիստոնէութիւնը. հեռու պահէ՛ ամէն տեսակ փորձութենէ և դժուարութիւններէ, և աշխարհիս խաղաղութիւն պարգեւէ:

Ս. Կոյս Մարիամի հովանին յաւերժ ներկայ ըլլայ մեր ժողովուդին և բոլորին վրայ, մանաւան՛դ այս օրերուն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2023, 08:00