Որոնել

2023.05.16 Il Patriarca Minassian Benedice il nuovo altare della cappella della Scuola Hripsimiants

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 100 տարեկան

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը օծումը կատարեց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի նոր մատուռի խորանին
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Կիրակի, 14 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը օծումը կատարեց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի նոր մատուռի խորանին, եւ հանդիսապետեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ վարժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

Յետ-արարողութեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց շնորհաւորութիւնները եւ այս առթիւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 100 տարեկան
Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 100 տարեկան

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, երկրորդական երկսեռ ուսումնական հաստատութիւն հիմնուած է 1922-ին՝ Անարատ Յղութեան Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Միաբանութեան կողմէ Կոստանդնուպոլսէն Պէյրութ գործուղուած Թէոպիսաէ Ալեքսանեանի, Էլիզ Պոյաճեանի, Բեաարիս Թաշճեանի, Ալեքսանդրա Հեպոյեանի եւ Ագաթա Փարթամեանի ջանքերով։

Սկիզբը եղած է բացառապէս աղջիկներու նախակրթարան։ Առաջին տարեշրջանին ունեցած է 64 աշակերտուհի։ 1929-ին հաստատուած է Պէյրութի Խանտակ ալ Ղամիկ թաղամասին մէջ, 1963-ին տեղափոխուած է Ճիւնի։ Աստիճանաբար աւելացուած են միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները։ 1975-ին հաստատուած է Պէյրութի արուարձաններէն՝ Ֆանարի շրջանին մէջ օժտուելով նորակառոյց, սեփական շէնքով։ 1980-ական թուականներու կէսերուն դարձած է երկսեռ վարժարան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2023, 07:16