Որոնել

2023.05.03 Il Patriarca Minassian celebra la messa nella chiesa armena di Corfu con mons Bezezian

Յունական Գորֆու կղզիի Ս. Յակոբ եւ Ս. Քրիստոփորոս աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագ

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան՝ Լատին Եկեղեցւոյ Էլթոպաս առաջնորդը, Գորֆու կղզիի թեմի ներկայացուցիչ՝ Վասիլիտաս, Կղզիի փոխ-նահանգապետ՝ Գալուկարօս, Կղզիի քաղաքապետ՝ Մատալինոս, միաբան քոյրերու եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:
Ս. Յակոբ եւ Ս. Քրիստոփորոս աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Յոբելենական սուրբ պատարագ
Ս. Յակոբ եւ Ս. Քրիստոփորոս աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Յոբելենական սուրբ պատարագ

Յունաստան կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ուղղուեցաւ դէպի Յունաստանի Գորֆու պատմական կղզին, ուր ցեղասպանութենէն վերապրող հայեր ապաստանած էին: Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հարիւրամեակին առիթով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախագահեց յոբելենական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը Լատին Եկեղեցւոյ «Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Քրիստոփորոս» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

Ս. Յակոբ եւ Ս. Քրիստոփորոս աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Յոբելենական սուրբ պատարագ
Ս. Յակոբ եւ Ս. Քրիստոփորոս աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Յոբելենական սուրբ պատարագ

Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ՝ Գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզեզեան եւ խումբ մը քահանաներ: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան՝ Լատին Եկեղեցւոյ Էլթոպաս առաջնորդը, Գորֆու կղզիի թեմի ներկայացուցիչ՝ Վասիլիտաս, Կղզիի փոխ-նահանգապետ՝ Գալուկարօս, Կղզիի քաղաքապետ՝ Մատալինոս, միաբան քոյրերու եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Ս. Յակոբ եւ Ս. Քրիստոփորոս աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Յոբելենական սուրբ պատարագ
Ս. Յակոբ եւ Ս. Քրիստոփորոս աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Յոբելենական սուրբ պատարագ

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, Գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզեզեան ելոյթ մը ունեցաւ, որուն մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Երջանկայիշատակ Կիւրեղ Եպս. Զոհրապեանի ընդհանուր կենսագրականին՝ անոր Յունաստան ժամանումին եւ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 13:23