Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Աթէնքի մէջ բացումը կատարեց Մայիսեան ջերմեռանդական ամսուան

Սուրբ արարողութենէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բացումը կատարեց «Զոհրապեան» նոր սրահին, աղօթքներ եւ շարականներ բարձրացնելով առ ամենակալ Աստուած:
Ունկնդրէ լուրը

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը բացումը կատարեց Մայիսեան Ջերմեռանդական ամսուան, Աթէնքի Գոգինիոյ «Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի» եկեղեցւոյ մէջ, որ 1925-էն ի վեր՝ առաջին հայ կաթողիկէ եկեղեցին է, նուիրուած Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզային:  

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Աթէնքի մէջ բացումը կատարեց Մայիսեան ջերմեռանդական ամսուան
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Աթէնքի մէջ բացումը կատարեց Մայիսեան ջերմեռանդական ամսուան

Ջերմեռանդութեան աղօթքին Հոգեւոր Տիրոջ հետ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Յունաստանի մօտ Առաքելական Նուիրակ՝ Ժան Ռոմէօ Փաուլոսքի առաջնորդը, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ՝ Գերապայծառ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզեզեան եւ խումբ մը քահանաներ ու բազմաթիւ հաւատացեալներ:

Աղօթքը մեկնարկեց՝ Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան լայնօրէն անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան պատմութեան, որ տեղի ունեցաւ այն տարին երբ Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի սրբադասումը, նշելով որ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր սրբանկար ունի իր գեղագիտական ու հոգեւոր պատմութիւնը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ եկեղեցին ենթարկուած է վերանորոգման զանազան աշխատանքներու, ի ծառայութիւն հաւատացեալ ժողովուրդին:  

Այնուհետեւ, Տիրամօր նուիրուած  ջերմեռանդական յատուկ աղօթքներ ու ընթերցումներ կատարուեցան: 

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Աթէնքի մէջ բացումը կատարեց Մայիսեան ջերմեռանդական ամսուան
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Աթէնքի մէջ բացումը կատարեց Մայիսեան ջերմեռանդական ամսուան

Աղօթքի աւարտին, Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը խորանին վրայ զետեղեց Սրբուհի Թերեզայի ծնողքի մասունքները, որոնք յատուկ կերպով նուիրուած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ: Ապա ողջոյնի խօսք մը ուղղեց մարեմասէր հաւատացեալ ժողովուրդին, խնդրելով որ Տիրամայրը մեզ շնորհէ ներքին խաղաղութիւն մը, որպէսզի վերանորոգուինք: Հոգեւոր Տէրը նաեւ գովաբանեց Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի կեանքն ու ուղին, որպէս առաքելագործ միսիոնարներու պահպանող սուրբը, կոչ ուղղելով իւրաքանչիւրին՝ առաքեալ մը դառնալու իր կեանքին մէջ եւ Սուրբ Աւետարանը քարոզելու: 

Սուրբ արարողութենէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բացումը կատարեց «Զոհրապեան» նոր սրահին, աղօթքներ եւ շարականներ բարձրացնելով առ ամենակալ Աստուած:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 09:00