Որոնել

2023.05.02 Atene: Patriarca Minassian visita chiese cattoliche Latina e Bizantina

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Աթէնքի մէջ այցելեց Լատին եւ Բիւզանդական կաթողիկէ Եկեղեցիներուն առաջնորդներուն շեշտելով սիրոյ եւ եղբայրութեան յարաբերութեանց անհրաժեշտութիւնը

Հոգեւոր Տիրոջ ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ եւ խումբ մը քահանաներ, որոնց ընդունելութեան եկած էին Յունաստանի Լատին առաջնորդ՝ Թէոտոր Քոնտիզի եւ հոգեւոր հայրեր:

Յունաստան կատարած իր պատմական այցելութեան ծիրէն ներս, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց նաեւ «Սուրբ Տիոնիսիոս» աթոռանիստ եկեղեցին, որ շատ կարեւոր ուխտատեղի մը կը համարուի, որովհետեւ այնտեղ աղօթած է Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիմնադիր՝ Զօհրապեան առաջնորդը:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Աթէնքի մէջ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Աթէնքի մէջ

Հոգեւոր Տիրոջ ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ եւ խումբ մը քահանաներ, որոնց ընդունելութեան եկած էին Յունաստանի Լատին առաջնորդ՝ Թէոտոր Քոնտիզի եւ հոգեւոր հայրեր:

Ընդունելութենէն ետք, բոլորը ուղղուեցան դէպի աթոռանիստ եկեղեցւոյ խորանը, ուր աղօթք բարձրացուցին երկու Եկեղեցիներու դիտաւորութեան համար: Ապա երկու կողմերը զրոյց մը ունեցան ու շեշտեցին երկու Եկեղեցիներու միջեւ փոխյարաբերութեանց կարեւորութեան վրայ: Այս առիթով, Լատին առաջնորդը բարձր գնահատեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը Յունաստանի մէջ եւ անոր գործօն դերակատարութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Աթէնքի մէջ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Աթէնքի մէջ

Այս շրջագիծին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Աթէնքի Բիւզանդական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդին՝ Մանուէլ Նին, որ անոնց ընդունեց «Սուրբ Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ մուտքին:

Ընդունելութեան յաջորդեց շնորհակալական աղօթք մը երկու Եկեղեցիներու դիտաւորութեան համար: Երկու կողմերը իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին երկու Եկեղեցիներուն միջեւ սիրոյ ու եղբայրական յարաբերութեանց կարեւորութեան վրայ: Այս առիթով տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Աւարտին, անոնք շրջագայեցան եկեղեցւոյ բոլոր կողմերը, մօտէն ծանօթանալու համար անոր պատմութեան ու հնամենի առանձնայատկութիւններուն:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2023, 15:48