Որոնել

Կարդինալ Աղաճանեանի Քեսապ այցելութիւնը Կարդինալ Աղաճանեանի Քեսապ այցելութիւնը 

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (24)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի միջամտութեամբ՝ Քեսապ գիւղի միացման Սուրիոյ հանրապետութեան:

ԻԴ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի միջամտութեամբ՝ Քեսապ գիւղի միացման Սուրիոյ հանրապետութեան:

Աղաճանեանի գահակալութեան առաջին տարիներուն՝ Քեսապը մաս կը կազմէր Աղեքսանդրիոյ Սանճագ նահանգին: 1936-էն ի վեր Սանճագի կցումը Թուրքիոյ՝ դամոկլեան սուրի նման կանգուն կը մնար Արաբ ժողովուրդին, շրջանի քրիստոնեաներուն, և մանաւանդ շրջանի հայերուն վրայ: 1939-ի Յունիսին, Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի հանրապետութեան միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ'ունենան, որուն իբր հետեւանք՝ տխրահռչակ համաձայնութիւն մը կը կնքուի երկու երկիրներուն միջեւ, որով Սանճագը Թուրքիոյ կը կցուէր: Ֆրանսան կ'ակնկալէր որ այս ձեւով կրնայ սիրաշահիլ Թուրքիան եւ անոր բարեկամութիւնը ապահովել նացիական Գերմանիոյ դէմ, որովհետեւ Եւրոպային կը սպառնար համաշխարհային երկրորդ պատերազմը: Առ այս՝ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը մեծ մտահոգութիւն կը ստեղծէր ազգանուէր Աղաճանեան Հայրապետին մօտ: 

Այդ օրերուն՝ Սուրիոյ և Լիբանանի Առաքելական Նուիրակ՝ Գերպ. Րեմի Լը Փրէթրը և Աղաճանեան Հայրապետ յուշագիր մը կը գրեն Հռոմի Պիոս ԺԲ. Սրբազան Քահանայապետին, խնդրելով անոր միջամտութիւնը Ֆրանսական իշխանութեան մօտ այս առնչութեամբ: Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին՝ Ֆրանսայի առաքելական նուիրակին միջոցաւ կը հասցնէ խնդրանքը Ֆրանսական պետութեան. որու իբրեւ հետեւանք, 1939-ի Յունիսին, երբ Ֆրանսայի և Թուրքիոյ միջեւ պաշտօնական կերպով համաձայնագիր կը ստորագրուի, Քեսապի շրջանը կ'անջատուի Սանճագէն ու կը կցուի Սուրիոյ Լաթաքիոյ նահանգին. Այս ձեւով յաջողութեամբ կը պսակուի Աղաճանեանի պահանջքը:

Արդարեւ, Քեսապի փրկութիւնը արգասիքն է Աղաճանեան Կաթողիկոսի խոհեմ քաղաքականութեան. որ շնորհիւ իր վայելած վարկին և յարգանքին, և մանաւանդ իր կորովի կեցուածքին՝ յաջողութեամբ կը պսակէ իր վեհ առաջադրանքը. «Փրկել Քեսապահայութիւնը տեղահանութեան ու չարչարանքի ճանապարհէն»: Հոգեւոր Տէրը այս դէպքերը կը յիշէ իր 1947-ի կոնդակին մէջ հետեւեալ ձեւով. «Սրբազան քահանայապետին, ազդու միջամտութեամբ որուն պատճառ եղան Սուրիոյ եւ Լիբանանի Առաքելական Նուիրակութիւնն ու Պատրիարքարանս, խնայեց Քեսապի հայաբնակ եւ սիրելի շրջանին՝ գաղթականութեան աղէտը: Քեսապ շարունակեց կապուած մնալ Սուրիոյ հանրապետութեան»: Քեսապահայութիւնը երբե՛ք չեն մոռնար իրենց սիրելի Հայրապետին դերակատարութիւնը իրենց չքնաղ աւանի ազատագրման ի խնդիր, և վառ կը պահեն զայն իրենց մտքերուն եւ սրտերուն մէջ: Եւ իսկոյն, 1947-ին, իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու պարտաւորութիւնը զգալով՝ իրենց յարգանքն ու սէրը յայտնելու Աղաճանեան Հոգեւոր Տիրոջ և այդ մէկը կ'ատայայտեն որդիական այցելութիւն մը տալով Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին: Կարդինալը մեծ ուրախութեամբ ընդունելէ եւ լսելէ ետք Քեսապահայութեան պատուիրակութիւնը, կը խոստանայ անձամբ այցելել Քեսապը՝ իբր գրաւական իր հայրական սիրոյ եւ գուրգուրանքին:

Յիրաւի՝ 1948-ի Օգոստոսին, Աղաճանեան Կարդինալը հովուապետական հինգօրեայ այցելութիւն մը  կու տայ Քեսապ, ուր կ'ընդունուի մեծ խանդավառութեամբ համայն քեսապահայութեան և շրջանի ժողովուրդին կողմէ, իբր մեծ բարերար իրենց պապենական Կիլիկիան հողին: Տարիներ անց, 1955 թուին, Սուրիոյ կառավարութիւնը իր կարգին երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աղաճանեան Կաթողիկոսին՝ անոր մատուցած անմոռանալի ծառայութեան համար. իսկ Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ՝ Շուքրի Ալ Գուաթլիի զայն անձամբ կը պատուէ Սուրիոյ հանրապետութեան Արժանեաց բարձրագոյն Շքանշանով: Այս իրագործումը Աղաճանեանի միջազգային հեղինակութեան արդիւնքն էր, որուն կը վկայէր նոյնինքն պատմութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2023, 07:20