Որոնել

UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR

Ուքրանիա. Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը կ՛որոնէ միջնորդութեան ճանապարհ

ԵՀԽ գլխաւոր քարտուղարը մայիսի 17ին, 24-ժամուայ այցով մեկնած է Մոսկուա։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ի՞նչ եկեղեցական ու համամիութենական միջնորդութիւն կարելի է իրագործել Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար»  հարցումը եղաւ նաեւ  Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ուղղած հարցումը, որու հիման վրայ Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` Վերապատուելի Ժերրի Փիլլայը մեկնած է Մոսկուա, ուր հաւանականօրէն հանդիպում պիտի ունենայ Մոսկուայի ու Համայն Ռուսաստանի Պատրիարք Քիրիլին հետ։  

Մինչ անցեալ օրերուն` 10էն 13 մայիս ԵՀԽ պատուիրակութիւն մը այցելեց Ուքրանիան, հանդիպելով տեղական եկեղեցական  պատասխանատուներուն ու կառավարութեան պաշտօնատարներուն հետ, որոնց շարքին Մշակոյթի նախարար Օլեքսանտր Թքաշենքոն։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` կենտրոնական կոմիտէի վարիչ, գերմանացի աւետարանական լութերական եպիսկոպոս` Հենրիխ Պետֆորտ Սթրոհմը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի փոխ նախագահ` Վիգէն Այւազեան արքեպիսկոպոսը։ 

ԵՀԽ անդամներուն Ուքրանիա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Պուչայի մէջ տեղի ունեցաւ համամիութենական աղօթք։ 

«ԵՀԽ փորձ կը կատարէ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ եկեղեցիները իրար մօտեցնելու ու զանոնք համախմբելու կլոր սեղանի մը շուրջ», հաստատեց Գերապայծառ  Պետֆորտ Սթրոհմը Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, աւելցնելով, որ «իրեն համար քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը գայթակղութիւն է»։

Այս առնչութեամբ ԵՀԽ տեղեակ պահած է նաեւ Վատիկանը եւ անցեալ 23 Մարտին պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տալով Քահանայապետին անոր փոխանցած է  համամիութենական կլոր սեղանի ձեռնարկին լուրը։ 

«Վատիկանը ունի իր խողովակները, մենք ունինք մերինները։ Միասին կը քալենք դէպի նոյն նպատակ, տարբեր ուղիներով։ Քրիստոնեայ Եկեղեցիները պէտք է անկարելին ընեն դարմանելու համար այս վէրքերը» հաստատեց Գերապայծառ  Պետֆորտ Սթրոհմը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2023, 08:45