Կարդինալ Ծուփփի «Ընթանալ Յարուցեալին հետ եւ աշխարհի հետ երկխօսութեան մէջ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 25 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփի, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի 77-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ։
Պոլոնիա թեմի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Ծուփփի,Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ներշնչուելով Էմմաւուսի առաքեալներէն յայտնեց, որ բոլորս մեր մէջ կը կրենք այդ յուսալքուած ուխտաւորներուն տխրութիւնը սակայն Տէրը միշտ կ՝ապահովուէ իր մօտիկութիւնը ու կը շնորհէ իր Հոգին որպէսզի կեանքը չփակուի էմմաւուսի աշակերտներուն միջակ հորիզոններուն մէջ ։
Կարդինալ Ծուփփի նշեց, որ նման Էմմաւուսի երկու առաքեալներուն, իրենք եւս՝ Իտալացի եպիսկոպոսները կը հանդիպին Սուրբ Պետրոսին հետ, որ կը հաստատէ իրենց հաւատքին մէջ։
Յիշեց նաեւ Սուրբ Պօղոսի վկայութիւնները, բանտարկութիւնը, Հռոմէացիներու իշխանութիւններուն դատաստանն ու ստացած մեղադրանքները, նշելով որ Սուրբ Պօղոս յառաջ գնաց իր բերնին մէջ հնչեցնելով քաջութիւն բառը որ Տիրոջ բառն էր Աստուծոյ քնքշութիւն ու Անոր ընկերակցութիւնը, խնամքը իւրաքանչիւր հաւատացեալին, ինչպէս նաեւ բոլոր ընկճուածներուն եւ յոգնածներուն» ըսաւ Կարդինալ Ծուփփի։
.
Սինոդական ուղին
Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը յանձնարարեց ընթանալ սինոդական ուղեւորութեան վրայ Յարուցեալին հետ ու աշխարհի հետ երկխօսութեան մէջ, դիտել տալով որ չկայ հաղորդութիւն առանց Սուրբ Հոգիին ներգործութեան եւ ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգիին կողմէ առաջնորդուելու հեզութեամբ եւ ոչ թէ մանր շահերէ։
Քաջութիւն եւ միութիւն
Կարդինալ Ծուփփի քարոզը աւարտեց քաջալերելով հետեւիլ երկու ուղիներուն քաջութեան եւ միութեան, նկատել տալով որ միութիւնը սրբութիւն է եւ միշտ կապուած է խաղաղութեան, քանի որ պատերազմը կը սկսի երբ բաժանումը կ՝ընդունուի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ