Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կաթողիկոսի պատասխան նամակը անպատկառ լիրբ հոգեւորականին

Հաղորդաշար (31) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Երեք նամակ հասած է մեզի Ս. Ներսէս Կաթողիկոսի գրիչէն՝ որպէս պատասխան լիրբ անձնաւորութեան մը շատ կծու ամբաստանութիւններուն՝ որ լրբօրէն եւ առանց պատկառելու յանդգնաբար կը պարսաւէր սրբակենցաղ Հայրապետը: Այս ապիկարի անունը, ո՛վ ըլլալը եւ իր կրքոտ արտայայտութիւններու դրդապատճառը տակաւին կ՚անգիտանանք:

Մեր ձեռքը հասած պատմական տուեալները շատ քիչ են բացայայտելու համար այդ անձի ինքնութիւնը առ այսօր, սակայն սուրբ Ներսէս Շնորհալիի պատասխան նամակներու տուեալներուն վրայ հիմնուելով, կրնանք որոշ վարկածներ առաջարկել:

Ըմբոստ անձնաւորութեան տէր անձ մըն է խնդրոյ առարկան, որ կաթողիկոսական ատեանի առջեւ կանչուած է եւ վերադարձին նամակագրութեամբ շարունակած է իր մաղձը թափել համբերատար Հովուապետի հասցէին:

Առաջին նամակին մէջ Շնորհալի մէկիկ մէկիկ կը մէջբերէ ամբաստանութիւնները եւ կ՚ըմբերանէ ճշգրիտ, կուռ եւ հետեւողական պատճառաբանութեամբ:

«Գրած ես թէ կը սարսափիս կեղծաւորութենէն եւ անհաւատութենէն. իրաւունք կու տամ քեզի, որովեհետեւ տէրունական հրաման է:... Գրած ես՝ թէ քեզի համար եկայ եւ ոչ թէ այս անապատիս հրահանգին վրայ... Թէ ինծի համար եկած ըլլաս՝ ես ըսի երբ հոս էիր. իսկ, հպարտութենէ մղուած, անապատիս հրահանգը՝ բացայայտ ստիպողական պահանջ չես նկատեր՝ որուն ես ալ կը վկայեմ, այլ որպէս պատրուակ մէջբերեցիր մեր առջեւ ատենախօսութեանդ մէջ. հետեւաբար ե՛ւ պրպտեցի ե՛ւ բացայայտեցի ծածկածդ»:

Շնորհալի զինք ամբաստանողին խօսքերը վկայակոչելով՝ կեղծիքէն խուսափիլը անհրաժեշտ եւ հաստատուն հիմք կ՚ընդունի ընդդիմախօսութեան: Ասկէ մեկնելով՝ ախոյեանի առաջին իսկ արտայայտութիւնը կասկածի տակ կը դնէ, յիշեցնելով որ ատեանի դիմաց ինքն անձամբ թելադրած էր՝ իբր թէ ապիկարը Հայրապետին համար եկած ըլլար եւ հպարտութենէ մղուած կը մերժէր հրահանգին պարտաւորեցնող ոյժն ու բնոյթը: Փորձառու դատաւոր, Հայրապետը խորագիտութեամբ կը մերկացնէ եւ կը կշտամբէ ամպարիշտ ապստամբը, նախ անաչարութեամբ քննելով ու պրպտելով, ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար:

«Գրած ես դարձեալ թէ կը զղջաս Սեղանի ծածկոց խնդրած ըլլալու եւ ծերունիներու դրամները առած ըլլալու համար: Սեղանի զարդը քեզի չէ, այլ Բանին ծնողին նուիրեցի, որու անունին նուիրուած է այդ տաճարը, որպէսզի փոքրին եւ անցաւորին փոխարէն՝ անանց զարդը ինծի շնորհէ»:

Ս. Ներսէս Շնորհալի այսպէս կ՚արտայայտուի: Աստուծոյ Խօսքը ծնողը՝ Աստուածամայրն է, որու անունով եկեղեցւոյ սուրբ սեղանին ծածկոց մը նուիրած էր: Այսպէս կը հասկնանք որ չարախօս հոգեւորականը կը ծառայէր այդ եկեղեցիին մէջ: Դժբախտաբար յայտնի չէ թէ ո՛ր տաճարի մասին է խօսքը: Հայրապետը կը շեշտէ թէ նիւթական փոքրիկ նուէրի փոխարէն՝ Աստուածածինը յաւերժական զարդ կը շնորհէ զինք սիրողներուն:

 

26/09/2023, 08:01