Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ Հռոմի մէջ
Հռովմէական Կաթողիկէ եւ Հայ եկեղեցիներու համատեղ ձեռնարկները, նուիրուած՝ «Աստուածային Շնորհաց Հայոց Առաքեալ» Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին, տեղի կ՛ունենան Հռոմի մէջ՝ այս տարուան նոյեմբեր 30-էն դեկտեմբեր 2:
2023 թուականին կը լրանայ համաշխարհային քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ քիչ յայտնի, սակայն ահռելի ազդեցիկ գործիչի, Հայ եկեղեցւոյ Սուրբ` Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը (1102-1173):
Քրիստոնէական երաժշտութեան եւ գրականութեան մէջ գերազանց եւ արեւելքի քրիստոնէութեան յառաջատար աստուածաբան Ներսէսը նաեւ քրիստոնէական Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւններու միջազգային դիրք ունեցող գործիչ էր:
Անոր մարդասիրական, խաղաղասէր մօտեցումն իր ժամանակի հակասութիւններուն նկատմամբ արդիւնաւէտ դիւանագիտութեան օրինակ է, եւ կենսական դասեր կը պարունակէ այսօրուան կրօնական եւ ազգային հակամարտութիւններուն համար:
Քրիստոնէական պատմութեան մէջ Ս. Ներսէս Շնորհալիի ունեցած մեծ աւանդին համար Ս. Պետրոսի Առաքելական Աթոռը կը կազմակերպէ շարք մը յիշատակի ձեռնարկներ` նոյեմբեր 30-էն դեկտեմբեր 2:
«Աստուածային Շնորհաց Հայոց Առաքեալ. Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելից» խորագիրի ներքոյ՝ ոգեկոչման ձեռնարկները կը ներառնեն.
•Միջազգային գիտաժողով (նոյեմբեր 30-էն դեկտեմբեր 1) հեղինակաւոր Պապական արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ, որ համախմբելու է տարբեր ծագում ունեցող յառաջատար գիտնականներ եւ եկեղեցականներ: Երկու օրուան քննարկումները Ս. Ներսէս Շնորհալիի ձգած բազմաշերտ ժառանգութեան մասին են:
• Ս. Ներսէս Շնորհալիի շարականներու եւ երաժշտութեան երկու համերգ. հանրային ձեռնարկ Սանթա Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ (դեկտեմբեր 1) եւ փակ ձեռնարկ Սիքստինեան Մատրան մէջ (դեկտեմբեր 2), որոնք համաշխարհային լսարանին պիտի ներկայացնեն Շնորհալիի հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը:
• Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ (դեկտեմբեր 2) Միջեկեղեցական աղօթք՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի կրօնական միասնութեան կոչով, հանդիսապետութեամբ՝ Նորին Սրբութիւն Փրանկիսկոս՝ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պապի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան ԻԱ.՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքի, որոնք պիտի միանան Ս. Ներսէս Շնորհալիի կրօնական միասնութեան հոգիով:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութիւնը բոլոր այս ձեռնարկները կ՛իրականացնեն Սուրբ Պետրոսի Առաքելական Աթոռին հետ գործակցաբար՝ Ս. Աթոռի Քրիստոնէական Միութեան Խթանման եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու բաժանմունքներուն։
Ամբողջ աշխարհէն կը կազմակերպուին ուղեւորութիւններ դէպի Հռոմ` մեծ Սուրբը մեծարելու եւ անոր տեսլականը աշխարհի ուշադրութեան ներկայացնելու համար:
Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2023թ. հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյցին մէջ-2023 UNESCO calendar:
Մանրամասնութիւններ ձեռնարկներու, առցանց տոմսերու, ճանապարհորդութիւններու կազմակերպման եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի մասին՝ կրնաք գտնել www.StNerses850.com կայքին մէջ:
* * *
Ձեռնարկներու օրացոյց.
«Աստուածային Շնորհաց Հայոց Առաքեալ. Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելից»
Միջազգային գիտաժողով Պապական արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ. Նոյեմբեր 30-էն Դեկտեմբեր 1 (հինգշաբթի - ուրբաթ) 2023։ Կը մասնակցին բարձրաստիճան եկեղեցականներ եւ նշանաւոր գիտնականներ ամբողջ աշխարհէն:
Հանրային համերգ Սանթա Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ. Դեկտեմբեր 1, 2023 (Ուրբաթ, ժամը` 19:00-ին) Շնորհալի երաժշտական հանճարին յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն համաշխարհային մակարդակի երաժշտութեան արուեստագէտներ: Բաց է հանրութեան համար. տոմսերը հասանելի են առցանց:
Միջեկեղեցական աղօթքի արարողութիւն Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ. Դեկտեմբեր 2, 2023 (Շաբաթ առաւօտեան) Մեծարելու Շնորհալիի հոգեւոր միասնութեան տեսլականը:
Կը հանդիսապետեն`
Նորին Սրբութիւն Փրանկիսկոս Պապ, Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցի
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Հայ Առաքելական Եկեղեցի (Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն)
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայ Առաքելական Եկեղեցի (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն)
Գերերջանիկ Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան ԻԱ. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի (Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութիւն)։
Համերգ Սիքստինեան Մատրան մէջ.
Դեկտեմբեր 2, 2023 (Շաբաթ երեկոյեան) Երաժշտական երեկոյ Սիքստինեան Մատրան վսեմ միջավայրին մէջ: Տեղերը սահմանափակ են. 200 հանդիսատես` հրաւիրատոմսով:
Միացեալ Յանձնախումբի անդամներ
Խաժակ Արք. Պարսամեան
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն
Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Վարդան Եպս. Պօղոսեան
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութիւն
28 Սեպտեմբեր 2023
E-mail: info@stnerses850.com