Որոնել

77/a assemblea generale dei vescovi italiani

Գտնենք խաղաղութեան ուղիներ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութիւնները մտահոգիչ են. Կարդինալ Ծուփփի

Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի մշտական խորհուրդի աշնանային նստաշրջանի բացմանը, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Նախագահը խօսեցաւ աշխարհի մէջ տիրող հակամարտութիւններու, Ուքրանիոյ համար իր առաքելութեան եւ գաղթականներու ու փախստականներու մասին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Եկեղեցին այսօրեայ աշխարհի մէջ, խաղաղութիւնը, գաղթականութեան երեւոյթը, ժամանակակից հասարակութիւնը, երիտասարդները եւ կրթութիւնը այն թեմաներէն են, որոնց 25 Սեպտեմբերին անդրադարձած է Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի (ԻԵՀ) նախագահ կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին, ԻԵՀի Հռոմի կեդրոնատեղիին մէջ կայացած, Եպիսկոպոսաց մշտական ​​խորհուրդի աշնանային նստաշրջանի բացումի ընթացքին։

Աշխատանքները, որոնք պիտի աւարտուին 27 Սեպտեմբերին, կը նախատեսեն՝ խորացուած ուսումնասիրութիւն քահանաներու պատրաստման վերաբերեալ, ուշադրութեան կեդրոնացում Իտալիոյ եկեղեցիներու սինոտալ ուղիին վրայ, նոյեմբերի 13էն 16ը Ասսիզիի մէջ Արտահերթ Ընդհանուր Ժողովի ծրագիրի ներկայացում եւ «Անչափահասներու եւ խոցելի խաւի պաշտպանութեան ուղեցոյցներու» թարմացում՝ համաձայն ամենավերջին օրէնսդրութեան, ի մասնաւորի՝ 11 հոկտեմբեր 2021ի «Normae de delictis Congregationi pro Doctrina Fidei Reservatis»ի եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 25 Մարտ 2023ի Ինքնագիր նամակի տեսքով «Vos estis lux mundi» Առաքելական նամակի:

Պատերազմը Ուքրանիոյ մէջ

ԻԵՀի Նախագահ առաջին հերթին անդրադառնալով Ուքրանիոյ պատերազմին նշեց, թէ այդ պատերազմը «Եւրոպայի դարպասներու մօտ կը վերաբերի մեզ բոլորիս՝ որպէս եւրոպացի քաղաքացիներ բայց ատորմէ առաջ, որպէս այս ժամանակի տղամարդիկ եւ կանայք», քանի որ մենք «բոլորս եղբայրներ ենք»:

Մտահոգիչ բռնութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ

«Ֆրանչիսկոս Պապի հետ միասին կը կրկնենք խաղաղութեան ուղիներ գտնելու յորդորը՝ պատերազմներու մէջ տառապողներու ցաւը կրճատելու եւ բազմաթիւ կեանքեր փրկելու համար», հաստատեց ապա Ծիրանաւորը՝ չմոռնալով այլ ազգերուն տանջանքները․ «Մենք պէտք է աղօթենք պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներու անունները կրկնելով, ինչպէս վարդարանի հատիկները», ըսաւ Արքեպիսկոպոսը ակնարկելով ՝ «Սուտանին, որտեղ 45 միլիոն բնակիչներէն 5ը ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մտահոգիչ բռնութիւններուն»՝ յոյս արտայայտելով, որ «քրիստոնեաներու կեանքն ու համակեցութիւնը լիովին կը յարգուին»։

Գաղթականութեան երեւոյթը

Ճիշտ այս պատերազմներն են՝ որ շրջակայ միջավայրի վատթարացման, անապահովութեան եւ աղքատութեան հետ մէկտեղ, կը հանդիսանան «փախստականներու եւ գաղթականներու հոսքերու սկզբնաղբիւր»,  նկատեց կարդինալ Ծուփփին, աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է «մարդկայնութեամբ եւ բանականութեամբ կառավարել հսկայական դարաշրջանային երեւոյթը» եւ որ «սխալ է գաղթականութեան երեւոյթը քաղաքականացնել»։

Փախստականներն ու գաղթականները «առաջին հերթին մարդիկ են», ընդգծած է ԻԵՀի նախագահը, եւ կեդրոնանալով իտալական իրականութեան վրայ, նշեց, որ կարիքը կայ «քաջ քաղաքական եւ ընկերային պատասխանատուութեան» եւ որ «գաղթականութեան հարցը պէտք է դիտարկել որպէս ազգային գլխաւոր խնդիր», «բոլոր քաղաքական ուժերու համագործակցութեամբ եւ ներդրումով»։ Ըստ Կարդինալին ընտրութիւնը` եղբայրութեան եւ անտարբերութեան միջեւ է։

Սինոդը և ԻԵՀի կառոյցներու նորացումը

Սիւնհոդոսականութեան մասին Սինոդի մեկնարկէն մի քանի օր առաջ ԻԵՀի նախագահը անդրադառնալով նիւթին նշեց, որ «սիւնհոդոսականութիւն կը նշանակէ հարցականի տակ դնել արմատացած եկեղեցական մենակութիւնները յանուն հանդիպումի, հաղորդութեան, լսելու, հսկայական միսիոնարական յանձնառութեան» և աւելցուց, որ «սինոդի գործընթացը մեծ հնարաւորութիւն է նորացման եւ եղբայրութեան համար»:

Եկեղեցւոյ աշխարհագրութիւնը

Եկեղեցւոյ յանձնառութեան առումով Կարդինալը նշեց, որ այն պէտք է արմատաւորուի քաղաքներու, թաղամասերու մէջ «սիւնհոդոսաբար»՝ տարբեր տեսանկիւններով, տարբեր պարտականութիւններով եւ պատմութիւններով հանդերձ՝ չմոռնալով, որ կեդրոնը Յիսուսն է եւ այն մերձաւորը, որուն Ան մեզի կը վստահի։

Ան ապա ակնարկելով Լիզպոնի ԵՀՕն, նկատել տուաւ, որ «Եկեղեցին երիտասարդներու տարածքն է», որոնք ըմբռնած են Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելութեան իմաստը և Անոր խօսքերու արժէքը»։

ԻԵՀի նախագահը ապա նշեց, որ «չափազանց մեծ դիմադրութիւն կայ» Քահանայապետին հանդէպ, որ նաեւ հասարակական ցանցերու օգնութեամբ տարածում կը գտնէ՝ «քիչ հաս