Որոնել

Երուսաղեմի Լացինաց Պատրիարք կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլա Երուսաղեմի Լացինաց Պատրիարք կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլա  (ANSA)

Կարդինալ Փիցապալլան Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն. «Շնորհակալութիւն ձեր քաջութեան եւ հաւատքին համար»։

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիցապալլա, Ծաղկազարդի տօնին առիթով պատգամ ուղղեց մը որուն մէջ յիշեց այն բոլոր Քրիստոնեաները, որոնք Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմի հետեւանքով չկրցան մասնակցիլ Ծաղկազարդի արարողութեան ինչպէս նաեւ պիտի չկարենան մասնակցիլ Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն։ Կարդինալը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց հաւատքի եւ քաջութեան վկայութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթիսա պատգամ մը ուղղեց որուն մէջ յիշեց բոլոր այն քրիստոնեաները, որոնք պատերազմի պատճառով պիտի չկարենան մասնակցիլ աւագ շաբթուան աղօթքի եւ Սուրբ Զատկուան տօնին արարողութիւններուն։ «Դուք մինակ չէք», որովհետեւ «Երուսաղեմի բոլոր եկեղեցին միացած է ձեզի ու շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ ձեր տուած քաջութեան եւ ուժի վկայութեան համար», Նշեց Ան

Ծիրանաւորը պատգամին մէջ ապա քաջալերեց քրիստոնեաները չվախնալու որովհետեւ, « Երրորդ օրուան լուսաբացը պիտի գայ՝ Յարութեան Աւետիսը»։ Ան ապա յիշեց աշխարհի մէջ տարածուած բոլոր ուխտաւորները, որոնք Սուրբ Երկրի մէջ անկայուն իրավիճակի պատճառաւ պիտի չկարենան այցելել Սուրբ Երկիր։ «Մի վախնաք» վերադառնալէ նշած է Կարդինալը բնորոշելով այդ ուխտաւորները, որպէս «խաղաղութեան ներկայութիւնը» վայրի մը մէջ որ յոյժ կարիքը կայ։

Պատգամին մէջ Լատինաց Պատրիարքը ապա նկատել կու տայ, որ Սուրբ Երկրի մէջ Հակառակ պատերազմին, այս տարի եւս նշուեցաւ « Յիսուսի յաղթական մուտքը Սուրբ Երկիր», այն ժամանակ երբ «տակաւին հրամայական է ուժով աղերսել, Որ Տէրը մեր Մեսիան է , Մեր Տէրը, Քիրիոսը»։

Կարդինալը Փիցցապալլա պատգամը աւարտեց խնդրելով աղօթել, որպէսզի Երուսաղեմի վրայ իջնէ խաղաղութիւնը, իջնէ «ուրիշներու ջերմ ընդունելութիւնը, լսելու եւ երկխօսութեան համար կամքը՝ բաց ճանապարհներ, որոնց վրայ վախն ու սարսափը տեղ կ՝ու տան գիտելիքին, հանդիպումի, վստահութեան, ուր տարբերութիւնները հնարաւորութեան աղբիւրներ են, ոչ թէ փոխադարձ մերժումի պատրուակ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2024, 06:00