Որոնել

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Մարոնի Եկեղեցիին Պատրիարքին Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Մարոնի Եկեղեցիին Պատրիարքին 

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Մարոնի Եկեղեցիին Պատրիարքին` Մար Պշարա Պութրոս Ալ Ռաի Կարդինալին

Երկու Հոգեւոր Պետերը քննարկեցին լիբանանեան ու տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, ներկայիս գլխաւոր հիմնախնդիրները եւ անոնց լուծումներ գտնելու միջոցները։
Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան 5-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին փոխանորդ Գերպծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի եւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին փոխ-ժողովրդապետ՝ Հ Արամ Վրդ. Աբրահամեանի, այցելեց Մարոնի Եկեղեցիին Պատրիարքին` Ն.Վ. Մար Պշարա Պութրոս Ալ Ռաի Կարդինալին, շնորհաւորելու համար Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը։

Երկու Հոգեւոր Պետերը քննարկեցին լիբանանեան ու տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, ներկայիս գլխաւոր հիմնախնդիրները եւ անոնց լուծումներ գտնելու միջոցները։

Անոնք նաեւ վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը համագործակցելու ի նպաստ Լիբանանի եւ ի շահ անոր ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2024, 08:33