Որոնել

2024.04.21 Visite del Patriarca Minassian al Patriarca Yazigi e al vescovo di Tripoli dei maroniti

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանի պատմական այցելութիւնը Թրիփոլիի Մարոնի առաջնորդութեան

Հանդիպումին սկիզբը՝ առաջնորդ Սուէյֆ ողջունեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը՝ բարձր գնահատելով «պատմական այս այցելութիւնը, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին Պատրիարքը կ'այցելէ Թրիփոլիի Մարոնի Թեմին եպիսկոպոսական աթոռը»:

Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Թրիփոլիի Մարոնի Թեմին առաջնորդին՝ Գերպծ. Հ. Եուսէֆ Արքեպս. Սուէյֆին, Զղարթայի Քարամ Սատտի Ս. Եագուպ աթոռանիստ վանքին մէջ, ընկերակցութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ Գերպծ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեանի, Պատրիարքական Թեմին նորընտիր օգնական եպիսկոպոս Գերպծ. Հ. Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի, Պատրիարքարանին տեղակատուական գրասենեակին պատասխանատու Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանի, Գերպծ. Հ. Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նաամոյեանի, Գերպտ. Հ. Արամ Վրդ. Աբրահամեանի, Արժ. Տ. Րաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեանի եւ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններուն պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Թրիփոլիի Մարոնի Թեմին ընդհանուր փոխանորդ Անթուան ​​Միքայէլ, ամուսնութեան հարցերով եպիսկոպոսական փոխանորդ Գերյ. Եուհաննա Մարուն Հաննա, Եպիսկոպոսական դիւանին պատասխանատու Հ. Ժօ Ռիզքալլա, քահանայական հարցերու գրասենեակին ատենապետ Գերյ. Սայէտ Մարուն եւ նոյն գրասենեակին անդամներ՝ Տ. Մարսէլ Քհ.Նասթա եւ Տ. Ապպուտ Քհ. Ժիպրայէլ։

Հանդիպումին սկիզբը՝ առաջնորդ Սուէյֆ ողջունեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը՝ բարձր գնահատելով «պատմական այս այցելութիւնը, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին Պատրիարքը կ'այցելէ Թրիփոլիի Մարոնի Թեմին եպիսկոպոսական աթոռը»:

Այնուհետեւ, ներկաները քննարկեցին ընդհանուր եկեղեցական հարցեր:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2024, 07:30