Որոնել

Վիեննայ մայր տաճարը Վիեննայ մայր տաճարը 

Ստորագրուեցաւ Աւստրիոյ մէջ քրիստոնեաներու, մահմետականներու եւ հրէաներու «Կրօնները յանուն խաղաղութեան» խորագիրով հռչակագիրը

Աւստրիոյ արքեպիսկոպոսարանի պալատին մէջ 9 յունուարին, ստորագրուեցաւ «Կրօնները յանուն խաղաղութեան» խորագրով Վիեննայի հռչակագիրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աւստրիոյ արքեպիսկոպոսարանի պալատին մէջ, 9 յունուարին, ստորագրուեցաւ «Կրօնները յանուն խաղաղութեան» խորագրով Վիեննայի հռչակագիրը՝ քրիստոնէական, հրէական եւ իսլամական համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ. հռչակագիրը ստորագրեցին կարդինալ Քրիսթոֆ Շոնպորն, Րաբունապետ Ժարոն Էնկէլմայեր եւ Ումիթ Վուրալ՝ իսլամական հասարակութեան նախագահը։

Հռչակագիրին մէջ ընդգծուած է հաւատքի կարեւորութիւնը՝ որպէս խաղաղ գոյակցութեան հիմք եւ դատապարտուած է կրօններու օգտագործումը՝բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը արդարացնելու համար։ Կրօններուն ներկայացուցիչները հռչակագիրին մէջ խոստացած են պայքարիլ խտրականութեան դէմ եւ նպաստել փոխըմբռնման։

Աւստրիոյ մէջ Կաթողիկէներուն առաջնորդ, կարդինալ Շոնպորն ընդգծեց, որ կրօնները չեն հանդիսանար հակամարտութիւններու հիմնական պատճառը այլ անոնք կարող են լուծումի մէկ մասը դառնալ ու ճանչցաւ նաեւ կրօններու ներդրումը՝ Աւստրիոյ մէջ հաշտեցման գործէն ներս։

Ումիթ Վուրալ՝ իսլամական հասարակութեան նախագահը ընդգծեց միջ կրօնական երկխօսութեան եւ ընկերային համախմբման կարեւորութիւնը, մինչ հրէական հասարակութեան րաբունապետը, Էնգելմայերը գնահատեց կարդինալ Շոնպորնի նախաձեռնութիւնը հաստատելով, որ կրօնական համայնքները կարող են խաղաղ գոյակցութիւն ունենալ եւ իրար զիրար հարստացնել։

Վիեննայի հռչակագիրը կոչ մըն է բոլոր քաղաքացիներուն աշխատելու յարգանքով եւ խաղաղութեամբ բնութագրուած ընկերութեան մը համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2025, 10:39