Որոնել

Azione Cattolica շարժումի անդամները Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Azione Cattolica շարժումի անդամները Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Իտալական «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» շարժումի Խաղաղութեան Կարաւանը եւ աղօթքի հսկումը

26 Յունուարին, այս օր պիտի նորոգուի ամէն տարուայ «խաղաղութեան կարաւանի» ձեռնարկը որուն առիթով Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները իրենց ընտանիքներու եւ պատասխանատուներուն հետ միասին զարկ պիտի տան «Խաղաղութիւնը շարժումի մէջ» բնաբանով տօնական երթի մը որ Հռոմի տարբեր շրջաններէն պիտի հասնի Վատիկան, ուր պատանիները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած հրեշտակ տեառն Մարեմեան աղօթքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 18 Յունուարին «Santa Maria in Ara Coeli» եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի հսկում եւ Կիրակի 26 Յունուարին` տօնական երթ` «խաղաղութեան կարաւանը» միջոցառումի ծիրէն ներս, մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս Պապի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին։ Երկու այս ձեռնարկներով է, որ Իտալիոյ «Ացիոնէ Քաթթոլիքայի» պատանեկան շարժումի անդամները կ՛ուզեն յիշատակել «խաղաղութեան ամիսը»։

18 Յունուարին աղօթքի հսկում

Շաբաթ օրը՝ յունուար 18-ին, ժամը 20.30-ին, արարողութիւնը կը սկսի Ացիոնէ Քաթթոլիքայի երբեմնի անդամ Երանելի Փիէր Ճորճօ Ֆրասաթիի յիշատակով ու Սուրիացի փախստական Սամեր Աֆիզայի ներկայացուցած վկայութեամբ, որ 2015 թուականին Սուրիական պատերազմէն փրկուելու միտումով իր ընտանիքի հետ միասին փախուստ տուաւ ու ժամանեց Իտալիա՝ և այժմ կ՛աշխատի Հռոմի թեմական Քարիթասի ներքոյ։ Անոր վկայութեան պիտի յաջորդէ 32 տարեկան Քոլոմպիացի Տանիելա Ալպայի վկայութիւնը` որ իր երկրէն փախուստ տալով ապաստան գտած է Միացեալ Նահանգներուն մէջ։

«Պատերազմն ու բռնութիւնը արդարեւ տարբեր ձևերով փորձած են անոնցմէ խլել տուն, երազանքներ, ապագայ եւ ազատութիւններ, բայց եւ այնպէս անոնց իրենք փորձառութեամբ, երիտասարդներուն պիտի հասկցնեն թէ կարելի է միշտ յոյս գտնել նոյնիսկ փլատակների տակ» կը կարդանք վերոնշեալ ձեռնարկները ներկայացնող Ացիոնէ Քաթթոլիքայի հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

26 Յունուարին խաղաղութեան կարաւան

Գալով  26 Յունուարին, այդ օր պիտի նորոգուի ամէն տարուայ «խաղաղութեան կարաւանի» ձեռնարկը որուն առիթով Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները իրենց ընտանիքներու եւ պատասխանատուներուն հետ միասին զարկ պիտի տան «Խաղաղութիւնը շարժումի մէջ» բնաբանով տօնական երթի մը` որ Հռոմի տարբեր շրջաններէն պիտի հասնի Վատիկան, ուր պատանիները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած հրեշտակ տեառն Մարեմեան աղօթքին։

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները կոչ ու հրաւէր կ՛ուղղեն իրենց հասակակիցներուն միանալու իրենց ձեռնարկին ու միասին վկայելու խաղաղութեան իղձը։

Խաղաղութեան Կարաւանը այս տարուայ նուիրատուութիւններով թիկունք պիտի կանգնի երկու ծրագիրներու։ Առաջինը` «Amunì» ծրագիրն է, որ յատկացուած է քրէական դատավարութեան մէջ գտնուող երիտասարդներու, որոնք ներգրաւուած են վերանորոգումի և վերածնունդի ծրագիրներու մէջ։ Իսկ երկրորդը «Housing sociale Don Roberto Sardelli» ծրագիրն է եւ ուղղուած է ընկեր-տնտեսական ծանր վիճակի մէջ ապրող անհատներուն։

Կիրակի` 26 Յունուարի օրակարգը կը սկսի պատարագով որուն սկիզբը նախատեսուած է Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռէյնային ողջոյնի խօսքը, ապա Սուրբ Պետրոս հրապարակային վրայ տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր, մինչ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ացիոնէ Քաթթոլիքայի երկու պատանիներ Քահանայապետի կողքին կանգնելով պիտի ընթերցեն խաղաղութեան պատգամ մը ապա աղօթքի աւարտին բոլոր մասնակցողները իրենց Յոբելենական ուխտագնացութիւնը պիտի աւարտեն Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի Սուրբ Դռան տակէն անցնելով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2025, 13:23