Որոնել

2025.01.15 Messa apertura giubileo della speranza - Patriarca Minassian

Պէյրութ. «Յոյսի ուխտաւորներ» բնաբանով յոբելենական «Սուրբ Տարի»ին բացում

Այս ուրախ առիթով՝ Մենք կոչ կ’ուղղենք բոլոր պատասխանատուներուն, որ կառչած մնան միասնակամ կեցուածքով այն բոլոր կէտերուն, որոնք յիշուեցան նորընտիր նախագահին երդումին խօսքին մէջ: Այս համերաշխ ոգիով՝ պիտի իրականացնենք իղձերը մեր սիրելի Լիբանան երկրին ու անոր քաղաքացիներուն: Շնորհակալութիւն յայտնե՛նք Աստուծոյ՝ յոյսի պարգեւին ու բոլոր այլ շնորհքներու համար, զորոնք մեզի կու տայ յոբելենական ‘Սուրբ Տարի’-ին ընթացքին, որպէսզի միասնաբար ապրինք սիրով, խաղաղութեամբ եւ յոյսով առլցուն մաքուր սրտերով: Ամէն»:

«Յոյսի Ուխտաւորներ» բնաբանով յոբելենական «Սուրբ Տարի»-ին բացումին առիթով՝ Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը մատուցանեց հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ–Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ, Տըպպաս հրապարակին վրայ, Պէյրութ, մասնակցութեամբ Թեմի օգնական Եպիսկոպոս` Արհի. Գրիգոր Եպս. Պատիշահի, հոգեւորականներու եւ անձնաւորութիւններու, ինչպէս ալ հաւատացեալներու մեծ բազմութեան:

Ս. Աւետարանին ընթերցումէն ետք, Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.«Թէպէտ այս պահուն իսկ միասնաբար բացումը կատարեցինք յոբելենական ‘Սուրբ Տարի’-ի ‘Յոյսի Դուռ’-ին, բայց եւ այնպէս դեռ շատ կարիքն ունինք իմանալու յոյսին եւ յոբելենական ‘Սուրբ Տարի’-ին նշանակութիւններուն մասին, որ տեղի կ’ունենայ ամէն 25 տարին անգամ: Տակաւին մեծ խանդով կը փնտռենք յոյսին նշանակութեան մասին...: Ուստի, որմէ՞ յոյսը կը ներշնչենք եւ ինչո՞ւ համար կը յուսանք...:

Այս հարցականները նախ մեր միտքը կու գան հաւատքի դիտանկիւնէն: Մենք կը հաւատանք Անոր, որ մեզի պարգեւեց այս շնորհքը. Հայր Աստուծոյ, որ զայն մեզի ձրիաբար պարգեգեւեց, Որդի Աստուծոյ, որ զայն մեզի սորվեցուց իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին եւ Ս. Հոգի Աստուծոյ, որ զայն մեր մէջ ամրապնդեց Մկրտութեան շնորհքով եւ անոր միջոցաւ մեզ կ’առաջնորդէ այս կեանքին մէջ:

Յոյսը եւ հաւատքն անբաժան մէկ էութիւն մը կը կազմեն: Յոյս չկայ, առանց հաւատքի, ու հաւատք չկայ, առանց յոյսի, որովհետեւ երկուքը մեր մէջ կը գործեն փրկութիւնը:

Յոյսը չի վահատիր: Հետեւաբար, որպէս անհատներ կամ հասարակութիւններ՝ բոլորս որոշ չափով մը պէտք է զգանք պատասխանատուութիւնը, միասնաբար պէտք է գործենք ու համախմբուինք կործանումին դէմ, որուն կ’ենթարկուի մեր միացեալ տունը, ինչպէս նաեւ պէտք է մերժենք ամէն երկխօսութիւն, որ կը քաջալերէ ու կը զարգացնէ չարագործութիւնները:

Ինչպէս որ ըսաւ Փրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ, ‘Խաղաղութեան համաշխարհային օր’-ին առիթով, մերժելու ենք ամէն տեսակի երկխօսութիւն եւ ֆինանսաւորում ի նպաստ պատերազմական ճարտարագիտութեան, որ կ’երկարէ պատերազմներն ու կործանումները աշխարհի տարածքին: Նոյնպէս մերժելու ենք այն բոլոր գործօնները, որոնք իսկական սպառնալիք մը կը ներկայացնեն համայն մարդկութեան:

Պէտք է, ասիկա մեր պարտականութիւնն է, լսել յուսահատ աղաղակներուն տառապող մարդկութեան ճիչին: Պէտք է զգանք նաեւ, որ իբր անհատներ ու հաւաքականութիւններ՝ կանչուած ենք կոտրելու անարդարութեան շղթաները եւ հռչակելու Աստուծոյ արդարութիւնը:

Մեր սրբազան պարտականութիւնն է, որ մեր ուշադրութիւնն դարձնենք ու գիտակցինք մարդկութեան տառապանքներուն եւ ողբերգութիւններուն, ուր ալ գտնուին աշխարհի տարածքին:

Այս ‘Սուրբ Տարի’-ին յոյսի յոբելենական տարին է, զոր Եկեղեցին յայտարարեց հոգիներուն, այսինքն՝ մեր բարիքին համար, եւ կը սպասէ մեզմէ, որ յոյսի առաքեալներ ըլլանք:

Յիսուս Քրիստոս, որ կանգնեցաւ Նազարէթի ժողովարանին մէջ եւ բացայայտօրէն սահմանեց ի՛ր առաքելութիւնը, յայտարարութիւն կատարեց յոյսի՛ եւ փրկութեա՛ն առաքելութեան մասին: Եւ երբ բացաւ Եսայի մարգարէին գիրքը եւ կարդաց անոր մէջէն այդ կանխասացութիւնը, որ կը յայտնէր ամբողջ աշխարհին, թէ Ի՛նքն էր սպասուած Փրկիչը, որ պիտի գար մարդկութեան փրկութեան համար, այսինքն՝ մեզ փրկելու մեղքէն ու մահէն:

Յիսուս չեկաւ հարուստներու եւ հզօրներու ծառայութեան համար, այլ՝ չքաւորներու եւ անտեսուած մարդերու համար: Յիսուս երբեք չեկաւ մարմնէն ստրուկներն ազատագրելու, այլ՝ մեղքէն ազատելու համար: Յիսուս կը շնորհէ տեսութիւնն ու հոգեւոր լոյսը, որուն միջոցաւ կրնանք տեսնել Աստուած ամէն ինչին մէջ:

Յոյսի յոբելենական ‘Սուրբ Տարի’-ն մեզ կը խրախուսէ դէմ կանգնելու անարդարութեան եւ անհաւասարութեան, որոնք տարիներէ ի վեր մեզ կը շրջապատեն ու մեզի կը յիշեցնեն, թէ աշխարհին բարիքները յատկացուած չեն միայն որոշ անձերու, այլ՝ հաւասար չափով բոլորին համար են: Այո՛, բոլորս գործենք այս շրջանակէն ներս, որովհետեւ պատասխանատու ենք Աստուծոյ եւ մեր խիղճերուն առջեւ: Հետեւաբար, յոյսը մեր փրկութիւնն է:

Աստուած կը ներէ մեր մեղքերը, որպէսզի մեր սրտերը լեցուին յոյսով ու խաղաղութեամբ: Ուստի, Ս. Պօղոս առաքեալին հետ արտասանե՛նք հետեւեալ խօսքը.«Նեղութիւններուն մէջ եւս երախտագէտ ենք՝ լաւ գիտակցելով, որ նեղութեան մէջէն յոյս կը ներշնչենք, ինչպէս որ համբերութիւնը հաստատակամութիւն է, եւ հաստատակամութիւնը յոյս է, որ չի վհատիր, որովհետեւ մեր սրտերը լեցուած են աստուածային սիրով Սուրբ Հոգիին միջոցաւ»:

Ուստի, շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ բոլոր շնորհքներուն համար, զորոնք մեզի պարգեւեց եւ տակաւին կը պարգեւէ:

Այս իմաստով, երկար սպասումէ ետք, մեր հայրենիքը՝ Լիբանան ունեցաւ իր նախագահը, հետեւաբար պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ այս շնորհքին համար ու պէտք է սկսինք միասին աշխատիլ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնել երկրին ու քաղաքացիներուն ընդհանուր բարիքին համար: Բոլորս պէտք է համախմբուինք ու հաւատանք, որովհետեւ պետութեան յաջող վերականգնումը կը պահանջէ զոհողութիւն, նուիրում եւ միասնական աշխատանք՝ հասնելու համար մեր երազած Լիբանանին՝ ‘Պատգամի ու Յոյսի’ երկրին:

Այս ուրախ առիթով՝ Մենք կոչ կ’ուղղենք բոլոր պատասխանատուներուն, որ կառչած մնան միասնակամ կեցուածքով այն բոլոր կէտերուն, որոնք յիշուեցան նորընտիր նախագահին երդումին խօսքին մէջ: Այս համերաշխ ոգիով՝ պիտի իրականացնենք իղձերը մեր սիրելի Լիբանան երկրին ու անոր քաղաքացիներուն:

Շնորհակալութիւն յայտնե՛նք Աստուծոյ՝ յոյսի պարգեւին ու բոլոր այլ շնորհքներու համար, զորոնք մեզի կու տայ յոբելենական ‘Սուրբ Տարի’-ին ընթացքին, որպէսզի միասնաբար ապրինք սիրով, խաղաղութեամբ եւ յոյսով առլցուն մաքուր սրտերով: Ամէն»:

+ ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.

Կաթողիկոս-Պատրիարք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2025, 09:00