Կարդինալ Կուճերոթիին պատմական այցը Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 29 Յունուարը պատմական օր մը եղաւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն համար, որոնք տարիներէ ի վեր ապրեցան ու տակաւին կ՛ապրին պատերազմի սարսափին ու արհաւիրքին հետեւանքները եւ կարծես այդ օր նշոյլ մը արեւի յոյս ծագեցաւ անոնց վրայ, ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ Կարդինալ Քլաուստիօ Կուճերոթթիին իրենց տուած յատուկ այցելութեան։
Արդարեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի 29 Յունուարին աւարտեց յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրիա կատարած մէկ շաբաթ առաջ սկիզբ առած իր առաքելութիւնը, որպէս Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութեան եւ մօտիկութեան արտայայտութիւն եւ անոր ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը` զոր վսեմաշուք Կարդինալը այցելեց` 29 Յունուարի առաւօտեան ժամը ութին։
Առաջնորդարան ժամանելուն Կարդինալ Կուճերոթին դիմաւորուեցաւ տեղւոյս առաջնորդ Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի, ժողովրդապետ` Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ.Վ. Պահէեանի ինչպէս նաեւ առաջնորդարանի զանազան միութիւններու անդամներուն ու Դամասկոսի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն կողմէ մինչ հայկական աւանդական տարազներով փոքրիկ մանուկներ` առաջնորդարանի բակին մէջ անոր եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուցին աղն ու հացը` որպէս բարի գալուստի մաղթանք, ապա բոլոր ներկաները միասին ուղղուեցան Տիրամայր Տիեզերքի Մայր տաճար, ուր տեղի ունեցաւ հայածէս հանդիսաւոր սուրբ պատարագը` զոր նախագահեց Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը։
Սուրբ Զոհի ընթացքին Վսեմաշուք Կարդինալը իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն` մաս մը հայերէնով ու մաս մըն լա իտալերէն լեզուով։
«Ես եկած եմ Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ձեզի խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամ մը բերելու» ըսաւ ի միջի այլոց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը հաստատելով` որ «Սրբազան Քահանայապետը հպարտ է ձեզմով, որովհետեւ դուք վկաներն էք Քրիստոսի հաւատքին...Ան ձեզի կը մտածէ ու ձեզի համար կ՛աղօթէ եւ ձեզմէ կը խնդրէ` որ կայտառ մնաք ձեզ հաւատքին մէջ, ձեր ներկայութեամբ զայն վկայելով Սուրիոյ մէջ»։
Յաւարտ Սուրբ պատարագին բոլոր ներկաները առիթը ունեցան անձամբ ողջունելու վսեմաշուք Կարդինալը, որոնց շարքին էին Տիկնանց Միութեան անդամները, ՀԿՄ-ի երիտասարդները, Սիրտ Յիսուսի եղբայրութեան անդամները, Սրբուհի Ռիթայի միութեան անդամուհիները ու նաեւ հայ Կաթողիկէ վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը։
Նախ քան հրաժեշտ առնելը Կարդինալ Կուճերոթթին բոլորին մաղթեց խաղաղութիւն, սէր եւ միութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ