Որոնել

Յիսուսի Մկրտութիւնը Յիսուսի Մկրտութիւնը 

Տ. Մ. Յ. Ք. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան զոյգ տօները

Մարդուն ազատագրութիւնը սկսաւ Յորդանանի մէջ, երբ Քրիստոս սրբագործեց ջուրերը: Ջուրերու սրբագործումով մարդը լուսաւորուեցաւ սպասելով այն օրուան երբ երկինքն ու երկիր պիտի նորոգուի եւ ինք իր ստեղծիչին հետ պիտի ապրի յաւիտեան, ուր փրկուած մարդկութիւնը պիտի փառաւորէ երրեակ Աստուածը՝ Հայրը, Որդին Եւ Ս. Հոգին յաւիտեան:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Տէր Յիսուսի ծննդեան առիթով սովորութիւն դարձած է, որ իրար կը շնորհաւորենք ըսելով՝ « Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»: Սակայն այս շնորհաւորութեան մէջ փոքր նրբութիւն մը կայ, որ մեր ուշադրութենէն կը վրիպի. որովհետեւ «յայտնութիւն»ը յատուկ է Քրիստոսի մկրտութեան հետ առնչուած է եւ ոչ ծնունդին: «Յայտնութիւն» բառը յունարէն (ἐπιφάνεια) Épiphanie, կը նշանակէ՝ երեւան հանել կամ երեւում. այն ինչ որ պատահեցաւ մկրտութեան ժամանակ, երբ Յիսուսի ինքնութիւնը յայտնուեցաւ աշխարհի: Հայերէնով գեղեցիկ արտայայտութիւն մը կայ, որ կը բացատրէ եղելութիւնը՝ «Աստուածայայտնութիւն» բառը (τα Θεοφάνια) Théophanie : Յիսուսի աստուածորդի ըլլալը բացայայտուեցաւ եւ յայտարարուեցաւ:

Քոյր յոյն օրթոտոքս եկեղեցին մկրտութեան եւ աստուածայայտնութեան տօներուն նուիրուած աղօթքներուն մէջ գեղեցիկ բաղդատական մը կը կատարէ ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօներու միջեւ: « Ո՜վ Տէր» կ'աղօթէ « որքան պայծառ է քու ծնունդդ. սակայն աւելի պայծառ է քու մկրտութիւնդ եւ աստուածայայտնութիւնդ:Առաջինին մէջ հրեշտակ մը աւետեց ծնունդդ, իսկ երկրորդին՝ Մեծն Կարապետ Յովհաննէս Մկրտիչը: Առաջինին մէջ Բեթղեհէմը ողբաց եւ լացաւ, անզաւակ մնալուն պատճառով. իսկ երկրորդին՝ մկրտութեան ջուրը օրհնելով անհամար ծնունդներու պատճառ եղաւ: Առաջինին մէջ յատուկ աստղ մը առաջնորդեց մոգերը, իսկ երկրորդին մէջ Հայրը երկնքէն յայտարարեց 'Այս է Իմ սիրելի Որդիս'»: Հայ եկեղեցւոյ շարական կ'ըսէ՝ « Յորդանան գետը զարհուրեցաւ». առաւել եւս երկինքը բացուեցաւ մատնանշելով երկնային դռներու բացուիլը մարդուն դիմաց. Հայրը խօսեցաւ. Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ իջաւ... ամէն կասկած վերացած էր՝ Յիսուսի աստուածորդի ըլլալը յստակ էր:
Յիսուսի մխրճումը Յորդանանի ջուրերուն մէջ փոխեց ջուրի բնութիւնը: Ջուրը հիմքը կը կազմէ բնութեան. առանց ջուրի կեանք չկայ: Առաջին մարդուն իյնալով բնութիւնը պղծուեցաւ: Ահաւասիկ երկրորդ Ադամը բնութիւնը կը մաքրէ, որպէս պատրաստութիւն արքայութեան գալուստին:

Մարդուն ազատագրութիւնը սկսաւ Յորդանանի մէջ, երբ Քրիստոս սրբագործեց ջուրերը: Ջուրերու սրբագործումով մարդը լուսաւորուեցաւ սպասելով այն օրուան երբ երկինքն ու երկիր պիտի նորոգուի եւ ինք իր ստեղծիչին հետ պիտի ապրի յաւիտեան, ուր փրկուած մարդկութիւնը պիտի փառաւորէ երրեակ Աստուածը՝ Հայրը, Որդին Եւ Ս. Հոգին յաւիտեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2025, 10:02