Որոնել

Members of the Palestinian civil emergency service celebrate despite a delay in the ceasefire between Israel and Hamas over the hostage list, in Gaza City

Կեանքը դանդաղ Կազա կը վերադառնայ․ Հայր Ռոմանելլի.

Զինադադարի առաջին ժամերուն Կազայի «Սուրբ Ընտանիք» Ժողովրդապետութեան Ժողովրդապետը կը պատմէ իրավիճակի մասին, որ, յոյսի որոշակի նշաններուն հետ միասին, կը շարունակէ մնալ բարդ եւ փխրուն։ Հայր Ռոմանելլին անդրադարաձաւ ի մասնավորի Ֆրանչիսկոս Պապի մօտիկութեան ողջ հակամարտութեան ընթացքին։

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Կազայի «Սուրբ Ընտանիք» Ժողովրդապետութեան Ժողովրդապետ Հայր Կապրիել Ռոմանելլին Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ 19 Յունուարին զրուցած է Կազայի մէջ զինադադարի մեկնարկի մասին։ Ան շեշտած է, որ «իսկապէս յոյս կայ եւ մարդիկ սկսած են մտածել ապրելու մասին», որ փախստականները ցանկութիւն ունին այցելելու իրենց բնակավայրերը՝ «իրենց տուները, կամ այնտեղ, որտեղ տուն ունէին», որոշներ նաեւ ծով կ’ուզեն երթալ, յատկապէս ձկնորսները, սակայն այդ ամէնի համար արտօնութիւն տակաւին չկայ՝ ռազմական գօտիին պատճառաւ։

Մարդասիրական օգնութեան բացարձակ անհրաժեշտութիւնը

Կազան իր բոլոր կառոյցներով կործանուած է, հետեւաբար մարդասիրական օգնութիւնը բացարձակ կերպով անհրաժեշտ է։ Այդ նպատակով նախատեսուած է սնունդ, ջուր եւ վառելիք պարունակող 600 բեռնատար մեքենաներու մուտքը։ Դեռեւս ոչ բաւարար քանակ, բայց լաւ ցուցանիշ՝ հաշուի առնելով, որ պատերազմի ժամանակ յաճախ տարածք ոչինչ չէ մտած, ընդգծած է Ռոմանելլին՝ յոյս յայտնելով, որ զինադադարը եւ միջազգային օգնութիւնը առարկայական կը դառնան՝ փրկելու համար 2 միլիոն 300 հազար մարդ»։ Անշուշտ թեթեւութիւն կայ, մարդիկ սկսած են մտածել, թէ ինչպէս վերակառուցել իրենց տուները, ինչպէս ետ վերադարձնել կեանքը, բայց դեռ անորոշութիւն կայ, շարունակած է ան։

Ֆրանչիսկոս Պապի մօտիկութիւնը

Նման իրավիճակէն ներս Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութիւնը եւ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը՝ նիւթական օգնութեան հետ միասին բարոյական եւ հոգեւոր աջակցութիւնը, հիմնարար տարրեր են տեղի համայնքին համար։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ֆրանչիսկոս Պապը ամէն օր հեռաձայնած է իր օրհնութիւնը բաշխելու եւ իր մօտիկութիւնը արտայայտելու Կազայի բնակիչներուն, պատմած է Կազայի «Սուրբ Ընտանիք» Ժողովրդապետութեան Ժողովրդապետը՝ նշելով, որ նոյնը տեղի ունեցած է նաեւ 18 Յունուարի երեկոյեան ժամը 8ին։ Այդ օրը Սրբազան Քահանայապետի ամենօրեայ դարձած հեռախօսազանքը յատուկ նշանակութիւն ունեցած է՝ մեծ անակնկալ վերապահելով․ մեծ թիւով փախստականներ եկած էին շնորհակալութիւն յայտնելու Նորին Սրբութեան՝ «շնորհակալութիւն միշտ մեզ հետ ըլլալու համար» պաստառով մը։ Ֆրանչիսկոս դիմելով անոնց նշած է, որ ուրախ է, որ խաղաղութիւնը կու գայ Կազա։ Ըստ Հայր Ռոմանելլիի՝ ճիշտ է «զինադադարը խաղաղութեան հոմանիշ չէ», սակայն Պապի խօսքերը կը նշանակեն, որ այն քայլ է դէպի այս պատերազմի աւարտը եւ կեանքի նոր փուլի սկիզբ է Կազայի Հատուածին համար։

Կազայի բնակչութեան հոգեվիճակը եւ ապագայի յոյսերը

Հայր Ռոմանելլին կրկին անդրադառնալով Կազայի բնակչութեան հոգեվիճակին եւ ապագայի յոյսերուն՝ ի վերջոյ շեշտած է, որ՝ չնայած յոգնածութեան եւ դժուարութիւններուն, ժողովուրդը տոկունութիւն եւ վճռականութիւն կը դրսեւորէ՝ կեանքը վերակառուցելու համար։ Այդուամենայնիւ, խաղաղութեան եւ կայունութեան ճանապարհը դեռ երկար է, եւ կը պահանջուին հաւաքական ջանքեր՝ ապագայ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու եւ երկարատեւ հակամարտութիւններով նշանաւորուող տարածաշրջանի մէջ հաշտեցման նպաստելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2025, 07:47