Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (33)
ԼԳ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Ժ. դարու Մաշտոցի Կանոններուն:
2012 թուականին, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի Ժ. դարու հնագոյն Մայր Մաշտոցը լոյս տեսաւ, աշխատասիրութեամբ՝ Մաշտոցեան Մատենադարանի Ձեռագրական բաժնի գլխաւոր աւանդապահ՝ Տիար Գէորգ Տէր Վարդանեանի: Այս վաղեմի Մաշտոցը կը պարունակէ քառասուն եօթը յատուկ Կանոններ, հետեւեալ կարգաւ. Ա. Կանոն հիմնարկութեան սրբոյ եկեղեցւոյ (Մանդակունի հայրապետի), Բ. Կանոն եկեղեցի օրհնելոյ, Գ. Կանոն յորժամ նոր դուռն դնեն եկեղեցւոյ, Դ. Կանոն Աւազան օրհնելոյ, Ե. Կանոն նաւակատեաց եկեղեցւոյ և պղծելոյ յանօրինաց և զշարժեալ սեղանն վերստին հաստատել, Զ. Կանոն զնկարել եկեղեցի օրհնել, Է. Կանոն զՀանդերձեղէն, զսպաս օրհնելոյ, Ը. Կանոն Սկիհ և մաղզմա օրհնելոյ, Թ. Կանոն օրհնութեան նորակերտ Գրոց, Ժ. Կանոն ժամահար օրհնելոյ, ԺԱ. Կանոն Խաչ օրհնելոյ, ԺԲ. Կանոն Տեառնական օրհնելոյ, ԺԳ. Օրհնութիւն աղի, ԺԴ. Կանոն Հոգեհանգիստ առնելոյ կամ յիշատակ մեռելոց, ԺԵ. Օրհնութիւն Սեղանոյ տեառնականի ճաշոյ և պատարագի, ԺԶ. Օրհնութիւն Հատի պատարագի, ԺԷ. Օրհնութիւն Հատի մարտիրոսաց, ԺԸ. Կանոն Մկրտութեան յորժամ քրիստոնեայ առնեն, ԺԹ. Կանոն կուսանաց Խաչ փոխել, Ի. Կանոն Պսակ օրհնելոյ, ԻԱ. Կանոն Պսակ վերացուցանելոյ, ԻԲ. Կանոն Հաղորդութիւն տալոյ հիւանդի, ԻԳ. Կանոնց յերկրորդումն աւուրն, ԻԴ. Կանոն հերակտրութեան արանց և կանաց, որք զկուսութիւն յանձն առին վասն Քրիստոսի, ԻԵ. Կանոն ձեռնադրութեան կրօնաւորութեան և Սքեմ տալոյ արժանացելոց, ԻԶ. Կանոն Հայր օրհնելոյ, ԻԷ. Աղօթք ի վերայ Տնտեսի, ԻԸ. Կանոն յորժամ Կրօնաւոր վախճանի, ԻԹ. Կանոն Ջուր օրհնելոյ յաւուր յայտնութեան Տ. Մ. Յիսուսի Քրիստոսի, Լ. Կանոն խորհրդածութեան սուրբ իւղոյն, զոր Միւռոնն կոչեն, ԼԱ. Կանոն ապաշխարող առնելոյ, ԼԲ. Կանոն մեծի հինգշաբթին զԱպաշխարողսն արձակելոյ, ԼԳ. Կանովն ի նմին աւուր երեկորին, յորում փրկիչն զոտսն աշակերտացն լուաց, աւանդեաց և մեզ զայս մեծ խորհուրդ ի մեծի հինգշաբաթոջն, ԼԴ. Կանովն Քարոզ պատուիրանի, զոր զեկուցանէ քահանայն ժողովրդեանն, ԼԵ. Կանոն Խունկ օրհնելոյ, ԼԶ. Կանոն զԱրմտիս սերմանեաց, զշիւղջ և զհնձան օրհնելոյ, ԼԷ. Աղօթք ի վերայ երաշտութեան, անձրեւ լինի, ԼԸ. Կանոն Խաչալուայ առնելոյ, ԼԹ. Աղօթք որ պիղծ ինչ կերեալ է, Խ. Որ ի կերակուրս միայն պղծի, ԽԱ. Աղօթք ի վերայ երդմնասխալաց, ԽԲ. Կանոն ձեռնադրութեան Անագանոսաց, որ լինին Գրակարդացք, ԽԳ. Կանոն ձեռնադրութեան Կես սարկաւագաց, ԽԴ. Կանոն ձեռնադրութեան Սարկաւագաց, ԽԵ. կանոն Ձեռնադրութեան Քահանայութեան, ԽԶ. Կանոն զՆշխարս սրբոցն ի հանգիստ փոխարկելոյ, ԽԷ. Կանոն յորժամ Քահանայ վախճանի կամ եպիսկոպոս առ ի թաղումն:
Այս Մայր Մաշտոցը հրատարակիչի կողմէ համեմատուած էՎենետիկի հնաւանդ Մաշտոցին հետ. և ի յայտ եկած է թէ երկուքին Կանոնները նոյն եւ նման են, բացի մի քանի խորագիրներու ջնջին տարբերութեան:
Այս ամենավաղ Մաշտոցներու պարագային՝ որ է Վենետիկի թիւ 457 և Մաշտոցեան Մատենադարանի թիւ 1001 ձեռագիրները՝ կը պարունակեն կանոնական հերթականութեամբ յիշատակուած մեծ թիւով առանձին կանոններ, որոնք հետագայ դարերու հրատարակութիւններէն դուրս մնացած են, ինչպէս տեսանք նախորդ հաղորդումներուն մէջ: Անոնք դուրս հանուած են թէ ձեռագիր և թէ տպագիր Մաշտոցներէն, որովհետեւ ափսոս դադրած են այլեւս գործածութենէ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ