Է Օր Յայտնութեան. Քրիստոսի մկրտութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը (Մատթ. 3, 1 – 17)
Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Ինչպէս գիտէք, եւ համաձայն մեր հայկական տօնացոյցին, այսօր եւ այս օրերուն տակաւին կը գտնուինք Աստուածայայտնութեան եւ Քրիստոսի մկրտութեան տօնական օրերու մթնոլորտին մէջ, եւ ի զուր չէ որ մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը այսօր եւ անցած մի քանի օրերուն՝ մեզմէ պահանջած են կարդալ եւ իւրացնել Մատթէոս Աւետարանիչի՝ Քրիստոսի մկրտութեան այս հարուստ եւ իմաստներով լեցուն հատուածը:
Յաճախ կը խօսինք Քրիստոսի մկրտութեանը եւ անոր կարեւորութեանը մասին՝ նամանաւանդ այն ինչ որ կը վերաբերի մեր ջուրով եւ Ս. Հոգիով մաքրուելուն (այն ինչ որ խնդրուած է մեզմէ), սակայն այսօր թոյլ տուէք որ կանգնիմ այն նախադասութեանը վրայ՝ զոր բոլորս անկէ կը խուսափինք՝ կամայ թէ ակամայ ձեւով...հատուածը կ՛ըսէ.« Հեծանոցը իր ձեռքին, ան պիտի մաքրէ իր կալը, ցորենը հաւաքէ շտեմարանին մէջ, իսկ յարդը այրէ անշէջ կրակով» (Մտթ. 3, 12):
Սիրելիներ, այսօր բոլորս կը խօսինք Աստուածային ողորմութեան մասին, այնքան որ՝ այլեւս չենք զգար թէ մեր մահէն ետք մեզ կը սպասէ անխուսափելի հաշուետուութիւն, ինչպէս նաեւ երկնային արդար դատ՝ ու դատաստան...երբ մեղքի մէջ ենք, ժպիտով կ՛ըսենք. Աստուած ողորմած է, երբ կարիքը կայ ապաշխարութեան եւ կամ «Հօրը բազուկներուն դառնալու», կ՛ըսենք. ինչպէս որ եմ արդէն իսկ Ան զիս սիրած է, հետեւաբար Իրմէ չեմ հեռացած որպէսզի զԻնք կրկին դառնամ..., եւ կամ աւելին՝ այսօր եւ դժբախտաբար մեր մէջ կայ այն զգացումը՝ թէ ինչ որ ընեմ արտօնուած է ինծի եւ իմ արդար իրաւունքս է, եւ ստիպուած պիտի չըլլամ ոչ ոքի իմ անձս արդարացնելու՝ նամանաւանդ Աստուծոյ (հասած ենք վիճակի մը՝ որ արդէն իսկ կորսնցուցած ենք Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ Անոր իմաստը մեր մէջ, որովհետեւ Ան մեզ համար բարին է, Սէրն է, Հայրն է, ներողն է...այնքան որ՝ այլեւս զԻնք չենք զգար եւ չենք տեսներ...չեմ գիտեր եթէ այս է Աստուծոյ փափաքը եւ կամ կամքը...):
Այո սիրելիներ, Աստուած Հայր է, ներող է, Սէր է, համբերող է...բայց ոչ միայն, այլ նաեւ իր ձեռքին մէջ ունի հեծանոցը...սա կը նշանակէ թէ օր պիտի գայ եւ Ան պիտի օգտագործէ սա հեծանոցը, եւ այդ օգտագործման պատճառը մենք պիտի ըլլանք...որովհետեւ,
1. Խաբուեցանք սատանային խօսքերէն եւ խոստումներէն,
2. Խաբուեցանք երբ հաւատացինք թէ չարը գոյութիւն չունի,
3. Խաբուեցանք երբ հաւատացինք թէ մեզ չսպասեր հաշուետւութիւն (եւ այսօր շատ կը խօսուի եւ կը նկատուի որպէս առասպել...),
4. Խաբուեցանք երբ կարծեցինք թէ ազատութիւնը արտօնութիւն է ամէն բան ընելու,
5. Խաբուեցանք երբ Աստուծոյ չափեցինք մեր մարդկային խելքով եւ չափանիշով,
6. Խաբուեցանք երբ մերժեցինք հաւատալ եւ ընդունիլ թէ Աստուած գոյութիւն ունի,
7. Նամանաւանդ խաբուեցանք երբ մոռցանք թէ Աստուած Հայր ըլլալով, Է նաեւ յանդիմանող, դաստիարակող եւ արդար,
Որովհետեւ որմէ՞կ իսկական հայրը եւ կամ մայրը անդադար կը ժպտայ իր զաւակին երեսին եւ կը գնահատէ անոր կատարած բոլոր գործերը՝ նոյնիսկ սխալը...եթէ մենք այսպէս պէտք ենք ըլլալ սիրելիներ, հապա՞ Աստուած որ օրինակն է արդարութեան...եւ որովհետեւ Ան սիրով ու ողորմութեամբ լեցուն է, իր ձեռքերուն մէջ առած է հեծանոցը եւ արդէն իսկ կը մաքրէ իր կալը (կը զատէ իր որդիները սատանային որդիներէն, ցորենը՝ որոմէն), որպէսզի ցորենը պահէ իր շտեմարանին մէջ (արժանի զաւակը վայելէ երկնքի արքայութիւնը), իսկ չարին որդին, եւ կամ սատանային ծառան՝ դառնայ այն տեղը որտեղ պատրաստուած է իրեն նմաններուն՝ եւ գեհենի մէջ բնակողներուն:
Շատ սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, մեր այսօրուան նիւթը եւ կամ մտածականը բաւականին երկար է...ինչ որ այսօր խօսեցանք, պարզապէս նախաբան մըն էր լուրջ եւ էական նիւթի մը որ յուսամ ուրիշ առիթով կը շարունակենք:
Այսօր եւ այս մտածականով, մեզմէ ի՞նչ խնդրուած է սիրելիներ.
1. Չշահագործենք Աստուածային սէրը եւ համբերութիւնը,
2. Յիշենք որ ոեւէ մէկ վայրկեան հաշուետուութեան պիտի կանչուինք,
3. Յիշենք թէ մեր Հայրը թէ գուրգուրացող Հայր է, եւ թէ ալ արդար՝ եւ յանդիմանող,
«Որովհետեւ բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր մարմինով ընդունի հատուցումը երկրի վրայ իր կատարած բարի կամ չար գործերուն» (Բ. Կորնթ. 5, 10). Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ