Որոնել

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ մէջ  Սուրբ և Անմահ Պատարագ և այցելութիւն Շիշլիի Ազգային Գերեզմանոց Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ և Անմահ Պատարագ և այցելութիւն Շիշլիի Ազգային Գերեզմանոց  

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ և Անմահ Պատարագ և այցելութիւն Շիշլիի Ազգային Գերեզմանոց

Սամաթիոյ Անարատ Յղացեալ Եկեղեցւոյ մէջ, Ամենապատիւ և Գերեջանիկ Հոգեւոր Տէրը Պատարագ մատոյց Երանելի Տէր Կոմիտաս Քհն. Քէոմիւրճեանի խորանին վրայ

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի 7 Յունուար 2025–ին, Աստուածայայտնութեան և Մկրտութեան տօներուն յաջորդող Մեռելոց օրը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերեջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Պատրիարքական Կառավաիչ՝ Գերապայծառ Հ. Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեանը,   վաստակաւոր առաջնորդ` Արհի. Հ. Լեւոն Արք. Զէքիանը, հոգեւորական դասը և թաղականները այցելութիւն տուին Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի Հայոց գերեզմանոցը, ուր պաշտօնական ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ պատուոյ հիւերուն, Հոգեշնորհ Հ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի և տեղւոյն հոգաբարձութեան կողմէ:

Արդարեւ, Մեռելոց օրը սկսանք Ս. Պատարագով՝ Սամաթիոյ Անարատ Յղացեալ Եկեղեցւոյ մէջ, զոր մատոյց Ամենապատիւ և Գերեջանիկ Հոգեւոր Տէրը Երանելի Տէր Կոմիտաս Քհն. Քէոմիւրճեանի խորանին վրայ, ի ներկայութեան Գերապայծառ Հ. Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեանի, Արհի. Հ. Լեւոն Արք. Զէքիանի, հոգեւորական դասուն, տեղւոյն թաղականներուն և հաւատացեալ ժողովուրդին: Այս առթիւ աղօթելով որ Աստուած ընդունելի ընէ նահատակ կղերականին սրբութեան պսակումը: Այնուհետեւ, Ամենապատիւ և Գերեջանիկ Հոգեւոր Տէրը, հոգեւորականները եւ ժողովուրդը թափօրով և շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Պատրիարքներու դամբարանը, ուր Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ:

Այս առթիւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ սրտի խօսք ուղղեց Հոգեշնորհ Հ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը. «Թոյլ տուէք որ նախ և առաջ եղբայրական ողջոյնները փոխանցելու Պոլսոյ Հայ Առաքելական Թեմի Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Սահակ Բ. Արք. Մաշալեանի: Մեզի համար իսկապէ՛ս յատկանշական օրեր էին Ձեր Հովուապետական այցելութիւնը, որով Հ. Կ. Համայնքը ուրախութիւնը ունեցաւ իր Հոգեւոր Պետին ներկայութիւնը վայելելու պատմական Պոլիս քաղաքին մէջ և այս մէկը յատկանշական արարողութեան մը զուգադիպեցաւ, որով մեր Եկեղեցիին համար՝ մեր շատ սիրելի Հ. Վարդան Ծ. Վարդապետը, Դուք նշանակեցիք որպէս Պատրիարքական Կառավարիչ: 2025-ի Ձեր Հայրապետական այցելութեան ծիրէն ներս՝ դուք փափաք ունեցաք նաեւ այցելել Պոլսոյ երբեմնի վախճանեալ Պատրիարքներուն դամբարանը և ձեր յարգանքի տուրքը մատուցանելու անոնց՝ սուրբ Ծննդեան ուրախութեան առընթեր, Հ. Վարդանի ուրախութեան առընթեր, մեր ժողովուրդին ուրախութեան առընթեր: Այս այցը պատմութեան մէջ առաջին անգամ տեղի կ'ունենայ համայն հայութեան համար կարեւոր և նշանակալից կեդրոնի մը, ուր կը ննջեն մեծանուն հոգեւորականներ. ինչպէս Մաղաքիա Արք. Օրմանեանը, որ Հ. Կ. Եկեղեցւոյ ծոցէն ելած՝ սակայն Հայ Եկեղեցւոյ կապուածութեան համահայկական խորհրդանիշ դարձած է:

Այսօր ան կը հրճուին աստուածային լուսեղէն կայքերէն և լուսեղէն խորաններէն կը բարեխօսէ Հայ ժողովուրդի միասնակութեան համար»: Այս եղանակաւ, Հոգեւոր Տէրը յայտնեց նաեւ իր պատգամը թէ «Այս աւանդական օրը թանկագին է յատկապէ՛ս հայ Եկեղեցւոյ ու մեր բարեպաշտ ժողովուրդին համար: Հայ Եկեղեցին միակն է որ ծիսական տարուայ հինգ տաղաւարներուն յաջորդ օրը նուիրած է իր ննջեցելաներու յիշատակութեան. Յիրաւի, այստեղ կարծէք կամուրջ մը կայ այս աշխարհի և անդենականի միջեւ. մեր եկեղեցական սրբութիւնները պէտք չէ՛ մոռցուին և պէտք չէ՛ դադրին տօնուելէ, որպէսզի փոխանցուին մեր նոր սերունդին»:

Դարձեալ, Ամենապատիւ և Գերեջանիկ Հոգեւոր Տէրը, հոգեւորական դասը և ժողովուրդը ուղղուեցան Հ. Կ. Եկեղեցւոյ դամբարանները, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ. Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիան «Սուրբ ես Տէր և ի սուրբս հանգուցեալ աղօթքը» արտասանեց ի հանգիստ հայոց սուրբ նահատակներուն: Եզրակաբար, յիշատակութեան արժանի է Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքին խորհրդածութիւնը Օր Մեռելոցի առթիւ. «Աստուած մարդուն յատուկ կերպով ստեղծեց, հողի ու Իր Շունչի խառնուրդը դարձուց մարդը: Այնպէս որ, Ադամը հողէն շինեց, ռունգերէն Իր Կեանքի Շունչը փչեց, և մարդը կենդանի էակ դարձաւ: Բայց այն ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի, ետ պիտի դառնայ: Հողն ալ ետ կը դառնայ դէպի աշխարհ: Բայց քանի որ հոգի ունի մարդը, զոր Աստուծմէ առաւ, ուրեմն Աստուծոյ պիտի վերադառնայ:

Ինչ փառաւոր բան է, իրապէս, Աստուծոյ վերադառնալը: Առաջին դարերուն, քրիստոնեաները մահը կը կոչէին հարսանիք, որովհետեւ, մահը Քրիստոսի հետ միանալու պահն էր: Հետեւաբար, երբ մենք սուրբերու տօները կը կատարենք, իրենց ծծնդեան թուականը չենք նշեր, այլ իրենց մահուան թուականը: Որովհետեւ մահը նոր ծննունդն է, նոր կեանքի սկիզբն է, Աստուծոյ հետ՝ յաւերժութեան միանալու պահն է»:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ Խունկ եւ աղօթք հայ ժողովուրդի համայն ննջեցելոց։

Ռաֆաէլ Մինասեան Կաթողիկոսի Պատրարիքի այցելութիւնը Պոլիս
Ռաֆաէլ Մինասեան Կաթողիկոսի Պատրարիքի այցելութիւնը Պոլիս

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2025, 07:40