Կարդինալ Փիցցապալլա. Յիսուսի Մկրտութեան եկեղեցւոյ օծումը միասնութեան նշան է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յորդանանի Մկրտութեան եկեղեցւոյ՝ Ալ Մաղթասի օծումը նշանակալից իրադարձութիւն է, ոչ միայն տեղական քրիստոնեայ համայնքին, այլեւ Մերձաւոր Արեւելքի համար», Այս խօսքերով մաղթանք յայտնեց Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարքը, Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլան, 10 յունուարին, Յիսուսի Մկրտութեան նոր եկեղեցւոյ օծումին կապակցութեամբ, զոր պիտի գլխաւորուէ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը
Լատինաց Պատրիարքը ընդգծեց եկեղեցւոյ օծումին կարեւորութիւնը, որ տեղի կ՝ունենայ Եկեղեցւոյ համար յոբելինական Սուրբ Տարուան մէջ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի այցելութեան 25րդ տարեդարձի համատեղ, որ օգնեց ի լոյս դնել այս վայրի հոգեւոր եւ պատմական նշանակութիւնը։
Մկրտութեան եկեղեցին, որ ժամանակին ռազմավարական վայր մը էր, ճանչցուեցաւ որպէս Յիսուսի Մկրտութեան վայր շնորհիւ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդա,մ Հայր Միքէլ Փիչչիրիլլոյին ու այս զարգացումը հաւաքական ջանքերուն եւ Յորդանանի աջակցութեան արդիւնքն է, որ վճռորոշ դեր կը խաղաղ Քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ։
Յունուար 10ին նախատեսուած արարողութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասուի եւ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ ամրապնդելու տարբեր դաւանանքներուն միջեւ կապերը եւ խթանելու հիմնական արժէքները, ինչպէս Կրօնական ազատութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին նշանակեց, որպէս իրեն պատուիրակ արարողութեան ներկայ գտնուելու եւ փոխանցելու միասնութեան, յոյսի պատգամը, ընդգծելով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տարբեր համայնքներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու փափաքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ