Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (15)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

ՄԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱ­ԳԻ ԸՆ­ԹԵՐ­ՑԱ­ՍԻ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ԱՐ­ԴԻՒՆՔ­ՆԵ­ՐԸ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­            Ուսումնասի­րու­թեամբ տո­գո­րուած տաս­նու­թա­մեայ Մխի­թա­րը ըն­թեր­ցա­նու­թեան իր իւ­րօ­րի­նակ գոր­ծե­լաո­ճը ու­նէր, որ պի­տի սոր­վեց­նէ նաեւ իր աշա­կերտ­նե­րուն։

­Նախ եր­բեք մէկ գիր­քէն միւ­սը չէր ցատ­կէր, եւ կամ նոյն գլուխ­նե­րը ետե­ւա­ռա­ջու­թեամբ չէր կար­դար, այլ հե­տե­ւե­լով հե­ղի­նա­կի շա­րադ­րան­քի կար­գին եւ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան ըն­թաց­քին միեւ­նոյն գիր­քը ծայ­րէ ծայր, կա­նո­նա­ւոր կեր­պով կը կար­դար։ Եր­բեք գիրք մը կի­սատ չէր ձգեր, այլ սկիզ­բէն մին­չեւ վերջ կը կար­դար, միշտ փոր­ձե­լով լաւ ըմբռ­նել ար­տա­յայ­տուած մտ­քե­րը, ամ­բա­րե­լով կա­րե­ւոր եւ օգ­տա­կար հա­տուած­նե­րը յի­շո­ղու­թեան մէջ եւ երբեմն թուղ­թին կը յանձ­նէր։ Իսկ դժուա­րըմբռ­նե­լի բառ մը եթէ պա­տա­հէր, եր­կար քն­նե­լէ ետք եթէ չկա­րե­նար ըմբռ­նել, իր մօտ կը նշա­նա­կէր, աւե­լի ուշ նմա­նօ­րի­նակ բա­ռե­րու հա­մե­մա­տու­թեամբ յս­տա­կե­լու հա­մար իմաս­տը եւ կամ հարց­նե­լու հա­մար աւե­լի գի­տակ անձի մը։

­Քա­րոզ­նե­րուն հա­մար օգ­տա­կար նկա­տած խօս­քերն ու մտ­քե­րը այդ նպա­տա­կով պատ­րաս­տած պի­տակ­նե­րու վրայ կը նշէր եւ գոց կը սոր­վէր։ Այս­պէս ըրած էր տաս­ներ­կու տա­րե­կա­նէն ի վեր, եւ այդ պատ­ճա­ռով երբ սկ­սէր քա­րո­զել՝ բազ­մա­թիւ աս­տուա­ծաշն­չա­կան մէջ­բե­րում­ներ, խրա­տա­կան խօս­քեր եւ վկա­յու­թիւն­ներ յոր­դա­ռատ կը հո­սէին իր բեր­նէն, եւ ժո­ղո­վուր­դը հիացած կը լսէր իր ազ­դե­ցիկ քա­րոզ­նե­րը։­

Ս. Նշան վան­քի կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին, 1694 թուա­կա­նի Յու­նի­սէն Հոկ­տեմ­բեր եր­կա­րող ամիս­նե­րու, Մխի­թար սար­կա­ւագ կը շա­րադ­րէ Տի­րա­մօր նուի­րուած գո­վա­սա­նա­կան եւ պա­ղա­տան­քի երգ մը, այ­բու­բե­նի տա­ռե­րով սկ­սող 36 տուն, «Ա­ղա­չեմք զքեզ Աս­տուա­ծա­ծին» սկզբ­նա­ւո­րու­թեամբ, որու իւ­րա­քան­չիւր քա­ռեակէն ետք երեք Տէր ողոր­մեա պի­տի եր­գուէր։ Պատ­մի­չը կը նշէ թէ այն կը յօ­րի­նէ՝ եկե­ղեց­ւոյ մէջ եր­գե­լու հա­մար, «Աս­տուա­ծա­ծին մայր Քրիս­տո­սի» անու­նով տաղի մը փո­խա­րէն որու մա­սին մին­չեւ օրս տե­ղե­կու­թիւն­ չու­նինք։ Ինչ­պէս հին մա­տե­նագ­րու­թեան մէջ շատ հե­ղի­նակ­ներ իրենց ստո­րագ­րու­թիւ­նը կը պա­հէին որե­ւէ տո­ղի կամ սկզբ­նա­կա­պի մէջ, Մխիթար ալ այս եր­գի վեր­ջին տու­նե­րու սկզբ­նագ­րե­րով «Մ­խի­թար» անու­նը պահած է։

­            Այս շր­ջա­նին Մխի­թար Աւագ տօ­նե­րուն հա­մար չորս երգ կը յօ­րի­նէ նուի­րուած Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան նա­խոր­դող օրե­րուն յի­շա­տա­կուող սուր­բե­րուն, այ­սինքն՝ Դա­ւիթ մար­գա­րէին եւ Յա­կոբ Տեառ­նեղ­բօր, Ստե­փան­նոս նա­խավ­կային, Գլ­խա­ւոր առա­քեալ­ներ՝ Պետ­րո­սին եւ Պօ­ղո­սին, Որոտ­ման որ­դի­ներ՝ Յա­կո­բո­սին եւ Յով­հան­նէ­սին։

Մ­խի­թար կը յանձ­նա­րա­րէ իր բա­րե­կամ­նե­րէն մէ­կուն, որ այս եր­գե­րը տա­նի ու յանձ­նէ եկե­ղեց­ւոյ դպիր­նե­րուն, առանց յայտ­նե­լու թէ ով էր հե­ղի­նա­կը եւ այս­պէս, այդ եր­գե­րը կը սկ­սին եր­գուիլ եկե­ղեց­ւոյ մէջ, մին­չեւ օրս, կը գրէ պատ­մի­չը, որ 173­6ին ար­ձա­նագ­րած է այս տե­ղե­կու­թիւ­նը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2025, 08:07