ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (16)
ՄԽԻԹԱՐ ՏԱՂԱՍԱՑ ՑԱՆԿԱԼԻ ԱՇԱԿԵՐՏ ԶԱՆԱԶԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒ
Ս. Նշանի վանքէն անցնող բազմաթիւ վարդապետներ կ՚ուզեն սիրաշահիլ տասնութամեայ Մխիթար սարկաւագը եւ համոզել որ իրենց աշակերտի։
Այդ տարի, 1694ին, Գրիգոր անունով վարդապետ մը Սեբաստիա կը ժամանէ եւ որպէս ուխտաւոր Ս. Նշան վանքը կ՚իջեւանի։ Օր մը, ճաշաժամէնն ետք, վարդապետը իր հետ եկած ուխտաւորներուն եւ բազմաթիւ միաբաններու հետ եկեղեցի կ՚երթայ աղօթելու։ Վարդապետը բեմին վրայ գեղեցիկ վարդապետական գաւազան մը նկատած էր եւ կ՚ուզէր մօտէն տեսնել. կը հրամայէ Մխիթար սարկաւագին որ բերէ։ Զննելէ ետք, գաւազանը Մխիթարի կը յանձնէ վարդապետական աստիճանի տուչութեան բանաձեւով՝ «Ա՛ռ քեզ զգաւազան իշխանութեան՝ քարոզելոյ զբանն կենաց...»։ Մխիթար սարկաւագն ալ, ի պատասխան վարդապետի կատակին, առանց այլայլելու կը ծնրադրէ եւ աջը համբուրելով գաւազանը կ՚առնէ ըսելով. «Գերամեծար վեհանձնութենէդ կ՚ընդունիմ այս քու պարգեւդ, եւ յօժարութեամբ կ՚առնեմ»։ Ապա վարդապետի հրամանին վրայ կէս ժամէն աւելի յանպատրաստից քարոզ կը խօսի ներկաներուն առջեւ, որոնք հիացումով կը լեցուին։
Նոյն օրերուն հոն կը գտնուէր նաեւ Յովսէփ անունով վարդապետ մը, հռչակաւոր փիլիսոփայ, որ Մխիթարի ուշիմութիւնը տեսնելով ամէն ձեւով կը փորձէ համոզել որ իր աշակերտը դառնայ, խոստանալով իրեն իմաստասիրական գիտութիւնները սորվեցնել։ Մխիթար կը հրաժարի, յատկապէս տեսնելով որ այդ վարդապետն ալ բնաւ չէր ակնարկեր հոգեւոր կեանքի, աստուածսիրութեան եւ առաքինի վարքի մասին։
Այդ շրջանին Ս. Նշանի վանքէն կ՚անցնի նաեւ վարդապետ մը որ ձեռքը կորսնցուցած ըլլալով «Չոլախ» մականունը կը կրէր եւ հռչակաւոր էր իր ճգնազգեաց վարքով, խստակրօն պահեցողութեամբ եւ երկար ժամեր յոտնկայս աղօթելով։
Այս Չոլախ վարդապետը իր քարոզներուն մէջ այնպէս գունաւոր եւ վախազդեցիկ խօսքերով կը նկարագրէր դեւերու փորձութիւնները, շատ անգամ օձերու նմանցնելով կիներուն կրած ապարանջաններն ու վզնոցները, որ պարզամիտ ունկնդիրները, սարսափահար, քարոզէն ետք սրտանց ապաշխարել ուզելով եւ իրենց յաւիտենական փրկութիւնը ապահովցնելու հետամուտ՝ իրեն կը նուիրէին կրած ոսկեղէն կամ արծաթեղէն արդուզարդը։
Այս Վարդապետը Էջմիածնի մէջ հանդիպած էր Մխիթարի եւ փորձած էր համոզել որ իր աշակերտը դառնար, խոստանալով բժշկել անոր ակնացաւը, որ սատանայի տուած հարուածի արդիւնքը կը համարէր։ Մխիթար չէր համաձայնած եւ այս անգամ եւս տեղիք չի տար անոր հրապուրիչ եւ նոյնիսկ սպառնալից խօսքերուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ