Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ՌաՖայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդունեց կարդինալ Պշարա Ռայի պատրիարքը
Հինգշաբթի, 16 Յունուար 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդունեցաւ Մարոնիթ Եկեղեցիին Ն.Ա.Վ. Պատրիարքը՝ Կարդինալ Պշարա Ալ Ռաիին, Աշրաֆիէի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ՝ ընկերակցութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերպծ. Հաննա Եպս. Ուլուանի եւ ներկայութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահի, Հ. Տիգրան Վրդ. Փիլիպոսեանի, Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի, Հ. Արամ Վրդ. Աբրահամեանի, Տէր Րաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեանի եւ պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիի:
Հանդիպումին ընթացքին, Ն.Վ. Կարդինալ Ռաիի շնորհաւորեց Մինասեան Հոգեւոր Տէրը Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով՝ անոր մաղթելով օրհնաբաշխ ու բարեբեր տօներ, ինչպէս նաեւ յուսալով, որ նոր տարին խաղաղութիւն, անդորրութիւն ու կայունութիւն բերէ ամբողջ աշխարհին, Միջին Արեւելքին եւ յատկապէս Լիբանանին: Մեր Կաթողիկոս-Պատրիարքին մաղթեց քաջառողջութիւն, որպէսզի շարունակէ իր հովուապետական առաքելութիւնը՝ իմաստութեամբ եւ անշեղ առաջնորդութեամբ:
Իր կարգին, Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց Ռաիի Պատրիարքը տօներուն առիթով՝ խնդրելով Աստուծմէ, որ անոր շնորհէ արեւշատութիւն եւ կողքին կանգնի Եկեղեցիին հովուապետութեան համար:
Նոյնպէս, Ն.Ա. Ռաիի եւ Մինասեան Պատրիարքները ընդգծեցին Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աունի երդումին ատեն արտասանած խօսքին կարեւորութիւնը, որ ներկայացուց ընդհանուր ուղեգիծերուն մէջ եւ բոլորին պարտադրեց, որպէսզի յարատեւ գործեն՝ խոստումները կատարելու համար, մանաւանդ արդարութեան ամրապնդումին, տնտեսական բարգաւաճումին եւ քաղաքացիներուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան ծիրէն ներս:
Այնուհետեւ, երկու Հոգեւոր Պետերը անդրադարձան Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակին եւ քրիստոնեաներու ներկայութեան տարածաշրջանին մէջ: Անոնք նաեւ քննարկեցին որոշ միջեկեղեցական հարցեր:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ