Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ողջունեց նոր առաջնորդը ու հրաժեշտ տուաւ նախկինին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կիրակի 23 Փետրուար 2025ին Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ "Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ" եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ որ գլխաւորեց Յունաստանի հայ Կաթողիկէներու նորանշանակ Առաքելական Կառավարիչ` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անդամ, Գերյ. Միքայէլ Ծ. Վ. Պասալէն մասնակցութեամբ նախկին Առաքելական Կառավարիչ` Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեանի։
Արարողութիւնը կազմակերպուած էր նոր առաջնորդի անդրանիկ սուրբ պատարագի եւ նախկին առաջնորդի հրաժեշտին առիթով ուրուն ներկայ գտնուեցան` Յունաստանի մէջ Պապական Նուիրակը` Jean Romeo Pawlowski, Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր Դեսպան Պր. Տիգրան Մկրտիչեան, Աթէնքի Լատին Եկեղեցւոյ Արք. Tehodoros Kondidis, Սրբազան Հայր Խորեն Եպս. Առաքելեան, Սրբազան Հայր Սահակ Եպս. Եմիշեանի Ներկայացուցիչ, Վերապ. Վիքէն Չոլաքեան, Հայր Giulio ապա զանազան հաստատութիւններու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողական աշխարհի անդամներ եւ բազմաթիւ բարեկամներ ու հաւատացեալներ։
Յունաստանի Նախկին Առաջնորդ` Գերյ. Յովսէփ Պէզեզեան, արարողութեան ընթացքին խօսքը ուղղելով նորանշանակ Հայր Միքայէլին ի միջի այլոց ըսաւ. «Այսօր քեզի գոհար մը կը յանձնեմ, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը։ Նոյնիսկ եթէ ան փոքր է, միշտ կը մնայ արժէքաւոր գոհար մը, որ պարտաւոր կը զգանք խնամել, պահել ու պահպանել բոլոր միւս քոյր եկեղեցիներու գոհարներուն հետ միասին, գոհարներ` որ կը փայլին եւ կը վկայեն Յիսուսը` լոյսը աշխարհին»։
Նշենք` որ գերյարգելի Յովսէփ Ծ. Վրդ Պեզեզեան տասը տարիներ ամբողջ ժրաջան ծառայած է Յունաստանի հայ կաթողիկէ թեմէն ներս, Ան Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ այդ պաշտօնին վրայ նշանակուած էր 21 մարտ 2015-ին յաջորդելով լուսահոգի գերապայծառ Նշան Քարաքեհէեանին։ Իսկ Հայ Միքայէլ Պասալէին անուանումը կը կրէ 25 Յունուար 2025 թուականը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ