«Հիմա Վերադարձէ'ք Ինծի Ամբողջ Սրտով» - Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Մարտ 2-ին, Բուն Բարեկենդանի Կիրակի օրը սկսող Քառասնորդաց շրջանի հետապնդած նպատակը՝ վերադարձն է առ Աստուած, որ Յովէլ մարգարէին բերնով կը պատգամէ. «Հիմա վերադարձէ'ք ինծի ձեր ամբողջ սրտով» (Յովէլ, 2, 12):
Անյետաձգելի ու լուրջ պատգամ մըն է. «Հի՛մա, ինծի վերադարձէ'ք»:
Ինչո՞ւ Հիմա. միթէ՞ այնքան խստասիրտ ու անապաշխար մեղաւորներ ենք: Միթէ՞ այս տարի՝ անցեալ տարուընէ աւելիմխրճուած ենք մեղքի մէջ: Ինչո՞ւ Աստուծոյ համար անհրաժշտ է, որ Իրեն անյապաղ վերադառնանք: Պատճառը կամ պատասխանը կը գտնենք նոյն մարգարէին հետեւեալ խօսքին մէջ. «Որովհետեւ, Ան ողորմած է եւ գթած, համբերատար ու շատ կարեկից» (Անդ, 2,13):
Քառասնորդացը յաճախ «դժուարամարս» շրջան մըն է, որ Մեզի կը պարտադրէ ծոմապահութիւն, ապաշխարանք եւ անձնուրացութիւն: Իրերայաջորդ Քառասուն անհրապոյր օրեր են՝ վեց շաբաթներու երկայնքին:
Մխիթարարական է, սակայն, գիտնալ, որ Քառասնորդացով Եկեղեցին շեշտը կըդնէ ո'չ թէ մեզմէ պահանջուած հոգեւոր հրահանգներուն վրայ, այլ՝ Աստուծոյ շնորհաբուխ ողորմութեան վրայ: «Աղուհացից» շրջանը հաւատացեալներուն համար, գերազանցապէս փրկարար նպաստներ ընդունելու ժամանակն է:
Քառասնորդացը մեզի կ'ընծայէ քառասուն օրեր, որոնց ընթացքին Աստուծոյ ներկայութիւնը աւելի զգալի կը դառնայ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու կեանքին մէջ: Քառասուն հոգեշահ պատեհութիւններ են անոնք, առաւել մերձենալու Յիսուսի Քրիստոսի մեր Տիրոջ: Քառասուն օրեր, որոնց միջոցին մեր վրայ կը զեղուն բարեգթութիւն, սէր եւ հոգեկան սփոփանք:
Քառասնորդացի ընթացքին Աստուծոյ ողորմութեան գանձերը մեր տրամադրութեան տակ կը դրուին: Այս ժամանակամիջոցին, Տէրը հրաշալիքներ կրնայ գործել մեր կեանքին մէջ, պայմանով, որ ժամանակ գտնենք Իրեն վերադառնալու: Առ այդ, մենք մեզ տրամադրելի դարձնենք Անոր սրբարար շնորհքին՝ մեր սրտին մէջ ներգործելու եւ Անոր առիթ տանք իր փրկարար պարգեւներով մեզ լիացնելու:
Այս կապակցութեամբ, հետեւեալ հոգեւոր հրահանգները կրնան մեզի օգտակար ըլլալ.
• Ամէն օր, ժամանակ գտնենք աղօթելու, զԱստուած փառաբանելու եւ Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու՝ մեզի իր շռայլած շնորհքներուն եւ տածած սիրոյն համար.
• Ամէն օր, մեր խիղճը քննենք եւ զղջանք այն բոլոր մեղքերուն վրայ, որ մեզի արգելք են մեր վարքով ցոլացնելու Աստուծոյ անհուն մարդասիրութիւնը.
• Ամէն օր, ժամանակ գտնենք կարդալու Սուրբ Գիրքը եւ հայցելու Սուրբ Հոգիէն, որ մեր սրտին խօսի.
• Առաջադրենք՝ դիմելու Խոստովանանքի կենարար Խորհուրդին, եւ յաճախ մասնակցելու Եկեղեցւոյ հոգեզմայլ արարողութիւններուն ու պարգեւատու ծիսակատարութիւններուն:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետին խօսքերով աղօթենք. «Որդի Աստուծոյ կենդանւոյ, օրհնեալ յամենայնի, Հօրդ ահաւորի անքնին ծնունդ, որ տկարանայ առ ի Քէն եւ ոչ ինչ... Որ ոչ եկիր կորուսանել զմարդկան ոգիս, այլ կեցուցանել, թող ինձ զանթիւ չարիսն իմ բազում ողորմութեամբդ...եւ Քեզ ընդ Հօր եւ ընդ Հոգւոյդ Սրբոյ փառք յաւիտեանս. Ամէն» (Նարեկ, Աղօթք 39):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ