Որոնել

Պատերազմական օդանաւ Պատերազմական օդանաւ  (AFP or licensors)

Կարդինալ Հոլլերիխ. Թող վերականգնուի խաղաղութեան բարոյականութիւնը

«Սպառազինութիւններուն մրցավազքը մտահոգիչ եւ վտանգաւոր է» Լուքսամպուրկի արքեպիսկոպոսի զրոյցը «Վատիկան Նիւզ»ի հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լուքսամպուրկի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ, որ անդամ է նաեւ  ինը կարդինալներուն խորհուրդին, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի  մը ընթացքին խօսեցաւ Եւրոպայի մէջ տիրող ներկայ ծանր իրավիճակին մասին, ուր մեծ մտահոգութիւնը կը տիրէ սպառազինութիւններուն աճումի գծով։ Կարդինալ Հոլլերիխ, ըլլալով տարբեր տարիներէ ի վեր Եւրոպայի հասարակութեան եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն յանձնաժողովի նախագահը լաւապէս կը ճանչնայ Եւրոպայի քաղաքականութեան զարգացումը։ Ան մինչեւ այսօր փոխ նախագահն է  Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն։

Հարցազրոյցի սկիզբը կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ մտահոգութիւն յայտնեց Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ սպառազինութիւններուն աճող մրցավազքի կապակցութեամբ՝ ընդգծելով կառավարութիւններու միջեւ բարոյական լարուածութեան անկումը։ Ծիրանաւորը քննադատեց բազմակողմնութեան անկումը եւ գերտէրութեան հայեցակարգի վերածնունդը զգուշացնելով, որ խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն բազմակողմ մօտեցումի միջոցաւ, ինչպէս միշտ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսած է։

Կարդինալ Հոլլերիխ ընդունեց Եւրոպական որոշ երկիրներու մէջ ռազմավարական վտանգներու ընկալումը, ինչպէս Պալթեան երկիրները եւ Մոլտաւիան՝ ընդգծելով պաշտպանական բնոյթի եւրոպական ռազմական հզօրացման անհրաժեշտութիւնը։ Կարդինալ Հոլլերիխ նկատել տուաւ, որ Եւրոպան ծնած է Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի մոխիրներէն ու պէտք , որ Ան պահպանէ իր խաղաղութեան կոչումը։

Ինչ կը վերաբերի սպառազինութեան ծիրէն ներս 800 միլիար եւրոյի հսկայական ներդրման, կարդինալ Հոլլերիխ առաջարկեց զէնքի արտադրութիւնէն ստացուած շահոյթը վերաներդնել ընկերային գործունէութեան մէջ, ինչպէս առողջապահութիւնը, կրթութիւնը յայտնելով, որ ինք մտադիր է, որ այդ առաջարկը ներկայացնէ Սուրբ Աթոռի մօտ Եւրոպական միութեան դեսպանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2025, 08:00