Որոնել

2020.03.18 san Giuseppe-Gesu - Maria - Fallegname

Եկեղեցական Գիտելիքներ Գ. Շաբաթ Քառասնորդաց ( 16 – 23 Մարտ 2025)

Չորեքշաբթի 19 Մարտին՝ Ս. Յովսէփ Աստուածահօր տօնն է (ըստ լատինաց): 19 մարտին, կը նշուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան պաշտօնական մեկնարկը:
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց երրորդ շաբաթը անառակ որդիի շաբաթն է. Յիսուսի ամէնէն գեղեցիկ առակներէն մին է այս, ուր կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմութեան անհուն ուժգնութիւնը մեղաւոր մարդուս  նկատմամբ։ Նման մտահոգ հօր մը, որ չի հաներ իր սրտին մէջէն իր որդւոյն սէրը, նոյնիսկ երբ ան կը հեռանայ իրմէ եւ անառակութեամբ կը վատնէ իր հարստութեան կէսը, ան միշտ յոյս ունի անոր վերադարձին եւ կը սպասէ անձկագին  որ դառնայ իր կորսուած զաւակը։

Եթէ Աստուած դատապարտէր ամէն շեղում եւ որեւէ յոյս մը չթողուր մեղաւորին, պիտի ըլլար նման միւս ազգերուն պաշտած աստուածներուն, որոնք ծարաւի էին զոհերու եւ չէին յագենար երբեք, երբեմն նոյնիսկ մարդկային զոհեր պահանջելով։

Քրիստոնէութեան Աստուածը հայր է նախ քան արարիչ կամ դատաւոր ըլլալը։ Ան ոչ միայն կը ներէ զղջացող մեղաւորին, այլ նոյնիսկ շատ աւելի մեծ ուրախութիւն ու վարձատրութիւն կը շնորհէ անոր քան իր հետ մնացող արդար մարդոց։

Չորեքշաբթի 19 Մարտին՝  Ս. Յովսէփ  Աստուածահօր տօնն է (ըստ լատինաց): 

Յովսէփ  Դաւթի ցեղէն էր,  աւետարանը զայն կը կոչէ ՜՜Արդար ՝՝ մարդ:  Նշանուած էր Մարիամի հետ. Նազարէթի մէջ իր ապրուստը կը շահէր հիւսնութեամբ:  Երբ Յովսէփ իմացաւ որ Մարիամ յղի էր,  ազնիւ մարդ ըլլալով ՝ որոշեց առանց պատճառը հրապարակելու լռելեայն արձակել Մարիամը,  սակայն Աստուծոյ հրեշտակը տեսիլքի մէջ երեւցաւ անոր եւ ըսաւ.  ՜՜Յովսէփ Դաւթի որդի,  մի վախնար տունդ առնելէ Մարիամը իբր քու կինդ,  որովհետեւ անոր մէջ ծնածը Սուրբ Հոգիէն է:  Պիտի ծնի որդի մը,  անոր անունը Յիսուս պիտի դնես  (որ կը նշանակէ ՓՐԿԻՉ) որովհետեւ ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը մեղքերէն:  Ասիկա կը կատարուի համաձայն Աստուծոյ Խօսքին Եսայի մարգարէի բերնով. ՜՜Ահա կոյսը պիտի յղանայ և պիտի ծնի որդի մը որուն անունը պիտի դնեն Էմմանուէլ  որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ:  Յովսէփ հնազանդեցաւ ու իր մօտ առաւ Մարիամը աւելի սերտ սիրով ու յարգանքով կապուեցաւ անոր. տէր կանգնեցաւ Մարիամին ու նաեւ Յիսուսին: 

Յիսուս բազմիցս կոչուած է Որդի Աստուծոյ,  Որդի Դաւթի  ու Որդի Մարդոյ,  սակայն նաեւ կը մնայ Որդի Յովսէփայ,  ասիկա Յովսէփին անկապտելի եւ յաւիտենական փառքն է: Արդար է եկեղեցւոյ բարձրագոյն յարգանքը Յովսէփի նկատմամբ ան կը ներկայացուի աստուածային իր մանուկը բարձր ու հայրաբար բռնած աշխատաւորի կարշնեղ քաջակազմ բազուկներէն մէկուն մէջ եւ միւս ձեռքին մէջ բռնած շուշանածաղիկ մը խորհրդանիշ իր անարատութեան եւ հոգեկան մաքրութեան:  Յայսմաւուրքին մէջ Յովսէփ ներկայացուած է իբրեւ մարդ մը ամբողջովին քաղցրութեամբ լեցուն,  հեզ,  ողորմած,  մարդասէր,  վշտակից այլոց և օժտուած ամենաբարի բնութեամբ:  Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը Իտալիոյ մէջ կը նշուի նաեւ հայրերու տօնը:  

Միշտ 19 մարտին, կը նշուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան պաշտօնական մեկնարկը:  

Շաբաթ 22 մարտին, տօնն է Ս. Յովհաննէս Երուսաղէմի հայրապետին, յաջորդը Կիւրեղին։ Ան նշանաւոր եղաւ իր սուրբ կեանքով եւ կրօնական գիտութեամբ։ Բարեկամ էր Յովհան Ոսկեբերանի, որուն հետ կը նամակցէր երբ այս վերջինը աքսորի մէջ էր։ Պայքար մղեց Պեղագեան հերձուածին դէմ. Մեռաւ խաղաղ մահով։

Կիրակի 23 Մարտը՝ Դ. կիրակին քառասնորդաց, «Տնտեսի» կիրակի է։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2025, 08:06