Քրիստոսի Լոյսով Բոցավառ. Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Բեթղեհէմի լոյսերը մարած կը թուին վաղուց, մինչ Արեւելքէն եկած մոգերը իրենց երկիրներն են վերադարձած, զիրենք առաջնորդող աստղը թողլով տիեզերքի անհունութեան մէջ:
Քառասուն օր անցած է, արդէն, ու մեր ծիսական տօնացոյցը կը յիշեցնէ, թէ Մանուկ Յիսուսի Ծննդեան առնչուող «սրբութեան օրերը» լրացած ըլլալով, Յովսէփ ու Մարիամ պէտք է Մանուկը Երուսաղէմ տանին «Տիրոջ ներկայացնելու համար» (Ղուկաս 2, 22), «որպէսզի Օրէնքի պատուէրը կատարեն» (Անդ, 2, 27):
Ա'յս է, ահա', ամբողջ խորհուրդը Աւետարանի սոյն դրուագին, որ կայծկլտող մոմերու պատկերին ընդմէջէն կը զգենու հոգեգրաւ անուն մը՝ Տեառնընդառաջ, որ հանդիպում եզրը կը ներփակէ:
Բոցավառ մոմի պատկերը կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, որ օր մը անվարան պիտի հռչակէր. «Ես եմ աշխարհի լոյսը» (Յովհաննէս 8, 12):
Յիրաւի, Տեանընդառաջը հանդիպումի օր է. հանդիպումը քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճարին մէջ, հանդիպումը ծերունի Սիմէոնի եւ Աննա մարգարէուհիին, որոնք աստուածահաճոյ ու անընդհատ աղօթքներով կը սպասէին աստուածային Մանուկը տեսնելու, եւ Անոր լոյսով լիանալու, ինչպէս որ պիտի խոստովանի Ծերունի Սիմէոն. «Աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ... իբրեւ լոյս՝ լուսաւորելու համար հեթանոսները» (Ղուկաս 2, 30 եւ 32):
Տեառնընդառաջի տօնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի այսօրուան մարդուն կամ մեզի համար:
Մենք, իբրեւ քրիստոնեայ հաւատացեալներ այս աշխարհիս մէջ ճանապարհորդութիւն մը կը կատարենք՝ Քրիստոսի հանդիպելու ակնկալութեամբ: Ինչ պայմաններու մէջ ալ ապրինք, մենք եւս կրնանք Քրիստոսի ընդառաջ ելլել Անոր հանդիպելու յոյսով:
Քրիստոս մեզի ալ կը հանդիպի գլխաւորապէս երկու ձեւով. մին՝ ուղղակի, միւսը՝ անուղղակի:
Ուղղակիօրէն...Քրիստոս մեզի կը հանդիպի նախ, -ամէն անգամ երբ Անոր աղօթենք եւ ապա՝
-ամէն անգամ, երբ Ս. Խորհուրդներուն մերձենանք եւ Անոնցմով յագեցնենք մեր հոգիները.
-ամէն անգամ, երբ աղօթենք: Անհատական թէ հաւաքական, առանձնական, թէ ծիսական, ձայնիւ, թէ անձայն կատարուած աղօթքի միջոցով մենք եւս ընդառաջ կ'ելլենք՝ Իր ճշմարտութեան լոյսը եւ Իր սիրոյ ջերմութիւնը մեզի պարգեւող Քրիստոսի: Աղօթքը իր բոլոր տեսակներով հանդիպման ժամանակ է Քրիստոսի հետ:
Ապա՝
-ամէն անգամ երբ Ս. Խորհուրդներուն մերձենանք: Արդարեւ,
-Մկրտութեան, Դրոշմի, Ս. Հաղորդութեան, Քահանայութեան, Ամուսնութեան, Խոստովանանքի եւ Հիւանդաց Օծումի Խորհուրդներուն շնորհիւ՝ մենք կը հաղորդուինք Տիրոջ կեանքին, լոյսին եւ սիրոյն:
Քրիստոնէականը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Սուրբ Խորհուրդները արդիւնագործ նշաններն են շնորհքին. հաստատուած են Քրիստոսէն եւ յանձնուած՝ Եկեղեցւոյ: Անոնցմով մեզի կը բաշխուի աստուածային կեանքը (Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական, 1131):
Իսկ անուղղակիօրէն, Քրիստոս մեզի կը հանդիպի զանազան անձերու միջոցով: Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին կ'ըսէ. «Ահաւասիկ քու առջեւէդ կը ղրկեմ իմ պատգամաբերս, որ քու ճանապարհդ պատրաստէ» (Մարկոս 1,1):
Տիրոջ ճանապարհը պատրաստելու կոչուած է ամէն քրիստոնեայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր մկրտեալի կոչումն է իր քրիստոնէավայել կենցաղով եւ օրինակելի վարքով դեսպան ըլլալ Քրիստոսի՝ իր ընտանիքին, միջավայրին կամ աշխատանքի շրջանակին մէջ. «Թող տեսնեն ձեր բարի վարքը, որպէսզի փառք տան Աստուծոյ» (հ.մ.մ.տ. Մատթէոս 5, 16): Արդէն Սուրբ Գիրքը մեզ կը զգուշացնէ, որ չըլլայ թէ մեր անվայել կենցաղին պատճառով մարդիկ Աստուծոյ անունին հայհոյեն:
Անոնք, որոնք կը պատկանին Քրիստոսի եւ ողողուած են Անոր լոյսով ու կեանքով՝ մէկական պատգամաւորներ են ուրիշները պատրաստելու համար, որպէսզի անոնք եւս ընդունին Քրիստոսի լոյսը: Մենք, մեր կրօնքը պաշտպանելու պարագային, չենք կրնար Յիսուսը ուրանալ կամ չէզոք դիրք բռնել անհաւատին կամ թերահաւատին դիմաց ու ըսել. «ես իմ կրօնքս ունիմ, դուն ալ քուկդ ունեցիր»:
Սուրբ Ղեւոնդ Երէց եւ Սուրբ Վարդան Զօրավար, իրենց ընկերներուն հետ եւ իրենց նահատակութեամբ՝ լաւագոյն ձեւով պատրաստեցին հայ քրիստոնեայ ապագայի սերունդները:
Մեզմէ ոմանք կոչուած են ամուսնական կեանքի, ուրիշներ՝ քահանայական կամ կրօնաւորական կեանքի: Ամէն պարագային եւ ինչ որ ալ ըլլայ մեր կոչումը, Աստուած մեզմէ կը խնդրէ, որ Իր դեսպաններն ըլլանք, առաքեալներն ըլլանք՝ ուրիշներուն առջեւ, որպէսզի անոնք եւս մղուին ընդառաջելու Փրկիչ Քրիստոսի:
Առաքեալ են ծնողները՝ իրենց զաւակներուն նկատմամբ, կնքահայրերն ու կնքամայրերը՝ իրենց սաներուն կամ սանուհիներուն, ուսուցիչները՝ իրենց աշակերտներուն, եկեղեցականները՝ իրենց հաւատացեալներուն, գործատէրերը՝ իրենց գործաւորներուն, աշխատաւորները՝ իրենց աշխատակիցներուն, բժշիկները՝ իրենց խնամքին յանձնուած հիւանդներուն, լրագրողները՝ իրենց ընթերցողներուն...Այլ խօսքով, բոլորս կոչուած ենք բոցակէզ մոմի նման ըլլալու՝ սփռելու համար մեր շուրջիններուն վրայ դէպի յաւիտենական երջանկութիւն առաջնորդող Քրիստոսի լոյսը:
Բոցավառ մոմին պատկերը մեզի կը թելադրէ, որ իւրաքանչիւրս, թէ ըլլանք ամուսնացած կամ ամուրի կամ եկեղեցական, պարտինք տոչորիլ Քրիստոսի ճշմարտութեան եւ սիրոյ հուրով:
Այս կերպով է, որ բոլոր անոնք, որոնք շփում ունին մեզի հետ պիտի կարենան, մեր տուած աստուածահաճոյ կեանքի օրինակին հետեւելով, ընդառաջ ելլել մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի՝
Անոր հանդիպելու եւ արժանանալու Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ