«Դուն ալ կրնաս սուրբ դառնալ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Որպէս վերնագիր առնուած նշանաբանը Ս. Խոսեմարիա Էսկրիուայի (Jose María Mariano Escrivá y Albás; 9 - 01- 1902 - 26 -07- 1975) ուսուցումէն գաղուած է: Սուրբը՝ սպանացի կաթողիկէ քահանայ մըն էր, ով հիմնած էր Opus Dei կազմակերպութիւնը, որ բաղկացած էր աշխարհականներէ եւ եկեղեցականներէ՝ նուիրուած ապրելու ամենօրեայ սրբութեան կեանքով։ Սոյն նշանաբանով Լիբանանի մէջ երգեր յօրինուեցան, հոգեւոր կրթութիւններ կազմակերպուեցան, մինչեւ այն տարողութեան՝ որ գրեթէ Լիբանանի եւ արեւելքի քրիստոնեաները լսեցին այս ուսուցումին մասին:
Պահեցողութեան այս օրերուն, անհրաժեշտ է անգամ մը եւս խորհրդածել սուրբ դառնալու հրաւէրին մասին:
Պահեցողութեան ժամանակամիջոցը հրաւէր մըն է՝ այլեւ քաջալերանք է եկեղեցւոյ կողմէ իր զաւակներուն, որպէսզի անոնք խորհրդածեն իրենց մեղքերու մասին, ապաշխարեն՝ խոստովանելով զանոնք, եւ ըստ այնմ իրենց կեանքի ընթացքը ուղղեն դէպի սրբութիւն: Սրբութիւնը սակայն այնքան ալ դիւրին հասանելի իրականութիւն մը չէ: Անոր կրնանք հասնիլ միայն տքնաջան աշխատանքով: Ընդհանրապէս այն ըմբռնումը կայ, որ սրբութիւն կը նշանակէ մի քանի բարեսիրական արարքներ եւ բարեպաշտական երեւոյթներ: Սակայն սրբութեան էութիւնը կը կայանայ սրտի մաքրութեան մէջ: Աստուծոյ գլխաւոր ստորոգելին 'Սէրը' չէ, այլ՝ 'սրբութիւնը': Եւ միայն սրտով մաքուրները կրնան տեսնել զԱստուած (Մտթ. 5:8): Երբոր անձ մը տեսնէ զԱստուած, իր կեանքը ամբողջ ապաշխարութեամբ կ'անցնէ, որովհետեւ կը գիտակցի իր մեղքերու մեծութիւնը: Հոս կարեւոր հարց մը ինքզինք մէջտեղ կը դնէ՝ ե՞րբ էր, որ վերջին անգամ խոստովանեցար քու քահանայիդ: Այս հարցումին պատասխանին վրայ կրնանք գիտակցիլ, թէ որքանով լուրջ ենք սրբութեան կեանք մը ապրելու մէջ: Եթէ պահեցողութիւնը առանց խոստովանանքի անցնենք, սա կը նշանակէ, որ ինչպէս որ սկսանք այս ժամանակամիջոցը, նոյնպէս ալ պիտի աւարտենք զայն՝ առանց որեւէ փոփոխութեան մեր կենցաղին մէջ:
Երկրորդ կարեւոր կէտ մըն ալ կայ, որ պէտք է յիշենք՝ որպէս սրբութեան առաջնորդող միջոց: Եկեղեցիինները ընդհանրապէս զարդարուած կ'ըլլան Քրիստոսի, Աստուածամօր եւ սուրբերու նկարներով եւ կամ արձաններով: Ասոնք սակայն սոսկ զարթի համար չեն, այլ անոնք հոն են՝ որպէսզի յիշեցնեն մեզ կեդրոնացնելու մեր ուշադրութիւնը իրենց վրայ: Քրիստոսի վրայ՝ որպէսզի մեր պաշտամունք մատուցենք Իրէն. եւ սուրբերուն՝ որպէսզի իրենց բարեխօսութեամբ եւ կեանք օրինակով մեզ օգնեն աճելու սրբութեան մէջ: Սուրբերը իրենց կեանքերով մեկնաբանեցին Ս. Գիրքը եւ զայն հասկնալի դարձուցին հաւատացեալներուն:
Առաքինութիւններու մէջ աճիլը սրբութեան առաջնորդող կարեւոր միջոց մըն է: Օրինակի համար հնազանդութեան առաքինութիւնը: Աշխարհի տրամաբանութեամբ, մէկը կրնայ հնազանդ ըլլալ եթէ ժամանակ ունենայ, կամ իրէն տրուած հրամանը տրամաբանական գտնէ եւ կամ հրաման արձակող անձը իրէն սիրելի ըլլայ: Սակայն այս բոլորն ալ սուրբ գրային ուսուցումներ չեն: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ՝ « Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք միայն, ի՞նչ շնորհք կ՚ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ կը սիրեն զիրենք սիրողները» (Ղուկ. 6:32)։ Նոյն սկզբունքով կարելի է ըսել՝ ի՞նչ առաքինութիւն կայ հնազանդ ըլլալ միայն երբոր հրամանը մեր հաճոյքին կը յարմարի: Հայր Փիոն օրինակի համար, որ ներկայ ժամանակներու ամենամեծ սուրբերէն է, իր հնազանդութիւնը եկեղեցւոյ հրամանին անսակարկ էր: Ան նախընտրեց հնազանդիլ, քան թէ ինքզինք արդարացնել: Այլ օրինակ մը՝ Սրբուհի Ռիթան: Ան, որպէս հնազանդութիւն ջրեց անկենդան ճիւղ մը, մինչեւ օր մը այդ ճիւղը պտղաբերեց: Եւ նման շատ օրինակներ կան սուրբերու կեանքերէն քաղուած:
Հնազանդութիւնը յիշեցի, սակայն կրնանք բոլոր առաքինութիւններու մասին միեւնոյնը ըսել, եւ տեսնել թէ մեզմէ առաջ սուրբերի ինչէս զանոնք ապրեցան եւ յաղթեցին Չարին:
Այս պահեցողութեան ընթացքին, եկէք խոստովանութեամբ, աղօթքով եւ սուրբերու կեանքերը կարդալով ընթանանք դէպի սրբութիւն, որպէսզի կարենանք տեսնել զԱստուած եւ փառագորել Զինք յաւիտեան. ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ