Որոնել

2025.03.24 Bzommar ricordo dI Padre Antranik Granian

Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի հոգւոյն ի հանգիստ` հոգեհանգստեան

Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ ՀԿՄ- Զալքայի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 23-րդ ամեակի առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 23 Մարտ 2025-ի, կէսօրուայ ժամը 12-ին, Զմմառու մայրավանքի միաբաններու դամբարանին մէջ, ՀԿՄ-ի հիմնադիր` Հանգուցեալ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի հոգւոյն ի հանգիստ` հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց` միութեան նախկին հոգեւոր վարիչ եւ այժմու` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ` Գեր. Կարապետ Վրդ. Գլընճեան։

Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ ՀԿՄ- Զալքայի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 23-րդ ամեակի առթիւ։

Արարողութենէն ետք` ՀԿՄ-ի 35-հոգինոց անդամները հանդիպում ունեցան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերապայծառ .Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանին հետ, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, ՀԿՄ-ի հոգեւոր վարիչ` Գեր. Լեւոն Վրդ. Ստեփանեան ներկայացուց միութեան ապագայ ծրագրերն ու հեռանկարները։

Այնուհետեւ միութեան հրամանատար` Ընկ. Զաքար Զաքարեան խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ` Մեծաւոր Հօր նուիրեցին ձեռքի գործով պատրաստուած` միութեան փայտեայ զինանշանը։

Մեծաւոր հայրը իր հերթին անդամներուն իր ցուցմունքներն ու յորդորները փոխանցեց եւ իր նեցուկն ու աջակցութիւնը ի սպաս դրաւ ՀԿՄ-ի տրամադրութեան տակ, ըսելով " Զմմառը ձեր տունն է եւ մենք միշտ պատրաստակամ ենք ձեր կողքին յայտնուելու եւ ձեզ ընդունելու ձեր տունը` Զմմառ"։

Ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը եւ յիշատակի լուսանկարով վերջ գտաւ` Գերյ. Անդանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի յիշատակին նուիրուած օրը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2025, 07:45