Կարդինալ Քովաքատ. Պուտիսթներու հետ միասին` ճամբորդութեան ընկերներ խաղաղութեան ուղիին վրայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քամպոճայի մայրաքաղաք՝ Ֆնոմ Փենի մէջ սկսաւ Քրիստոնեաներու եւ Պուտիսթներու միջեւ 8-րդ զրոյց-հանդիպումը, որ միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւոր միջոցառում մըն է ու պիտի տեւէ մինչեւ 29 մայիս։
Կազմակերպութեամբ Միջ կրօնական վերատեսչութեան, համագործակցութեամբ համալսարաններուն ու Պուտիսթ վանականներուն զրոյց հանդիպումին իրենց մասնակցութիւն բերին երկու կրօններու աւելի քան 150 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին Ասիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն պատուիրակութիւնները։
Քրիստոնեաներու եւ Պուտիսթներու միջեւ այս տարուան հանդիպումին նիւթը՝«Պուտիսթներն ու քրիստոնեաները միասին կ՝աշխատին խաղաղութեան համար, ներդաշնակութեան եւ տոկունութեան միջոցաւ» կ՝ընդգծէ խաղաղութեան համար համատեղ նուիրուածութիւնը։
Միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Ճորճ Ժաքոպ Քուվաքատ իր արտասանած ելոյթին մէջ ընդգծեց, թէ ինչպէս ներդաշնակութիւնն ու տոկունութիւնը հիմնարար արժէքներ են, որոնք արմատաւորուած են համապատասխան հաւատքներուն մէջ եւ ունակ են կառուցելու երկարատեւ խաղաղութիւն։
«Մեր հանդիպումին կեդրոնը կան երկու հոգեւոր գանձեր, ներդաշնակութիւնն ու տոկունութիւն, որոնք խորապէս արմատաւորուած են մեր համապատասխան հաւատքներուն մէջ ու ի վիճակի են կառուցելու եւ զօրակցելու երկարատեւ խաղաղութիւն» ըսաւ Ծիրանաւորը նկատել տալով նաեւ թէ, որքան հիմնարար է պատմական այս ժամանակաշրջանին մէջ՝ ուր կը գերիշխէ հսկայական չարաշահումները վկայել կրօնի ամոքիչ ուժի մասին՝ ի շահ այն աշխարհին, որ անհանգիստ է։
Աղքատներուն, գաղթականներուն, տեղահանուածներուն, մերժուածներուն աղաղակներուն, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան ուժեղացման եւ մարդկային արժանապատուութեան քայքայման նկատմամբ լռութիւնն ու անտարբերութիւնը մեզմէ կը պահանջեն կարեկցանքի եւ բարոյական պարտականութեան վրայ հիմնուած արձագանգ, ըսաւ միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսուչը աւելցնելով «Մենք յոյսէ եւ հարստութիւններէն զրկուած չենք այդ կոչին պատասխանելու համար։ Մեր քննարկումները արժէքաւոր հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռեն լսելու և ուժեղացնելու խաղաղութեան կառուցման դրական պատմութիւններ։ Մեր հոգևոր աւանդութիւնները կը պարգեւեն և՛ տեսլական, և՛ առաքելութիւն. անոնք մեզ կը յորդորեն մերժելու անտարբերութիւնը և ստանձնել խաղաղութիւն կառուցելու դժուար գործը»։
Նշենք թէ Փնոմ Փենի առաքելական տեղակալ, գերպ Օլիվիէ Շմիլհասլէր, իր ողջոյնի խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց այս միջոցառումին համար, «որ պիտի յիշուի Քամպոտճիայի փոքրիկ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ