Որոնել

2025.05.23 Festa di Santa Rita a Kessab - Siria

Հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ

«Սրբուհի Ռիթայ Քաշիացին ՝ Խաղաղութեան ու Ներողամտութեան Աստուածային Օրինակ»։

Հինգշաբթի, 22 մայիս, 2025 թուականին. սքանչելագործ Սրբուհի Ռիթայի Քաշիացիի (1381-1457) տօնին առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ զոհին, ներկայ էր եկեղեցւոյ դասին մէջ, Հոգեշնորհ Հայր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեանը, Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ։

Սուրբ գրային ընթերցումներէն յետոյ, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ընդգծեց Սրբուհի Ռիթայի կեանքին գլխաւոր դէպքերը՝ հոգեւոր իմաստներով լեցուն։

Հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ
Հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ

Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ.

«Սիրելի՛ Ռիթայասէր Քոյրեր եւ Եղբայրներ,

Սքանչելագործ Սրբուհի Ռիթայ Քաշիացին կը համրուի տիեզերական եկեղեցւոյ ամենասիրուած սրբուհիներէն մէկը։ Ան համբերութեան, նուիրումի եւ ներողամտութեան փայլուն օրինակ մըն է։

Այսօր մեր սրտերը կը լեցուին խաղաղութեամբ ու յոյսով, որովհետեւ կը յիշենք սրբուհի մը, որուն կեանքը՝ լոյս դարձաւ մթութեան մէջ։

Սրբուհի Ռիթան ծնած է 1381-ին՝ Իտալիոյ Քաշիայ քաղաքին մէջ։ Իր ծնողները երկար տարիներ զաւակ չէին ունեցած, ուստի Ռիթայի ծնունդը Աստուծոյ պարգեւը նկատուեցաւ։

Սրբուհի Ռիթան խաղաղութեան սերմանողն էր՝ համբերութեան ու ներողամտութեան կենդանի վկայ։

Անոր մանկութիւնը եւ ամուսնութիւնը լի էին փորձութիւններով։ Ամուսնացած էր բռնի եւ դաժան մարդու մը հետ, սակայն իր աղօթքով, սիրով ու հաւատքով՝ յաջողեցաւ փոխել անոր սիրտը։

Իր սէրը այնքան խորն էր, որ երբ ամուսինը սպաննուեցաւ, Սրբուհի Ռիթան չթողուց, որ վրէժխնդրութիւնը թափանցէ իր զաւակներու սրտերը։ Ան աղօթեց, որ իր որդիները մահանան՝ նախքան մարդասպան դառնալը, որպէսզի չմեղանչեն։

Ի՞նչ անհուն հաւատք եւ նուիրում։

Հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ
Հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ

Տասնըութը տարիներու ընթացքին, Սրբուհի Ռիթան եղաւ սիրոյ եւ համբերութեան մարմնաւորումը։

Մարդկային բոլոր դռները փակուած էին իր դէմ, բայց հրաշքով ընդունուեցաւ Օգոստինեան միաբանութիւնը եւ ամբողջ հոգիով նուիրուեցաւ Քրիստոսին։

Ան երեք անգամ մերժուեցաւ միաբանութեան կողմէ, որովհետեւ այրի էր։ Բայց Աստուած, որուն ճամբաները խորհրդաւոր են, հրաշքով բացաւ դուռ մը։ Կ՚ըսուի թէ՝ գիշերով հրեշտակներու օգնութեամբ, մուտք գործեց վանքը։

Իր վանական կեանքին ընթացքին, Սրբուհին յատկանշուեցաւ խոնարհութեամբ, ծոմապահութեամբ ու Քրիստոսի չարչարանքներուն խոր զգացումով։

Ճակատին ունեցած վhրքը՝ Քրիստոսի փշեայ պսակի խորհրդանիշ, ուղեկցեց զինքը 15 տարի՝ ցաւով, բայց նաեւ սիրով լեցուն։

Այսօր, երբ աշխարհը լեցուած է ատելութեամբ, վրէժով ու անհանդուրժողութեամբ, Սրբուհի Ռիթան կը յիշեցնէ մեզի, թէ կայ ուրիշ ճամբայ մը՝ սիրոյ եւ խաղաղութեան ճամբան։

Ճամբայ մը՝ դժուար, բայց միակ ճամբան՝ որ կը տանի Աստուծոյ ներկայութեանը։

Հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ
Հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ

Սրբուհի Ռիթան մեզի կը սորվեցնէ, թէ նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն, կարելի է սիրել, ներել եւ խաղաղութիւն սփռել։

Անոր կեանքը պատգամ մըն է՝ երբեք չկորսնցնել յոյսը եւ հաւատալ Աստուծոյ զօրութեանը՝ նոյնիսկ խաւարի մէջ։

Այսօր խոնարհաբար կու գանք Սրբուհի Ռիթայի նկարին առջեւ՝ Սրբուհի մը, որուն կեանքը դարձաւ փարոս՝ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՚անցնին ցաւի, վշտի եւ փորձութիւններու ճամբով։

Սիրելի՛ Ռիթայասէրներ, թող Սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութեամբ մեր սրտերուն մէջ ծնին քաղցրութիւնը, մեր տուներուն մէջ՝ խաղաղութիւնը, եւ մեր աղօթքներուն մէջ՝ խոնարհութիւնը։

Թող Ան մեզ օգնէ որպէսզի սիրոյ եւ համբերութեան գործիքներ դառնանք այս տարապեալ աշխարհին մէջ։

Եկէ՛ք այս օրը միասին աղօթենք Սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութեամբ, որ մեր սրտերը լեցուին խաղաղութեամբ, մեր ընտանիքներուն մէջ տիրէ համերաշխութիւն, եւ մեր կեանքը դառնայ սիրոյ եւ համբերութեան խոնարհ վկայութիւն։

Թող Սրբուհի Ռիթան իր մայրական աղօթքներով միշտ միջնորդ ըլլայ ձեր ընտանիքներուն, Ձեզի շնորհէ առողջութիւն եւ յաջողութիւն, ներքին խաղաղութիւն եւ ամենայն բարիք։ Թող Սրբուհի Ռիթան բարեխօսէ մեզի համար»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ վարդերու օրհնութեան կարգը, ապա՝ հաւատացեալներու հետ միասին թափոր կազմուեցաւ Սրբուհի Ռիթայի մասունքով՝ եկեղեցւոյ բակէն ներս:

Հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ
Հրաշագործ Սրբուհի Ռիթայի տօնը Քեսապի մէջ

ԱՂՕԹՔ ԱՌ ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻ ՔԱՇԻԱՑՒՈՅՆ

Պսակիչ սրբոց Քրիստոս, որ պսակես զսուրբս քո, եւ առնես զկամս երկիւղածաց քոց, եւ նայիս սիրով եւ քաղցրութեամբ յարարածս քո, լուր մեզ յերկնից ի սրբութենէ քումմէ, բարեխօսութեամբ սուրբ Աստուածածնին եւ աղաչանօք ամենայն սրբոց քոց, մանաւանդ սրբուհի Ռիթայի Քաշիացւոյն, որոյ այսօր է յիշատակ։ Լուր մեզ Տէր եւ ողորմեա, ներեա, քաւեա եւ թող զմեղս մեր։ Արժանաւորեա գոհութեամբ փառաւորել զքեզ ընդ Հօր եւ ընդ Սուրբ Հոգւոյդ. Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։

 

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն՝

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2025, 07:40