Որոնել

Կազա Կազա  (MAHMOUD ISSA)

Կազայի ժողովրդապետը. Կազայի մէջ յոյսը կը մարի, ժողովուրդը ինքզինք լքուած կը զգայ

Կազայի Սուրբ Ընտանիքի եկեղեւոյ ժողովրդապետը դատապարտեց այն իրողութիւնը, որ երեք ամիսներէ ի վեր Կազայի մէջ օգնութիւն չհասնիր Իսրայէլեան բանակի կողմէ փակուած ըլլալու պատճառաւ։ Կազայի քրիստոնեայ փոքրիկ հասարակութիւնը ապաստան գտնելով ժողովրդապետութեան մէջ կը շարունակէ դիմադրել եւ աղօթել։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Վատիկան Նիւզ» ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Կազայի ժողովրդապետ, հայր Կապրիէլ Ռոմանելլի, մեծ յուզումով իր մտահոգութիւնը յայտնեց Կազայի մէջ ներկայ իրավիճակին գծով, յոյս յայտնելով, որ ժողովուրդը չյուսահատի հակամարտութեան պատճառած աւերածութիւններուն եւ զրկանքներուն մէջ։

«Սնունդի, խմելիք ջուրի, դեղերու պակասէն եւ մեր անվտանգութեան սպառնացող վտանգէն զատ  ես աւելիով մտահոգուած են, որ յոյսը չկորսուի» ըսաւ Կազայի ժողովրդապետը ու յիշեց Քրիստոնեայ համայնքը, որ գրեթէ 20 ամիսներէ աւելի ապաստան գտած է ծխական համալիրին մէջ փորձելով դիմադրել եւ  Յարութեան վկան ըլլալ,  հակառակ՝ Իսրայէլի կողմէ շրջափակումին եւ երեք ամիսներէ ի վեր արտաքին օգնութեան պակասին։

Սնունդի, ջուրի, դեղորայքի պակասը կեանքը չափազանց դժուարութեան մատնեց։ Պաշարները գրեթէ սպառուած են, փոխանցիկ հիւանդութիւններուն վտանգը լուրջ է։ Իրավիճակը, լքուածութեան, անորոշութեան զգացում կ՝առաջացնէ բնակիչներուն միջեւ, որոնք ապաւինած են հաւատքի եւ Աստուծոյ, ըսաւ Հայր Կապրիէլէ։

Կազայի ժողովրդապետը  ապա նկարագրեց, թէ ինչպէս հակառակ յաճախակի պայթուններուն եւ  ռումբերուն բեկորներուն առկայութեան, մարդիկ վարժուած են բռնութեան ու կը շարունակեն ապրիլ եւ աղօթել նոյնիսկ սպառնալիքներուն ներքեւ։ Բնականոնը խառնուած է սարսափին հետ, եւ համատեղ աղօթքը յոյսի եւ դիմադրութեան ժեսթ դարձաւ» ըսաւ  Հայր Կապրիէլ ու ջերմութեամբ յիշեց ֆրանչիսկոս Պապին անցեալին՝ իրիկունները կատարած հեռախօսազրոյցները, «որոնք անգնահատելի մխիթարութիւն էին եւ կ՝ընդգծէին թէ ինչպէս Պապին ներկայութիւնը, նոյնիսկ հիմա՝ Լեւոն ԺԴ.ի հետ կը շարունակէ խրախուսել եւ ամրապնդել կաթողիկէներուն, ուղղափառներուն եւ մահմետականներու միջեւ միութեան զգացումը»։

Ի վերջոյ Հայր Կապրիէլէ շնորհակալութիւն յայտնեց նոր Պապին խաղաղութեան խօսքերուն համար՝ հրաւիրելով բոլորը աղօթելու Նոր Քահանայապետին ընդգծելով որ ըլլայ Եկեղեցին, մասնաւորապէս ըլլայ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, նման դժուար պահերուն հայրական եւ աջակից դէմքեր են, որոնք կ՝ամրապնդեն դիմադրելու եւ խաղաղ ապագային յոյսը կենդանի պահելու փափաքը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2025, 07:11