Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (51)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի կեանքին ու գործունէութեան:

ԾԱ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Հայրապետի կեանքին ու գործունէութեան:

 

Հայ եկեղեցին խորին յարգանք կ'ընծայէ Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Կաթողիկոսի յիշատակին: Արդարեւ, Գրիգոր Բ. Վկայասէրին մահէն ետք, Հայոց կաթողիկոսական գահաթոռին կը բազմի Պահլաւունիներու տոհմէն՝ Բարսեղ Ա. Անեցին, 1105 թուականէն առ 1113 թուականը: Ան կը վախճանի Երուսաղէմ ուխտագնացութեան ճանապարհին։ 1113 թուականին, Գրիգոր Վկայասէրի քրոջ որդի Գրիգոր Գ.ը` Կաթողիկոս կ'օծուի, որ «տղայ հասակաւ` ԺԵ ամաց» էր: Ան Ներսէս Շնորհալիի աւագ եղբայրն ըլլալով՝ կրթական դաստիարակութիւնը կը ստանայ Բարսեղ Անեցի Կաթողիկոսէն, Կիլիկիոյ Սեւ լեռան Կարմիր վանքին մէջ: Ան թէեւ երիտասարդ տարիքին կաթողիկոս կ'օծուի, սակայն անոր գործերը ցոյց կու տան, թէ ան չափահաս ու փորձառու անձ մըն էր: Շնորհալի զայն բնութագրած  է իբրեւ «բազմաբեղուն շնորհիւ լցեալ» անձ մը: Ան բազմաթիւ թարգմանութիւններ ըրած է, Գրիգոր Բ. Վկայասէրին հսկողութեան տակ եւ այդ պատճառով ալ կոչուած է «փոքր վկայասէր»:

Գրիգոր Բ.  Վկայասէրին հետեւելով՝ յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով  գրուած սուրբերու վարքերը թարգմանած է հայերէնի, որպէսզի անոնք կարդացուին սուրբերու նախատօնակին. «Սա բազում ճառս սուրբ մարտիրոսաց, է՛ր որ ի Յունաց եւ է՛ր որ յԱսորաց, ի Հայս թարգմանեալ, որ եւ այժմ ընթեռնուն յեկեղեցի... : Գրիգոր Գ. Հայրապետը թէ՛ Հայաստանի և թէ՛ Կիլիկեան բարձունքներուն մէջ՝ կը համարուէր «ըստ մարմնոյ ազգէ սուրբ Լուսաւորչի»: Ինքը` Գրիգոր Գ. Կաթողիկոսը 1113 թուին, ինքզինք կ'անուանէր «ըստ աշխարհի պարթեւ… ազգէ Արշակունի», որ բազմած է «ի բնիկ աթոռն հայրապետութեան նախնեաց իմոց»: Գրիգոր Գ. Կաթողիկոս հռչակաւոր  էր իր գրական գործունէութեամբ, ան գրած է բազմաթիւ շարականներ, տաղեր եւ այլ գործեր: Անոր յօրինած Ջրօրհնէքի եւ Ոտնլուայի շարականները ձայնագրուած են մեծն Կոմիտասի կողմէ: «Արծաթէ դարուն» ընթացքին, բարեջան Հայրապետը իր եղբօր՝ Ներսէս Շնորհալիին եւ Ներսէս Լամբրոնացիին հետ, կը ծաղկեցնէ Կիլիկիոյ գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը: Բացի այդ, 1139-1141 թուականներուն Հռոմի Պապին նախաձեռնութեամբ՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունին կը մասնակցի Անտիոքի և Երուսաղէմի եկեղեցական ժողովներուն: Գրիգոր Պահլաւունի Կաթողիկոս իր գահակալութեան վերջին տարիներուն, 1165-ին, Բիւզանդիոնի Մանուէլ Ա. կայսեր հետ եկեղեցիներու միութեան նպատակով բանակցութիւններ կը վարէ. բան մը, որ կը շարունակուի նաեւ իրմէ ետք: Լեւոն թագաւորին գերութենէն ետք, Հայկական կաթողիկոսութիւնը կը կորսնցնէ իր վահանը: Յոյներն ալ թիկունք չեն կանգնիր Հայերուն: Այս պայմաններուն մէջ, Գրիգոր Գ. Հայրապետ կը դիմէ Լատիններու օգնութեան: Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Հայրապետը 53 տարի  կը գահակալէ և կը վախճանի 1167-ին: Անոր գերեզմանը կը գտնուի իր կառուցած Հռոմկլայի կաթողիկոսարանին մէջ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2025, 07:57