ԽԱՉԻ ԻՄԱՍՏԸ - Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Յաճախ կը լսենք մարդիկ որոնք կը խօսին իրենց վիշտերուն ու ցաւերուն մասին. «Ինչո՞ւ Տէր կը տառապինք» հարցնելով:
Տառապանքն ու ցաւը խորհուրդներ են՝ շատ յաճախ անհասկնալի է մարդկային միտքին: Որպէսզի կարենանք հասկնալ տառապանքը, պէտք է առաջին հերթին խորհրդածենք Քրիստոսի խաչին մասին: Խաչելութենէն առաջ, Յիսուս աղօթելով Հօր Աստուծոյ ըսաւ.« Եւ հիմա, ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի» (Յովհ. 17:5): Հոս կը տեսնենք, որ Յիսուս կամաւորաբար դէպի խաչելութիւն կ'երթայ, եւ զայն կը կոչէ «Փառաւորութիւն»: Այս փառքը միայն Յիսուսի փառքը չէր, այլ նաեւ Հօրը. որովհետեւ խաչելութենէն առաջ, նոյնիսկ հրեաները չճանչցան զինք: Իսկ իր խաչելութեամբ, աշխարհը գիտցաւ Իր ով ըլլալը:
Յաճախ կը խօսինք Քրիստոսի հանդէպ ունեցած մեր սիրոյ մասին, սակայն մեր մտքերէն կը վրիպի, որ միակ միջոցը որով կրնանք փաստել մեր ունեցած սէրը Անոր հանդէպ, խաչին հանդէպ ունեցած մեր կեցուածքն է: Կը պատմուի, որ ժամանակակից օրթոտոքս սուրբերէն՝ Ս. Փայիսիոս, օր մը աղօթած ատեն այցելութիւն կունենայ 5րդ դարու սրբուհի Էֆիմիայի կողմէ: Երբ սրբուհին կը սկսի պատմել իր տառապանքներուն եւ կրած չարչարանքներուն մասին, սուրբ Փաիոսիոս զարմացած կը հարցնէ- «Ինչպէ՞ս դիմացար այս անտանելի տանջանքներուն». եւ սրբուհին կը պատասխանէ.«Եթէ գիտնայի ինչպիսի փառք կը սպասէ ինծի երկնքի մէջ, աւելի պիտի ուզէի տառապիլ Քրիստոսի համար»:
Ներկայիս մարդկութիւն կորսնցուցած է քրիստոնէութեան իմաստը: Աշխարհն է, որ մարդուն կը թելադրէ, թէ ինչպէս ան պէտք է ապրի որպէս Քրիստոնեայ: Կեանքի իմաստն ու նպատակը երկինք չէ այլեւս, այլ ներկայ կեանքը: «Ի՞նչ ընեմ, որպէսզի այս աշխարհի շահիմ» է մարդուն գլխաւոր նպատակը: Այլեւս երկինքն ու յաւիտենականութիւնը ոչ մէկ գրաւչութիւն ունին մարդուն համար: Եկեղեցի կու գանք եւ կ'աղօթենք այս աշխարհի մէջ հարստութիւն եւ հանգիստ ունենալու համար: Ներկայ կեանքն է մեր նպատակը եւ ապրելու իմաստը: Անշուշտ սատանան այնքան կուրցուցած է մեր մտքի աչքերի, որ նոյնիսկ կարող չենք տեսնելու մեր սխալը: Մարդը կարող չէ տեսնելու, որ իր այս ընթացքով ան ոչ թէ այս աշխարհը, այլեւ յաւիտենականութիւնն է որ կը կորսնցնէ:
Այս բոլորը արդիւնք են Քրիստոսէ եւ իր սուրբերէն մեր անջատուած ըլլալուն: Երբ մեր տառապանքի իմաստը կը փնտռենք, երբեք չենք նայիր Քրիստոս եւ կամ անոր սուրբերուն: Սուրբերու կեանքը կը կարդանք այնպէս ինչպէս հեքեաթ մը պիտի ընթերցէինք: Անոնց հոգեւորութիւնն ու ապրելակերպը գրեթէ չեն հետաքրքրեր մեզ: Սակայն եւ այնպէս անոնք են մեր կեանքերը դէպի երկինք առաջնորդող փարոսները: Երբ հարց տանք. «Ինչո՞ւ Տէր այս տառապանքն ու ցաւը», պէտք է նայինք մեր նախնիներուն: Անոնք եւս ապրեցան մեզի նման եւ սակայն հնազանդելով քրիստոսի պատուիրաններուն , յաղթեցին աշխարհին եւ Չարին:
Մենք մինակ չենք: Տէր Յիսուս ըսաւ. « Ահա Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ կատարածը աշխարհի»: Ան նաեւ մեզի տուաւ եկեղեցին եւ սուրբերը, որպէսզի մեզ օգնեն մեր պայքարին մէջ: Աղօթենք անդադար հայցելով սուրբերու բարեխօսութիւնը, եւ յատկապէս ամենասրբուհի կոյս Մարիամի աղօթքներ: Եւ Աստուած պիտի տայ մեզի հասկացողութիւն, որպէսզի կարենանք տեսնել փառքը խաչի ընդմէջէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ