Երուսաղէմի Եկեղեցիներու առաջնորդները դատապարտեցին Թայպէի քրիստոնեաներուն դէմ ոտնձգութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Մենք՝ Երուսաղեմի պատրիարքներն ու եկեղեցիներու ղեկավարներս, մեր խոր մտահոգութիւնն ու անսասան դատապարտումը կ՛արտայայտենք այսր յորդանանի քրիստոնեայ Թայպէ քաղաքի դէմ ուղղուած այլ մէկ բռնի յարձակման ի տես։ Մի քանի մեքենաներ հրկիզուած են, և ատելութեամբ լի գրութիւններ արձանագրուած պատերու վրայ։ Այս մէկը Քրիստոսի երկրին մէջ արմատներ ունեցող խաղաղ և հաւատարիմ համայնքի դէմ ուղղուած սպառնալիքի անվիճելի արարք է»։ Այս կը կարդանք Սուրբ Երկրի Լատին Պատրիարքութեան կայքէջին մէջ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, որով դատապարտում կ՛արտայայտուի քրիստոնեայ համայնքին դէմ իսրայէլացիներու կողմէ կատարուած յարձակումին համար, որ առաջինը ու վերջինը չէ։
Վերոնշեալ Եկեղեցապետերը ապա իրենց ցաւը կ՛արտայայտեն իսրայէլացի ոստիկանութեան տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան ի տես, որուն մէջ իրականութիւնը խեղաթիւրուած է ու անտեսուած են «համակարգուած սպառնալիքի և բռնութեան լայն ոլորտները»:
«Այս բացթողումները կը խեղաթիւրեն ճշմարտութիւնը և չեն լուծեր միջազգային մարդասիրական իրաւունքի և մարդու իրաւունքներու խախտումները, որոնց շարքին կրօնական ազատութեան իրաւունքը և մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը» կը գրեն Երուսաղեմի պատրիարքներն ու եկեղեցիներու ղեկավարները, որոնք ապա մտահոգութիւն կ՜արտայայտեն իրավիճակին ի տես ու կոչ կ՛ուղղեն Իսրայէլի կառավարութեան գործելու «բարոյական թափանցիկութեամբ ու յանձնառութեամբ» որպէսզի «անյապաղ պատասխանատուութեան ենթարկէ յանցագործութիւններուն պատասխանատուները», «ապահովէ Թայպէի բնակչութեան և բոլոր խոցելի համայնքներուն արդիւնաւէտ և հետևողական պաշտպանութիւնը» եւ «յարգէ միջազգային իրաւունքի համաձայն ստանձնած պարտաւորութիւնները, հաւասարութիւն ապահովելով օրէնքի առջև»։
Պատրիարքներն ու առաջնորդները ապա շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր դիւանագիտական առաքելութիւններուն ու միջազգային գործընկերներուն, որոնք այցելեցին Թայպէն, առ ի զօրակցութիւն անոր բնակչութեան, անոնցմէ խնդրելով որ շարունակեն իրենց այդ աջակցութիւնը` ի նպաստ արդարութեան մէջ արմատացած խաղաղութեան մը ձեռքբերումին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ