Որոնել

Սուրբ Ընտանիքը Սուրբ Ընտանիքը 

«Քրիստոնեան եւ Ընտանիքը» Հայր Գէրոգ եպիս Աստատուրեան

Մեծ կարեւորութիւն տանք մեր ընտանիքին, ձգտինք իւրաքանչիւր անդամի սրբութեան... Մեր տան ամենագեղեցիկ եւ կարեւորագույն իրականութիւնը խաչելութիւնը ըլլալու է. ամենակարեւոր տեղը զետեղելու է զայն, որպէսզի հսկէ մեր տան բոլոր բնակիչներուն վրայ եւ իւրաքանչիւրիս տայ իր օրհնութիւնը...

«Ընտանիքը սրբութեան դպրոց մըն է, հոն՝ զաւակները կը գտնեն բարի օրինակը որուն կը հետեւին կեանքին բոլոր օրերուն: Աղօթքը եւ ընտանիքին սրբութիւնը կարեւոր են որպէսզի իւրաքանչիւրը կարենայ հասնիլ իր վերջին նպատակին՝ երկինք» (Յովհաննէս- Պօղոս Բ.):

Համայն աշխարհը ծունկի կու գայ ընտանիք բառին առջեւ։ Ոմանց համար պետութեան պատիւն է, իսկ ուրիշներուն՝ մեծագույն խնդիրն է հասարակութեն:
Յովհաննէս Պօղոս սրբազան քահանայապետը կ'ըսէր, թէ ընտանիքը սրբութեան դպրոց մըն է. բայց ինչպէս հասնելու է սրբութեան քանի աշխարհիս մարդկութիւնը կախում ունի այս սրբութենէն:

Աստուած տեսաւ, որ Ադամը առանձին էր եւ չէր կրնար առանձին մնալ. ուստի իրեն տուաւ Եւան, որպէսզի միասին կազմէն նոր բոյն մը, ընտանիքը... Յիսուս ալ սկսաւ իր հրաշքներուն առաջինը Կանայի հարսանիքի ժամանակ, որով ուզեց մեծ կարեւորութիւն տալ ամուսնութեան խորհուրդին իր առաքելութեան առաջին օրերուն:

Եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն կու տայ ամուսնութեան խորհուրդին, որովհետեւ ասկէ կու գայ հասարակութեան ճակատագիրը։
Այնպիսի աշխարհի մը մէջ կ'ապրինք ուր այլեւս կարեւորութիւն չի տրուիր ընտանիքին. չենք արժեւորեր ընտանիքին գեղեցկութիւնը, զաւակ ունենալու հարստութիւնը, որովհետեւ հեռացանք խորհուրդի հոգեւոր իմաստէն... Այլեւս չենք հասկնար թէ այդ ընտանիքը, որ իր քրիստոնէական հաւատքը կ'ապրի եւ Սուրբ Աւետարանի խօսքերուն կը հետեւի՝ միմիայն սրբութեան օրինակը կրնայ տալ:
Երբ զոյգը կը սրբանայ, կը ջանայ իրեն հետ սրբացնել ուրիշները, նոյնպէս բարի օրինակի ուժը կ'արժէ շատ մը քարոզներ, կարգ մը կրօնական երեւոյթները կը զօրացնեն համայն աշխարհը՝ քրիստոնէացնելու։

Ճոնսընը կ'ըսէր՝ եթէ օր մը կ'ուզես քու կեանքիդ ժապաւէնը դիտել, պիտի նշմարես թէ ամենաերջանիկ պահերը եղած են երբ ընտանիքիդ եւ զաւակներուդ հետն էիր... Կեանքի ընթացքին շատ մը փոփոխութիւններու կ'ենթարկուինք, բայց ընտանիքը կը մնայ առաջնահերթը մեր կեանքին...
Մեծ կարեւորութիւն տանք մեր ընտանիքին, ձգտինք իւրաքանչիւր անդամի սրբութեան... Մեր տան ամենագեղեցիկ եւ կարեւորագույն իրականութիւնը խաչելութիւնը ըլլալու է. ամենակարեւոր տեղը զետեղելու է զայն, որպէսզի հսկէ մեր տան բոլոր բնակիչներուն վրայ եւ իւրաքանչիւրիս տայ իր օրհնութիւնը...
Որպէսզի կարենանք խաղաղութեամբ ապրիլ մեր ընտանիքներու մէջ, պէտք ենք միշտ աղօթել որպէսզի բարի Քրիստոսը մեզ պահէ հաւատքին մէջ, կեանքի նիւթականութենէն հեռու, եւ միմիայն հոն է որ պիտի գտնենք որ իսկապէս կը ձգտինք սրբութեան, այսպէսով իրականացած կ'ըլլայ Վատիկանեան Բ. Ժողովին կոչը...

Թող սէրը ամրացնէ մեր մէջ ամուսնութեան խորհուրդի շնորհքը, աւելի զօրաւոր դարձնէ կեանքի բոլոր տկարութիւններուն ու դժուարութիւնններուն դիմաց որոնք մեր ընտանիքին կը հանդիպին։

Ո՜վ Աստուած, կը խնդրենք որ երկրի վրայ համայն պետութիւններու մէջ, Եկեղեցին կարենայ իր առաքելութիւնը պտղաբեր դարձնել ընտանիքի միջոցաւ... Դուն որ կեանք, ճշմարտութիւն եւ սէր ես:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2025, 09:33