Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (56)
ԾԶ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք յիշատակարանի մը բովանդակալից գրուածքին:
1458 թուին, Յակոբ գրիչը Աղթամարի մէջ պատրաստուած Մաշտոցի մը յիշատակարանին մէջ կ'ըսէ՝ թէ, «Մաշտոց մատեանը հիմն է հաւատոյ քրիստոնէից եւ հաստատութիւն կարգաց եկեղեցւոյ»: Արդարեւ, սուրբ Խորհուրդները հիմնական տեղ կը գրաւեն Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոց ծիսարանին մէջ, որոնք կը սկսին մարդուն հոգեւոր ծնունդով, Մկրտութեամբ և դրոշմով, և կ'աւարտին հիւանդաց օծումով, որ մարդը կը պատրաստէ իր վերջին ուղեւորութեան, տալով անոր հոգեւոր թէ մարմնաւոր կորովը այդ վերջին հանգրուանը կատարելու, զինուած յոյսով և վստահութեամբ՝ Աստուծոյ ողորմութեան հանդէպ:
Առաջին չորս խորհուրդները՝ Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն և Հաղորդութիւն, անհրաժեշտ և հրամայական պարտականութիւններ են իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար. իսկ պսակն ու ձեռնադրութիւնը կամաւոր են: Այսպէս, ինչպէս Յակոբ գրիչը կ'ըսէ. Մկրտութեամբ, դրոշմով և Ս. Հաղորդութեամբ քրիստոնեայ կեանքին նախահիմերը կը դրուին:
Ս. Մկրտութիւնը նախահիմն է քրիստոնեայ ամբողջ կեանքին և դուռը որ կը բանայ միւս սուրբ խորհուրդներուն: Մկրտութիւնը Աստուծոյ պարգեւերուն գեղեցկագոյնն ու սքանչելագոյնն է: Զայն կը կոչենք պարգեւ, շնորհք, օծում, լուսաւորութիւն, անապականութեան զգեստ, աւազան վերստին ծննդեան, կնիք և ամենաթանկագին բանը: Ան պարգեւ է, որովհետեւ տրուած է անոնց որոնք իրենց կողմէ ոչինչ կը բերեն: Շնորհք է, որովհետեւ տրուած է նոյնիսկ յանցաւորներուն: Մկրտութիւն է, որովհետեւ մեղքը կը թաղուի ջուրին մէջ: Օծում է, որովհետեւ նուիրական և արքայական է (Ինչպէս անոնք որ օծուած են): Լուսաւորութիւն է, որովհետեւ պայծառ լոյս է:
Զգեստ է, որովհետեւ կը սքօղէ մեր ամօթը: Աւազան է, որովհետեւ կը լուայ: Կնիք է, որովհետեւ մեզ կը պահպանէ և Աստուծոյ տէրութեան նշանն է (Գրիգոր Նազիանզացի): Մկրտութեամբ՝ Եկեղեցին մարդիկը կը ներմուծէ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ: Ապաշխարութեան խորհուրդով՝ մեղաւորները կը հաշտեցնէ Աստուծոյ և Եկեղեցւոյ հետ: Հիւանդներու օծումով՝ կը մխիթարէ ցաւատանջները: Մերօրեայ Քրիստոնէականը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Սուրբ Խորհուրդները արդիւնագործ նշաններն են շնորհքին. հաստատուած են Քրիստոսէն եւ յանձնուած՝ Եկեղեցւոյ: Անոնցմով մեզի կը բաշխուի աստուածային կեանքը (Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական, 1131):
Յատկապէս սուրբ Պատարագին ակնարկելով, պէտք է նշենք որ Եկեղեցւոյ ամբողջ կեանքը՝ կը դառնայ սուրբ Պատարագի և Ս. Հաղորդութեան շուրջ: Սուրբ Պատարագը Եկեղեցւոյ մեծագոյն գանձն է, անոր Պաշտամունքի կեդրոնական մասը, անոր սիրտը և այս անգին գանձը յանձնուած է քահանային: Անով նոյն Քրիստոսն է՝ որ կը մատուցանէ և կը մատչի, կը պատարագէ և կը պատարագուի, կը բաշխէ ու կը բաշխուի անծախապէս (հմտ. Խորհրդ.): Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան կ'ըսէ. «մատուցուած մէկ Պատարագ՝ նո՛յնքան կ'արժէ, որքան Յիսուսի մահը, խաչին վրայ»:
Իսկ Մեծ Վարդապետը սուրբ Թովմաս Ագուինացին՝ կը շեշտէ. «Ամէն սուրբ Պատարագի մէջ, կը գտնուի այն արդիւնքը զոր Քրիստոս շահեցաւ, Խաչին վրայ զոհուելով. Տէրունական Զոհաբերութեան ամբողջական արդիւնքը՝ կը գտնուի սուրբ Պատարագի Զոհին մէջ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ