Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը գուժէ Զիատ Ռահպանի արուեստագէտին մահը
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը կը գուժէ լիբանանցի մեծ արուեստագէտ Զիատ Ռահպանիին մահը՝ յայտնելով, որ անոր մահով Լիբանան կը կորսնցնէ «հազուագիւտ գեղարուեստական ու մարդկային խիղճ մը, ինչպէս ալ այն ձայնը, որ արձագանգեց ի խնդիր ճշմարտութեան, տառապանքին եւ յոյսին»։
Յատկապէս յիշուած է, թէ «Զիատի մահով կը կորսնցնենք ոչ միայն ստեղծագործ արուեստագէտ մը, այլ նաև կենդանի յիշողութիւնն ու իսկական արձագանգը, որ կ’արտացոլէ այս երկրին իրավիճակը։ Ան գործօն անձնաւորութիւնն էր, բողոքի ձայնն ու պարզ ժողովուրդին խիղճը»։
Նաեւ նշուած է, թէ Զիատ իր ողջ առաքելութեան ընթացքին յօրինած է շարք մը հոգևոր տաղեր ու ստեղծագործութիւններ, որոնք մինչեւ օրս կը հնչեն եկեղեցիներուն մէջ եւ հաւատացեալները կ’երգեն զանոնք:
«Եկեղեցական յօրինումներն ոչ միայն կրօնական ստեղծագործութիւններ են, այլ նաև կը բովանդակեն ամուր հաւատքի և մաքուր արուեստի խոր արձագանգը, որով՝ խօսքը կը հասնէր սրտին, իսկ երաժշտութիւնը՝ հոգիին»։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ ազնուափայլ Տիկին Ֆէյրուզին, հանգուցեալի ընտանիքին և անոր բոլոր սիրելիներուն՝ ընդգծելով, որ «Զիատի արուեստը պարզապէս երաժշտութիւն մը չէր, այլ՝ հաւատքի արարք մը, ցաւին ու յոյսին միջեւ կամուրջ մը»։
Խո՛ւնկ եւ աղօ՛թք անոր հոգիին համար:
Զիատի յիշատակը կը մնայ անթառամ։
Հռոմ, 26 Յուլիս 2025
Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ