Կազայի ողբերգութիւնը. Իսրայէլեան պետութիւնը ոչ արդարանալի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա երեք օրեայ հովուական այցելութիւն կատարեց Կազա, իր մօտիկութիւնը ու մտերմութիւնը յայտնելու համար պատերազմի թիրախ բնակչութեան։
Այցելութեան ծիրէս ներս ծիրանաւորը Սուրբ Պատարագ մատուցեց անցեալ օրերուն, Իսրայէլի կողմէ ռմբակոծումի թիրախ Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան եկեղեցիէն ներս։ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին կարդինալ Փիցցապալլա նկարագրեց Կազայի մէջ քաղաքացիական բնակչութեան ողբերգական վիճակը նշելով, որ անոնցմէ շատեր կ՝ապրին ծովեզերքին վրայ զետեղուած վրաններուն մէջ, կեղտոտ միջավայրի մէջ, պայթումներու հետեւանքով վիրաւորուած եւ կոյրցած մանուկներուն ներկայութեամբ։
Հակառակ այս ցաւալի իրավիճակին, Երուսաղեմի Պատրիարքը նշեց, որ Կազայի բնակչութիւնը ունի ապրելու եւ յոյս ունենալու փափաքը, նոյնիսկ փոքրիկները ու դիտել տուաւ, որ ժողովուրդը արդեն վարժ դարձած է ռմբակոծումներուն զօրաւոր ձայնին, պայթումներու սեւ ամպերուն ու քաղաքայիններուն մեծամասնութիւնը Կազա պիտի մնայ, չնայած Իսրաէլի տարհանման հրամաններուն, որովհետեւ անոնք արմատաւորուած են իրենց հողերուն մէջ ու փափաք ունին վերակառուցելու։
Կարդինալ Փիցցապալլա վստահութիւն յայտնեց, որ Կազայի բնակչութիւնը պիտի շարունակէ իրենց հողերուն վրայ ապրիլ ինչպէս նշած է Լեւոն ԺԴ Պապը։ Ան ապա քննադատեց Իսրայէլեան քաղաքականութիւնը ընդգծելով, որ սա չնշանակեր հրէականութեան եւ Քրիստոնեաներուն դէմ յարձակում, այլ մարդասիրական տագնապ, որ անմիջապէս զինադադար եւ օգնութիւններ կը պահանջէ։
Պատրիարքը վերահաստատեց Պատրիարքութեան եւ Քարիթասի նման կազմակերպութիւններուն յանձնառութիւնը, որոնք կ՝օգնեն ամբողջ բնակչութեան, առանց խտրութիւն կատարելու Կազայի մէջ՝ ըլլայ Քրիստոնեաներուն ըլլայ մահմետականներուն։
Կարդինալ Փիցցապալլա զրոյցը աւարտեց իր ցաւը յայտնելով տառապանքներուն համար մաղթելով, որ ռազմական գործութիւնները շուտով աւարտին ու ընդգծելով Սուրբ երկրի նոր պահակի հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ դիմագրաւելու համար ապագայ մարտահրաւէրները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ